Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրուած Օրեր. Գ.- Կիւզել Պոլիսն Ու Մեծ Մայրս

September 18, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Կիւզել Պոլիսը

Ընթերցողին:

«Ապրուած օրեր» անունը նոր չէ: 1948-ին նոյն անունով լոյս տեսած է Արմէն Գարոյի գիրքը: Այս գրութիւնները անոր շարունակութիւնը չեն, այլ` ուրիշ ժամանակի ու սերունդի ապրուած օրեր:

Տարիներու ընթացքին կուտակուած այս յուշերը իմ կեանքիս պատառիկներն են, բայց նաեւ` մեր հաւաքական հայկական կեանքէն համեստ մաս մը: Անոնց մէջ կան օսմանահայ ընտանիքիս համն ու հոտը, սփիւռքեան ու հայաստանեան իրականութիւնները, հինը` նորին կողքին: Այս ամառ որոշեցի սկսիլ գրի առնել զանոնք: Յուսամ` անոնց մէջ դուք ալ ձեզմէ բան մը գտնէք:

Մեծ մօրս ծնողները` տոքթ. Մինէճեան եւ տոքթ. Արմինէ Մինէճեան, Պոլիս, շուրջ 1905-1914

Մանկութեանս օրերուն յաճախ հայրական մեծ մօրս ու մեծ հօրս Ճըմմէյզէի հիփ հին շէնքի հինգերորդ յարկի բնակարանը կ՛այցելէի: Դպրոցէն ետք երբեմն մեծ հօրս քիւրտ գործաւորը զիս Ճեմարանէն հոն կը տանէր: Անհամբեր կը սպասէի այդ օրերուն: Մեծ մայրս` Լուիզան, եթէ խոհանոցը չըլլար, գրեթէ միշտ պատշգամն էր: Այդ հին պատշգամը մինչեւ այսօր աչքիս առջեւն է: Փոքր աւազան մը ունէր, մէջը գոյնզգոյն ձուկեր, շուրջը շատ մը կանաչ բոյսեր, իսկ գետինը մեծ կրիայ մը` մեծ մօրս սիրելի կենդանին, որ անդադար հազար կ՛ուտէր: Դիմացի շէնքը կ՛ապրէին Լիպարիտեանները, որոնց հետ մեծ մայրս պատշգամէ պատշգամ յարաբերութիւն կը պահէր: Իսկ պատշգամէն մինչեւ փողոց սեփեթ մը կ՛իջնէր: Փողոցի ծախողները մեծ մօրս պատուիրած կանաչեղէնը մէջը կը դնէին, ինք ալ վեր կը քաշէր: Այդ օրերու Պէյրութին մէջ շատ բաներ այդպէս պարզ էին:

Երբեմն զինք կը գտնէի իր chaise longue-ին վրայ երկնցած, վարունգի կեղեւներ երեսին: Այն օրերուն պոթոքս չկար, Լուիզա մեծ մայրս իր միջոցները ունէր: Երբ քովը մօտենայի` «Ո՜ւյ» պոռալով տեղէն կը ցատկէր եւ երեսի վարունգի կեղեւները արագօրէն կը հաւաքէր:

Բայց ամէնէն շատ կը սիրէի իր մօտ նստիլ: Տաք սրճեփը կը դնէր առջեւը, իրեն համար սուրճ կը լեցնէր, ինծի ալ քիչ մը սուրճ` շատ տաք կաթով: «Աս ալ քեզի, օղլո՛ւմ», կ՛ըսէր: Իր մօտ միշտ երազահան մը կար: Երբ բարեկամուհիներ սուրճի գային, զուարճութեան համար իրենց երազները կը պատմէին, ինքն ալ գիրքը կը բանար ու կը փորձէր բացատրել: Ես երազներով շատ չէի հետաքրքրուեր: Պատմութիւն կը սիրէի: Ուրեմն, կա՛մ իր անցեալէն կը պատմէր, կա՛մ հին գիրք մը կը բանար ու ինծի «Աւազակապետը» կը կարդար: Իր պատմութիւններուն մէջ միշտ Պոլիս մը կար:

Մի­նէ­ճե­ան չորս քոյ­րե­րն ու անոնց եղբայրը, Երու­սա­ղէմ, իրենց բա­ժա­նու­մէն առաջ՝ Զա­րու­հի, Լու­ի­զա, Մե­լի­նէ, Էօ­ժե­նի եւ Զա­րեհ։

Լուիզա Մինէճեանը ծնած էր Պոլիս: Մայրը` Արմինէ Մինէճեան, ատամնաբուժ էր եւ, ըստ մեծ մօրս պատմածին, Պոլսոյ առաջին կին աւարտեալ ատամնաբուժներէն մէկը: Հայրը` տոքթ. Մինէճեան, բժիշկ էր եւ օսմանեան բանակի սպայ: 1913-14-ին մայրը ծանր հիւանդութենէ մը մահացաւ: Պատերազմի մութ ամպերը արդէն կը կուտակուէին: Մտահոգ հայրը Լուիզան եւ 3 քոյրերն ու եղբայրը շոգեկառքով Պոլիսէն Երուսաղէմ տարաւ: Երեխաները հոն յանձնեց ապահով ձեռքերու եւ խոստացաւ, որ շուտով պիտի վերադառնայ: Բայց չվերադարձաւ: Բժիշկ Մինէճեան ուրիշ բազմաթիւ հայ սպաներու ճակատագիրը ունեցաւ: Լուիզան եւ քոյրերը մնացին Երուսաղէմ եւ մեծցան «Արարատեան» որբանոցին մէջ, այդ տարիներու ջարդերէն ազատած ուրիշ հայ որբերու հետ:

Երուսաղէմէն մեծ մօրս մասին փոքր յիշատակ մըն ալ մնացած էր: Աջ թեւին ներսի կողմը փոքր խաչ մը դաջուած էր: Հայ ուխտաւորներ դարերէ ի վեր Երուսաղէմէն այդպիսի խաչերով կը վերադառնային: Երբեմն ինծի ցոյց կու տար ու կ՛ըսէր. «Եթէ օր մը Երուսաղէմ երթաս, դուն ալ քեզի հատ մը դաջել տուր»: Երուսաղէմ ուխտի երթալը մինչեւ այսօր կեանքիս փափաքներէն մէկը կը մնայ:

Հարսանեկան դիմանկար. մեծ հայրս` Յարութիւն Արզուհալճեան եւ հարսը` Լուիզա Մինէճեան: Յովհաննէս Գրիգորեանի լուսանկարչատուն, Եաֆայի ճամբայ, Երուսաղէմ, շուրջ 1924-1926: Սթիւտիոն կործանեցաւ 1948-ին, երբ այդ հատուածը դարձաւ անմարդաբնակ գօտի:

Տարիներ ետք ուրիշ վերապրող մը պիտի մտնէր Լուիզայի կեանքին մէջ: Մեծ հայրս` Յարութիւն Արզուհալճեանը, Ուրֆայի ջարդերէն վերապրած էր: Իր միակ ողջ մնացած եղբայրը` Յակոբը, ջարդերէն առաջ Պոսթըն գաղթած էր: Այդ տարիներուն Օսմանեան կայսրութիւնը հայերու արտագաղթը արտօնող յատուկ կարգադրութիւն մը ունէր, պայմանաւ որ մեկնողները հրաժարէին իրենց օսմանեան քաղաքացիութենէն եւ այլեւս չվերադառնային: Այդպէս, Յակոբ Արզուհալճեան Պոսթըն հաստատուած էր: Տարիներ ետք անոր ղրկած քանի մը անգլիական ոսկիով Յարութիւն առիթ ունեցաւ Երուսաղէմ երթալու եւ, ինչպէս այն օրերուն կ՛ըսէին, հարս գտնելու: Բախտը Լուիզային ելաւ: Երուսաղէմի որբանոցէն ան Պէյրութ հարս եկաւ: Լիբանան նոր հասած շատ հայերու նման, երիտասարդ զոյգը սկիզբը Զոքաք Պլաթի շրջանը հաստատուեցաւ: Կիրակի օրերը, Սուրբ Նշան եկեղեցիէն ետք, Լուիզան Ճեմարանի բակին մէջ օժանդակ տիկնանց միութեան հետ հերիսա կ՛եփէր` Լեւոն Շանթի, Սիմոն Վրացեանի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ անոնց շուրջ համախմբուած շրջանակի ներկայութեամբ: Այն օրերուն փրկուած ափ մը հայութիւն Պէյրութի մէջ կամաց կամաց նոր կեանք մը կը կառուցէր: Լուիզան ալ անոնցմէ մէկն էր:

Յետոյ ընտանիքը մեծցաւ: Ծնաւ անդրանիկ աղջիկը` Վիոլեթ հօրաքոյրս, ապա երեք մանչերը` հայրս` Փոլը եւ հօրեղբայրներս` Սարգիսն ու Յակոբը, որուն բոլորը Ակոլի կ՛ըսէին: Երեք մանչերն ալ կրեցին մեծ հօրս Ուրֆայի մէջ նահատակուած եղբայրներուն անունները: Լուիզայի երկու քոյրերը Մարսէյ հարս գացին: Անոնցմէ մէկը, մօրը նման, ատամնաբուժ դարձաւ: Տարիներու ընթացքին Մարսէյի այդ ճիւղին հետ մեր կապը խզուեցաւ: Կը մտածեմ, որ օր մը պէտք է գտնեմ անոնց զաւակներն ու թոռները: Ընտանիքներու պատմութիւնները երբեմն այդպէս կը կորսուին, հակառակ անոր որ եղբայրս` Իվանը, բծախնդրօրէն ընտանիքի ծառը գծած է:

Մեծ մայրս իր տանիքի պատշգամը, Ճըմմեյզէ, Պէյրութ:

Մեծ մայրս, մեծ հօրս նման, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դաժան տարիներուն մահացաւ: Այսօր ան կը հանգչի Ֆըրն Շըպպեքի հայկական գերեզմանատան մէջ:

Լուիզա մեծ մօրս եւ Յարութիւն մեծ հօրս հետ վերջին նկարս, Պէյրութ, Ամերիկա ուսման մեկնելէս առաջ:

Բայց երբ Լուիզային մասին կը մտածեմ, գերեզմանը չէ, որ միտքս կու գայ: Ճըմմէյզէի պատշգամն է, գոյնզգոյն ձուկերը, կանաչ բոյսերը, կրիան, փողոց իջնող սեփեթը, երազահանը, հին գիրքերը, վարունգի կեղեւները եւ տաք սրճամանը: Կարծես տակաւին հոն նստած է: Սուրճը կը խառնէ, ինծի ալ տաք կաթով քիչ մը կը լեցնէ` «Կէ՛լ, օղլում» ըսելով պատմութիւն մը պատմելէ առաջ:

«Օղլո՛ւմ, Պոլիսը կիւզել էր:  Չոք կիւզե՛լ-, կ՛ըսէր Լուիզա մեծ մայրս: – Օր մը անպայման գնա եւ տես, մայրս ալ ամբողջ Պոլսոյ առաջին կին ատամնաբուժն էր: Է՜յ տիւնեա: Նայէ` ինչ եղաւ մեզի, օղլում»:

Այդ ատեն պատանի էի եւ չէի հասկնար, թէ այդ քանի մը պարզ բառերուն մէջ որքա՜ն կարօտ, ցաւ եւ կորսուած աշխարհ մը կար: Տարիներ ետք, երբ ընտանեկան արմատներս կը փնտռէի ու կը փորձէի վերականգնել Մարսէյ հարս գացած մեծ մօրս քոյրերուն կորսուած հետքերը, օր մը ելեկտրոնային նամակ մը ստացայ Ֆրանսայէն: Գրողը Պարպարան էր` մեծ մօրս քրոջ թոռնուհին:

«Bonjour Raffy, je m’appelle Barbara DHERS… Nous sommes certainement de la même famille… Ce serait aussi avec plaisir de faire connaissance…»
(«Բարեւ, Րաֆֆի, անունս Պարպարա Տերս է… Վստահաբար միեւնոյն ընտանիքէն ենք… Մեծ հաճոյք պիտի ըլլայ քեզի ծանօթանալը…»):

Կարդացի նամակը ու ակամայ ժպտեցայ: Թէեւ ինք նշած էր, որ միայն ֆրանսերէն կը խօսի, բայց տողերուն ընդմէջէն հարազատութեան նոյն տաքութիւնը կը հոսէր, եւ ուրախ էի, որ կրնայի իրեն իր հարազատ լեզուով պատասխանել: Մեր ընտանիքին պատմութիւնը, որ տարիներ առաջ պատառ-պատառ եղած էր Պոլիսէն, Երուսաղէմէն ու Պէյրութէն մինչեւ Մարսէյ, յանկարծ նոր օղակ մը կը գտնէր:

Այդ պահուն մտքէս նորէն անցաւ Լուիզա մեծ մայրս` Ճըմմէյզէի պատշգամը նստած, սուրճի գաւաթը ձեռքին: Միտքս եկաւ իր պատմած Պոլիսը, որուն փողոցներուն մէջ հետագային քալած ատենս միշտ իր ձայնը կը լսէի:

Հիմա կը հասկնամ, որ «Պոլիսը կիւզել էր» ըսած ատեն մեծ մայրս միայն անցեալի քաղաք մը չէր յիշեր, այլ նաեւ` արմատներու այն անտեսանելի թելը, որ ո՛չ տարածութիւն կը ճանչնայ, ո՛չ ալ ժամանակ: Թել մը, որ աշխարհի չորս կողմը ցրուած մեր ընտանիքը միշտ իրարու կապուած պիտի պահէր:

Է՜յ տիւնեա…

***

Այս յօդուածաշարքին նախորդ գրութիւնները

Ա. Կելիպոլի Տուն Թիւ 54  https://www.aztagdaily.com/archives/702461

Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն https://www.aztagdaily.com/archives/703467

 

Նախորդը

«Արցախի Մետիայի Ձայները» Փաստավաւերագրական Ժապաւէնը` Արցախի Յիշողութեան Ձայնը

RelatedPosts

«Արցախի Մետիայի Ձայները» Փաստավաւերագրական Ժապաւէնը` Արցախի Յիշողութեան Ձայնը
Անդրադարձ

«Արցախի Մետիայի Ձայները» Փաստավաւերագրական Ժապաւէնը` Արցախի Յիշողութեան Ձայնը

September 18, 2026
Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.