Ուզպեքիստանի Սամարզանտ քաղաքին մէջ կը շարունակուի համաշխարհային ճատրակի 46-րդ Օլիմփիատան:
Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները իրենց երկրորդ մրցումներուն ալ յաղթանակներ արձանագրեցին:
Տղաքը 3,5-0,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Սկովտիան: Յաղթանակներ արձանագրեցին Շանթ Սարգսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան: Հայկ Մարտիրոսեան հաւասարութեամբ աւարտեց իր մրցումը:
Աղջկանց հաւաքականը 3-1 արդիւնքով յաղթեց Սինկափուրին: Լիլիթ Մկրտչեան, Մարիամ Մկրտչեան եւ Սուսաննա Գաբոյեան յաղթեցին իրենց մրցակիցներուն, մինչ Անահիտ Մկրտչեան պարտութիւն կրեց:
Տղաքը երրորդ հանգրուանին պիտի մրցին Շուէտի դէմ, մինչ աղջկանց հաւաքականը պիտի մրցի Խրուաթիոյ դէմ:


