Ուզպեքիստանի Սամարզանդ քաղաքին մէջ ընթացք առաւ ճատրակի համաշխարհային Օլիմփիատան, եւ առաջին հանգրուանին Հայաստանի տղոց հաւաքականը յաղթանակ արձանագրեց Պարպետոսի հաւաքականին դէմ: Հաւաքականի բոլոր անդամներն ալ յաղթանակներ տօնեցին: Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Շանթ Սարգսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան հանգիստ յաղթանակներ արձանագրեցին:
Աղջկանց հաւաքականը, որ կը մրցէր Հոնկ Քոնկի հաւաքականին դէմ, 3,5-0,5 արդիւնքով կրցաւ յաղթել:
Նշենք, որ տղոց հաւաքականը 10-րդ դասուած է, մինչ Պարպերոս 112-րդ դասուած խումբն էր:
Աղջկանց հաւաքականը դասուած է 16-րդ, մինչ մրցակից Հոնկ Քոնկ 10-րդ դասուած խումբն է: 206 երկիրներ կը մասնակցին ճատրակի Օլիմփիատային:


