«Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռի հայազգի մարտիկ Արման Ծառուկեան ներկայացուց իր մարտական շորթը (կարճ տաբատը), որուն հետ ան այս գիշեր պիտի մրցի պրազիլցի Մաուրիսիօ Ռուֆիի դէմ, «Եու. Էֆ. Սի. 331»-ի գծով ճակատումին:
«Շատ գեղեցիկ շորթեր են: Անոնք սեւ գոյնի են… արջը` իբրեւ Ռուսիոյ խորհրդանիշ, եւ այստեղ հայկական լեռներն են, Հայաստանի դրօշը եւ Պեթմենի տարբերանշանը… հիանալի, բացառիկ աշխատանք է: Շնորհակալութիւն «Եու. Էֆ. Սի.»-ին, Վենոմին եւ բոլոր անոնց, որոնք այդ շորթերը պատրաստած են», նշած է Արման Ծառուկեան:
Արման Ծառուկեան, որ թեթեւ կշիռի թիւ 2 դասուած է, յաղթանակի պարագային կը սպասէ տիտղոսի մենամարտ: «100 տոկոսով վստահ եմ, որ այս մենամարտէն ետք պիտի պայքարիմ ախոյեանութեան տիտղոսի գօտիին համար: «Եու. Էֆ. Սի.»-ի ղեկավարութեան հետ արդէն իսկ ունեցած ենք նման խօսակցութիւն»:
Անդրադառնալով այն լուրերուն, որ Ճասթըն Քէյճի շատ հաւանաբար հեռանայ, եւ գօտին կրնայ անտէր մնալ, Արման Ծառուկեան նշած է, որ այս պահուն այդ բանին մասին չի մտածեր եւ կեդրոնացած է Ռուֆիի դէմ մրցումին վրայ:
Արման Ծառուկեանի այժմու ցուցանիշները, 23 յաղթանակ եւ 3 պարտութիւն են («Եու. Էֆ. Սի.»-ին մէջ), մինչ Ռուֆի 16 մրցումներէն 14-ին կրած է յաղթել, 2 պարտութիւններու կողքին:


