Ամերիկեան Ինթեր Մայեմին իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով նուաճեց «Քամփիոնես Քափ»-ը (ախոյեաններու բաժակը):
Աւարտական մրցումին, Ինթեր Մայեմի իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց մեքսիքական Քրուս Ասուլը:
24-րդ վայրկեանին, մրցումին հաշիւը բացաւ արժանթինցի աստղ Լէոնել Մեսսի, Լուիս Սուարեսի փոխանցումէն ետք: 81-րդ վայրկեանին վերջնական արդիւնքը եւ յաղթանակը վաւերացուց պրազիլցի միջնապահ Քասեմերոն, Մեսսիի փոխանցումէն ետք:
Մեսսիի կոլը եղաւ 39 տարեկան յառաջապահին 100-րդը` Ինթեր Մայեմիի շապիկով, իսկ իր 929-րդը` արհեստավարժ ասպարէզի ընթացքին:
Մեսսի սահմանեց «Էմ. Էլ. Էս.»-ի բացարձակ մրցանիշ` դառնալով լիկայի պատմութեան մէջ ամէնէն արագ 100 կոլ նշանակած մարզիկը. Մեսսի 100 կոլերու սահմանը հասած էր 115 մրցումներու ընթացքին:
Ան աւարտականին նշանակած այս կոլին շնորհիւ հասաւ 36 կոլերու` դառնալով աւարտական մրցումներու ամէնէն շատ կոլեր նշանակած ֆութպոլիստը:
Այս յաղթանակով Մեսսի բարելաւեց նաեւ ամէնէն շատ տիտղոսներ շահելու համաշխարհային մրցանիշը: Ասիկա անոր 49-րդ տիտղոսն էր, եւ ան այժմ կը գերազանցէ Բ. դիրքը գրաւող Տանի Ալվեսի տիտղոսները` 45 տիտղոս:
Մեսսի 2023-ի ամրան միացած էր Ինթեր Մայեմիին, եւ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2028-ի դեկտեմբերին:


