Աղջկանց արհեստավարժ թենիսի միջազգային մրցաշարքերու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով թիւ 8 դասուած Ալինա Չարայեւա պարտութեան մատնեց Էլինա Աւանէսեանը 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով, Սան Փաուլոյի բաց մրցաշարքի Բ. հանգրուանին:
Ասիկա Չարայեւայի երկրորդ յաղթանակն էր արհեստավարժ մրցումի մը ընթացքին` Աւանէսեանի դէմ, մինչ պատանեկան օրերուն ալ անոնք 2 անգամ մրցած էին, եւ Ալինա 2-0 արդիւնքով առաւելութիւն ունի Էլինայի վրայ:
Այս ձեւով Ալինա Չարայեւա հասաւ 2026-ի եւ երկրորդ մրցաշարքի քառորդ աւարտականին:


