Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին, Այնճար հայաւանին մէջ տեղի ունեցան Մուսա լերան հերոսամարտի 111-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 87-ամեակի հիմնական հանդիսութիւնները եւ արարողութիւնները:

Ուրբաթ, 18 սեպտեմբեր 2026-ին, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ տոհմիկ երեկոյ, ՀՄԸՄ Այնճարի «Սարգիս եւ Ծովիկ Զէյթլեան» մարզամշակութային համալիրին մէջ, ներկայութեամբ հոծ բազմութեան: ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքերը ուղղեցին յաջորդաբար Աշխէն Չափարեան եւ Սիւզի Նաշալեան: ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին խօսքը ուղղեց Շահան Փանոսեան: Խօսք առաւ նաեւ Այնճարի քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեան: Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Շաբաթ, 19 սեպտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 111-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 87-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը, Մուսա լերան յուշարձան-համալիրին կողքին: Ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Սեդրակ Սարգսեան եւ ռազմական կցորդ Արթուր Դալիբալթեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ: Օրուան պատգամը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, որ հաստատեց, որ Մուսա լեռը հայ ժողովուրդի կամքի, միասնականութեան եւ գոյատեւելու անսասան վճռականութեան խորհրդանիշն է, իսկ Այնճարը` անոր շարունակութիւնն ու նոր բերդը: Մուսա լերան պատգամը  մեզի  կը թելադրէ չհրաժարիլ, չմոռնալ եւ չբաժնուիլ, այլ համախմբուած պահել մեր ազգային ինքնութիւնն ու հայրենիքի տեսլականը:

«Թող հերոսներուն աւանդը մեզ մղէ զօրացնելու Հայաստանը, պահպանելու սփիւռքի ու Այնճարի հայեցի դիմագիծը եւ միասնական ուժով կերտելու մեր ազգային ապագան», նշեց Ալպեր Պալապանեան:

Գեղարուեստական յայտագիրով իրենց մասնակցութիւնը բերին Այնճարի զոյգ վարժարաններու աշակերտները եւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Կաքաւիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը: Ազգային- հայրենասիրական երգերով հանդէս եկաւ երգիչ Ղազար Քէօշկէրեան: (Ալպեր Պալապանեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

Կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, հոգեհանգստեան արարողութիւն, մատաղի օրհնութիւն եւ բաշխում, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 35-րդ տարեդարձի նշում եւ Եռագոյնի օրհնութիւն` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ: Ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան, նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Այնճարի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներուն եւ արարողութիւններուն աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք հետագային:

Նախորդը

Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.