Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Անուշաւան Արք. Դանիէլեան Ներկայ Գտնուեցաւ Կարգ Մը Նախաձեռնութիւններու
21 սեպտեմբերին Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի դեսպան Ահմատ Արաֆայի հրաւէրով ներկայ եղաւ Նիւ Եորքի հիւպատոսարանին մէջ կայացած հաւաքի` ի պատիւ Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի:
Սրբազան հայրը վարչապետ Սալամի փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին ողջոյններն ու ջերմ աղօթքները` բարեյաջող առաքելութեան համար:
11 սեպտեմբերին, Անուշաւան արք. Դանիէլեան ներկայ գտնուեցաւ քանատահայ դաշնակահար եւ երգահան Սէրուժ Գրաճեանի եւ անոր նուագախումբին համերգին: Համերգին յատկապէս հրաւիրուած էր հայրենի ծանօթ ջութակահար Սամուէլ Երանեան: Ներկայացուեցաւ հայ դասական ու ժողովրդական եւ միջազգային երաժշտութեամբ հարուստ ու գրաւիչ յայտագիր մը:
15 սեպտեմբերին, Անուշաւան արք. Դանիէլեան մասնակցեցաւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպած երկօրեայ «Արցախ` արդարութիւն, ազատութիւն, վերադառնալու իրաւունք» ծրագիրի փակման հանդիսութեան` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին մէջ:
Առաջնորդ սրբազան հայրը ըսաւ, որ Արցախը անցեալ չէ, ոչ ալ` պատմութիւն` յիշեցնելով, թէ օրեր առաջ, 92-րդ ողիմպիականներու բացման հանդիսութեան ընթացքին ՀԵԴ-ի մարզիկներուն յայտնած էր, թէ անոնք եկած էին նաեւ աշխարհին ըսելու, թէ մենք Հայաստան ենք ու մենք Արցախ ենք, եւ աշխարհին մէջ չկայ ուժ մը, որ այս միտքը կարենայ հանել մեր սրտերէն, մեր մտքերէն, մեր կեանքերէն:
Սրբազան հայրը շեշտեց, որ այս աշխարհի ամէնէն զօրեղ ուժանիւթը եւ մեծագոյն ուժը յոյսն է:
Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան 50-Ամեակին Նուիրուած «Բարեկամներու Երեկոյ» Պըրպենքի Մէջ
12 սեպտեմբերին, Հայ մշակութային հիմնարկութիւնը համախմբեց աւելի քան 100 բարեկամներ, համայնքային ղեկավարներ եւ երկարամեայ զօրակիցներ` «Բարեկամներու երեկոյ» խորագիրով յատուկ հիւրասիրութեան մը շուրջ, որ տեղի ունեցաւ Հայկ եւ Նինա Գրագիրեան ամոլի բնակարանին մէջ, Պըրպենք: Երեկոն հիմնարկութեան 50-ամեակի ձեռնարկներու շարքին երկրորդն էր` 4 յունիսին Թարզանայի մէջ կայացած «Աստղերուն տակ» հիւրասիրութենէն ետք, եւ նոր փուլ մը` դեկտեմբեր 2026-ին նախատեսուած 50-ամեակի հանդիսաւոր ճաշկերոյթին ընդառաջ:
Երեկոյին կոչն էր շարունակել նեցուկ կանգնիլ այն հաստատութիւններուն, որոնք կէս դարէ ի վեր կազմակերպած են Արեւմտեան Ամերիկայի հայ կեանքը:
Երեկոյի հանդիսավար Յովիկ Սալիպա իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց սփիւռքի ազգային կազմակերպման կարեւորութիւնը եւ Լոս Անճելըսի հայ համայնքի տակաւին ամբողջութեամբ չիրագործուած ներուժը, յատկապէս` անոր նուիրատուութեան ոգին:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի համաատենապետ Մայք Քէլէշեան խօսեցաւ դաշնակցական երիտասարդութեան պատրաստութեան ուղղութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի աշխատանքներուն մասին:
«Շանթ» ուսանողական միութեան ատենապետ Ալիք Պոյաճեան ներկայացուց միութեան տեսլականն ու հայութեան ապագային հանդէպ անոր յանձնառութիւնը:
Սթիւ Տէտէեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Քալիֆորնիոյ մէջ հայութեան հաստատման պատմութիւնը եւ այն դերը, զոր Հայ մշակութային հիմնարկութիւնն ու ՀՅԴ-ն ունեցած են համայնքի կազմակերպման մէջ:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ կացութեան եւ սփիւռքահայութեան խորհրդաժողովի դերին:
Օրուան գլխաւոր հովանաւորներն էին Յարութ եւ Վիքի Մարաշլեանները: Ազգային բարերարներու շարքին յիշատակուեցան Մայք եւ Էվելինա Սարեանները, Յարութ Սողոմոնեան եւ Յարութ Պրոնոզեան:
Երաժշտական յայտագիրը գործադրեց Արա Տապանճեան:
Երեկոն աւելի քան 100 հազար տոլար ապահովեց ACF 50 արշաւին:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Գնահատագիր Շնորհեց «Արարատ–Էսքիճեան» Թանգարան Եւ Հետազօտական Կեդրոնի Հիմնադիր Տնօրէն Մակի Մանկասարեան–Գոշինի
13 սեպտեմբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանի, հիւրաբար ներկայ եղաւ «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարան եւ հետազօտական կեդրոնի հիմնադրութեան երեսնամեակի հանդիսութեան եւ այս առիթով գնահատագիր շնորհեց հայ տարեցներու «Արարատ Տուն» ապաստարանի հովանաւորութիւնը վայելող «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարան եւ հետազօտական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն Մակի Մանկասարեան-Գոշինի:
Գնահատանքի գիրին մէջ սրբազան հայրը դիտել տուած էր, որ, շնորհիւ Մակի Մանկասարեան-Գոշինին անցնող տարիներուն պատուաբեր սոյն կեդրոնը նաեւ գործակցութեան ողջունելի կամուրջներ հաստատած է Հայաստանի, հայկական սփիւռքի եւ աշխարհի հայ ու օտար գիտնականներու, պատմաբաններու, հետազօտողներու եւ ակադեմական շրջանակներու հետ` հայրենական, ազգային ու համամարդկային նշանակութիւն ունեցող պատմամշակութային հարստութիւն մը ժառանգ թողելով հայութեան ներկայ եւ գալիք բոլոր սերունդներուն համար:
Սրբազանը բարձր գնահատած է անոր ազգանուէր գործունէութիւնը:
Իր խօսքին մէջ նաեւ գնահատելով «Արարատ Տան» ատենապետ` Ժոզէֆ Կանիմեանին, անդամներուն եւ ծառայողներուն գործունէութիւնը` լոսանճելըսահայ տարեցներուն վերջալուսային խաղաղ կեանք շնորհելու իրենց բծախնդիր մօտեցման մէջ, սրբազան հայրը կարեւոր նկատեց «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարան եւ հետազօտական կեդրոնի բերած նպաստը` հայութեան ազգային, մշակութային եւ կրթական ու դաստիարակչական մարզերուն մէջ, մաղթելով հաստատութեան եւ անոր յարակից մասերուն անխափան շարունակականութիւն եւ վերելք:
Քոլոմպիա Համալսարանը Հայագիտական Յարակից Ճիւղի Ծրագիր Կը Ներկայացնէ
Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանի ուսանողները այժմ կրնան հետեւիլ հայագիտական յարակից ճիւղի (minor) ծրագիրի մը, որ կարեւոր ընդլայնում մըն է համալսարանէն ներս հարուստ պատմութիւն ունեցող այս մարզին համար:
Համալսարանին Միջին Արեւելքի, Հարաւային Ասիոյ եւ Ափրիկէի ուսումնասիրութիւններու բաժանմունքին (MESAAS) միջոցաւ առաջարկուող այս նոր ծրագիրը ուսանողներուն կը ծանօթացնէ Հայաստանի եւ հայկական սփիւռքի պատմութեան, լեզուներուն, գրականութեան, արուեստին եւ մշակոյթին:
Այս նախաձեռնութիւնը տեղի կ՛ունենայ համալսարանին մէջ Հայկական կեդրոնի հիմնադրութենէն 50 տարի ետք: Կեդրոնը հիմնուած էր 1976-ին` նպատակ ունենալով հայագիտութիւնը դարձնել համալսարանի կրթական ծրագրի մնայուն մաս: Այդ ճիգերուն շնորհիւ, 1979-ին ստեղծուեցաւ Հայոց պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան Գէորգ Մ. Աւետիսեանի անուան ամպիոնը: Նոր ծրագիրը, հիմնուելով այս ժառանգութեան վրայ` ակադեմական յստակ ուղի կը բանայ ուսանողներու նոր սերունդին առջեւ:
Հինգ դասընթացքներէ բաղկացած ծրագիրը կը սկսի «Ներածութիւն հայագիտութեան» դասընթացքով, որ ընդհանուր ակնարկ մըն է հին աշխարհէն մինչեւ ներկայ ժամանակները` ընդգրկելով քաղաքական, արուեստի եւ գրական պատմութիւնը: Ուսանողները նաեւ կը սորվին հայերէն` տարրական մակարդակով, եւ կ՛ընտրեն երկու ընտրովի դասընթացքներ` հայոց լեզուի կամ հայկական նիւթերու վերաբերեալ:
Այն ուսանողները, որոնք տարրական մակարդակէն աւելի բարձր իմացութիւն ունին, կրնան հետեւիլ լեզուի աւելի յառաջացեալ դասընթացքներու կամ ամբողջացնել չորս ընդունուած ընտրովի դասընթացքներ` ներածական դասընթացքին կողքին: Միջին եւ յառաջացած մակարդակի հայերէնի դասընթացքները առիթ կու տան լեզուական հմտութիւնները աւելի եւս զարգացնելու:
Ծրագիրը նաեւ կ՛օգտուի Քոլոմպիա համալսարանի լայնածաւալ դասընթացքներէն, որոնք կը վերաբերին Հայոց պատմութեան եւ փորձառութեան: Ներկայ ծրագիրները կը քննեն այնպիսի նիւթեր, ինչպիսին են` Միջին Արեւելքի տագնապներ, պատերազմներ, ցեղասպանութիւն եւ անոնց հետեւանքները, հայերու, քիւրտերու եւ թուրքերու միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Օսմանեան կայսրութեան պատմութիւնն ու ժառանգութիւնը:
Դասարանէն դուրս, Քոլոմպիա համալսարանի հայագիտութիւնը կը վայելէ աշխուժ մտաւորական եւ մշակութային համայնքի մը աջակցութիւնը: MESAAS-ն եւ Հայկական կեդրոնը կը կազմակերպեն դասախօսութիւններ, գիտաժողովներ եւ այլ ակադեմական ծրագիրներ, իսկ Հայ ուսանողական միութիւնը կը նպաստէ յարաբերութիւններու հաստատման եւ հայկական մշակութային կեանքին` համալսարանէն ներս:
Իրաք
Սեպուհ Քհնյ. Պաղտասարեանի Հոգեւոր Ծառայութեան Աւարտ
15 սեպտեմբերին Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեան եւ կարգ մը անդամներ հանդիպում ունեցան Ազգային առաջնորդարանի աշխատակազմին հետ` ի պատիւ Սեպուհ քհնյ. Պաղտասարեանին, որ Իրաքի մէջ իր հոգեւոր ծառայութիւնը կ՛աւարտէ:
Կարապետ Գալուստեան արժեւորեց քահանայ հօր անձնուէր ծառայութիւնը` ընդգծելով անոր նուիրուածութիւնը Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն, նաեւ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց անոր կատարած ծառայութեան համար: Աւարտին ան քահանայ հօր յանձնեց շնորհակալագիր մը` առ ի գնահատանք անոր նուիրեալ ծառայութեան:
Եգիպտոս
Եգիպտոսի Արտաքին Նախարարութիւնը Մեծարեց Եգիպտահայերու Երկդարեայ Ներդրումը
17 սեպտեմբերին, Եգիպտոսի արտաքին նախարարութիւնը հիւրընկալեց եգիպտահայ համայնքի կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, Եգիպտոսի արտաքին, միջազգային համագործակցութեան եւ արտերկրի եգիպտացիներու նախարար դոկտ. Պատր Ապտէլ Աթիի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիպումին` արժեւորելով հայ եգիպտացիներու երկարամեայ ներդրումը եգիպտական պետութեան կառուցման ու զարգացման մէջ:
Այցելութեան ընթացքին հայ համայնքի ներկայացուցիչները ծանօթացան նախարարութեան կազմակերպած փաստագրական ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է Եգիպտոսի նորագոյն պատմութեան մէջ եգիպտահայերու ունեցած դերակատարութեան: Ցուցադրուած լուսանկարները, պետական փաստաթուղթերն ու պատմական իրերը կը ներկայացնեն ոչ միայն հայ համայնքին պատմութիւնը, այլ նաեւ հայ պետական գործիչներու մասնակցութիւնը ժամանակակից Եգիպտոսի պետական հաստատութիւններու կազմաւորման:
Ցուցահանդէսը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ կը զուգադիպի Եգիպտոսի արտաքին գործերու պետական համակարգի սկզբնաւորման 200-ամեակին:
1826-ին Մոհամէտ Ալի փաշա ստեղծեց առեւտուրի եւ եւրոպական հարցերու դիւանը` անոր ղեկավարութիւնը վստահելով հայ Պօղոս պէյ Եուսուֆեանին: Այս կառոյցը հետագային դարձաւ Եգիպտոսի կազմակերպուած արտաքին յարաբերութիւններու պետական համակարգին կորիզը:
Այս պատճառով ցուցահանդէսին մէջ Պօղոս պէյ Եուսուֆեան կը ներկայացուի իբրեւ Եգիպտոսի արտաքին առաջին նախարար եւ ժամանակակից եգիպտական պետական վարչամեքենայի կազմաւորման մէջ կարեւոր դեր ունեցած հայ գործիչ մը:
Եգիպտոսի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը այս առիթով արտաքին նախարարութեան թանգարանին նուիրած է Պօղոս պէյ Եուսուֆեանի կիսանդրին` եգիպտահայ ծանօթ քանդակագործ Սարգիս Թոսունեանի գործը:
Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ նաեւ արտաքին պետական համակարգին մէջ բարձր պաշտօններ ստանձնած ուրիշ հայ գործիչներ` Արթին պէյ Չրաքեան, Ստեփան պէյ Տէմիրճեան, Նուպար փաշա Նուպարեան եւ Տիգրան տ՛Ապրօ փաշա:
Ցուցահանդէսին արժէքը նաեւ այն է, որ հայերու ներդրումը կը ներկայացուի վաւերական փաստաթուղթերով եւ պատմական իրերով:
Առանձին եւ պատուաւոր տեղ յատկացուած է նաեւ եգիպտահայ նշանաւոր ծաղրանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանի գործերուն: Սարուխան իր արուեստով տասնամեակներ շարունակ արձանագրած ու մեկնաբանած է Եգիպտոսի եւ աշխարհի քաղաքական, ընկերային ու մշակութային կեանքը` կարեւոր հետք ձգելով եգիպտական մամուլի եւ ծաղրանկարչութեան պատմութեան մէջ:
Ցուցադրուած գործերը նախարարութեան տրամադրած են Սարուխանի ընտանիքն ու թոռնուհին` Սիլվա Պալատեանը:
Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Արմէն Մազլումեան, անդրադառնալով ցուցահանդէսին նշանակութեան, ընդգծեց եգիպտահայ փորձառութեան առանձնայատկութիւնը` նշելով, որ Եգիպտոսի մէջ հայկական ներկայութիւնը պարզապէս համայնքի մը պատմութեան մէկ գլուխը չէ, այլ` Եգիպտոսի նորագոյն պատմութեան եւ ազգային ուղիին մէկ մասը:
Ան շեշտեց, որ եգիպտահայերու փորձառութիւնը հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի, քաղաքացիութեան եւ երկրի կառուցման գործուն մասնակցութեան վրայ: Հայերը կարողացած են պահպանել իրենց լեզուն, եկեղեցիները, դպրոցներն ու մշակութային հաստատութիւնները` միաժամանակ ամբողջական մասնակցութիւն ունենալով եգիպտական պետութեան ու հասարակութեան կեանքին:
Եգիպտոսի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Գրիգոր Օգոստինոս Գուսա իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` պետական այս համակարգի հիմնադրութեան 200-ամեակին առիթով, մաղթելով անոր շարունակական յաջողութիւն Եգիպտոսի շահերու պաշտպանութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու զարգացման մէջ:
Եգիպտահայ համայնքի ներկայացուցիչները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Եգիպտոսի պետութեան, արտաքին նախարար դոկտ. Պատր Ապտէլ Աթիին եւ նախարարութեան պատասխանատուներուն` եգիպտահայերու պատմական ներդրումը արժեւորելնուն եւ այս առիթով ցուցահանդէսը կազմակերպելնուն համար:


