Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ Լիբանանի Ընտանիքը Ձեռնարկեց. Համաշխարհային Վազք` Յանուն «Նայիրի Ճամբար»-ին

September 24, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ կիրակի, առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի ընտանիքը անսաց միութեան համաշխարհային կոչին եւ իր բաժին ներդրումը ունեցաւ Հայաստանի մէջ արցախցի երեխաներուն անվճար ժամանց տրամադրող «Նայիրի ճամբար»-ին աջակցելու գործին մէջ: Հայաստանի եւ սփիւռքահայ համայնքներու նման լիբանանահայերը եւս իրենց նպաստը բերին` մասնակցելով «Համաշխարհային վազք` յանուն Նայիրի ճամբարին» խորագրեալ զուարճալի ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Մարինա Տըպպայէի մէջ:

Շուրջ 250 մասնակիցներ եկան իրենց երեխաներուն ընկերակցութեամբ եւ շուրջ երկու ժամ շարունակ ուրախ մթնոլորտ ստեղծեցին: Իրենց կարգին վազելու եկած էին ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային յանձնաժողովի անդամներ, Կրթական յանձնախումբէն, Կեդրոնական վարչութենէն, Տիկնանց համախումբի եւ ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու շրջանաւարտներու համախմբումի անդամներ:

Հինգ քիլոմեթր երկարող երթուղիի հիմնական նախապատրաստութիւնները արդէն իսկ կատարուած էին նախորդող շաբաթներուն` համագործակցելով Նագգաշի եւ Տըպպայէի քաղաքապետութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան բանակի, ներքին ապահովութեան ուժերու, քաղաքացիական անվտանգութեան ծառայութեան եւ Լիբանանի Կարմիր խաչին հետ, որոնք երաշխաւորեցին ձեռնարկին եւ մասնակիցներուն ապահովութիւնը:

Պէտք է նշել, որ «Նայիրի ճամբար»-ը Հանքաւանի մէջ 2021-ին Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան հիմնած անվճար հաւաքավայրն է, ուր երեխաներուն համար կը կազմակերպուին զուարճալի ժամանց եւ դասընթացքներ: 2020-ի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին փորձառութիւնը վերապրած երեխաներուն ապաքինումը խթանելու համար հիմնուած ճամբարը աւելի ուշ սկսած է նաեւ ամէնամսեայ երկօրեայ հաւաքներ առաջարկել երեխաներուն, ի տես Արցախի բռնի տեղահանումէն ետք Հայաստան ապաստանած քաղաքացիներու կարիքներու աճին:

 

Նախորդը

«Եու. Էֆ. Սի.» Ծառուկեան Եւ Ռուֆի Պէտք Է Դադար Առնեն

Յաջորդը

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Սաքաֆի Հերի

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Սաքաֆի Հերի
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Սաքաֆի Հերի

September 24, 2026
«Եու. Էֆ. Սի.»  Ծառուկեան Եւ Ռուֆի Պէտք Է Դադար Առնեն
Մարզական

«Եու. Էֆ. Սի.» Ծառուկեան Եւ Ռուֆի Պէտք Է Դադար Առնեն

September 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Էլիշա Քոչարեան Հասաւ Կիսաւարտական
Մարզական

Բռնցքամարտ. Էլիշա Քոչարեան Հասաւ Կիսաւարտական

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.