Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան եւ հիւպատոս Սեդրակ Սարգսեան այցելեցին «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ տեսակցեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արծիւ Տէր Խաչատուրեանի եւ «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեանի հետ:
Ալպեր Պալապանեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ ներկայացուց «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գործող կառոյցներն ու գրասենեակները: Ապա, խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան տարածաշրջանային, լիբանանեան նորագոյն զարգացումներուն, Հայաստանի Հանրապետութիւն-Լիբանան միջպետական յարաբերութիւններուն վրայ` շեշտելով արդէն իսկ կայացած միջպետական համաձայնութիւններու գործարկման անհրաժեշտութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութիւններուն եւ այդ շրջածիրին մէջ դիմագրաւուած խնդիրներուն:
Դեսպան Պաղտասարեան իր հերթին, շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար, արժեւորեց համայնքին մէջ տարուող կուսակցութեան բազմաոլորտ աշխատանքները եւ շեշտեց ներկայ ձեւաչափերով պարբերական խորհրդակցութիւններ ունենալու անհրաժեշտութիւնը:



