Ճատրակի 46-րդ Օլիմփիատան կը շարունակուի Սամարզանտի մէջ, ուր տեղի ունեցան 5-րդ եւ 6-րդ հանգրուանի մրցումները: Հայաստանի տղաքը դժուար մրցակից մը ունէին ի դէմս Չինաստանի, բայց Հայկ Մարտիրոսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Շանթ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան կրցան հաւասարութիւններ խլել աւելի բարձր դասուած Չինաստանի ներկայացուցիչներուն հետ:
Օր մը ետք, Հայաստան մրցեցաւ Իրանի դէմ եւ կրցաւ յաղթանակ ապահովել` շնորհիւ Գաբրիէլ Սարգսեանի: Հայկ Մարտիրոսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Շանթ Սարգսեան հաւասարութիւններ արձանագրած էին իրենց իրանցի մրցակիցներուն հետ, բայց Գաբրիել Սարգսեանի յաղթանակը շատ կարեւոր էր 2,5-1,5 արդիւնքով յառաջխաղացք արձանագրելու համար:
Այս յաղթանակէն ետք, տղոց հաւաքականը գրաւեց 3-րդ դիրքը, Ուզպեքիստանի եւ Չինաստանի ետին: Ուզպեքիստան 12 կէտ ունի, մինչ Չինաստան եւ Հայաստան` 11 կէտ:
Աղջկանց հաւաքականը 5-րդ հանգրուանին մրցեցաւ Փերուի դէմ եւ 3-1 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ: Մարիամ Մկրտչեան եւ Անահիտ Մկրտչեան յաղթանակներ նշանակեցին, մինչ Լիլիթ Մկրտչեան եւ Էլինա Դանիէլեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին:
6-րդ հանգրուանին, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը եւս արձանագրեց` այս անգամ Լաթվիոյ վրայ:
Լիլիթ Մկրտչեան, Մարիամ Մկրտչեան եւ Էլինա Դանիէլեան յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ Սուսանա Գաբոյեան պարտութիւն կրեց իր մրցակիցէն:
Աղջկանց հաւաքականը կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը` 2 կէտով ետ մնալէ ետք Չինաստանէն (առաջին) եւ Ղազախստանէն (երկրորդ), մինչ Հնդկաստան, Պուլկարիա, Գերմանիա եւ Զուիցերիա Հայաստանի նման 10 կէտ ունին:


