ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Օրհնութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2026-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, պիտի կատարուի Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւն` հայրենիքին վերանկախութեան 35-րդ տարեդարձին առիթով: Սուրբ պատարագը սկիզբ պիտի առնէ ժամը 10:00-ին:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու սուրբ պատարագին, որպէսզի միասնական աղօթքներով խնդրենք Ամենակալէն, որ ամուր ու անսասան պահէ մեր հայրենիքը եւ զայն փրկէ ամէն տեսակ փորձութիւններէ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՐՄԻՆԷ ՄԵԼԻՔՍԷԹԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2026-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————–
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՆՈՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 2026-2027 ուսումնակրթական տարեշրջանի նոր աշակերտներու արձանագրութիւնները սկսած են:
Դպրեվանք կ՛ընդունուին նախակրթարանի 6-րդ դասարանը աւարտած աշակերտներէն սկսեալ մինչեւ վերի կարգերու աշակերտներ:
Դպրեվանք յաճախել փափաքողները տեսչութեան հետ կրնան կապ հաստատել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն` +961 71 752259 կամ +961 71 912832:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ
————————————–
Ասեղնագործութեան Անվճար Դասընթացք
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, մեր նախնիներուն սուրբ եւ տոհմիկ աւանդութիւնները պահելու համար եւ զանոնք նորահաս սերունդին փոխանցելու մտադրութեամբ, հայկական ասեղնագործութեան իւրայատուկ դրսեւորումներէն` Մարաշի ասեղնագործութեան անվճար դասընթացք մը պիտի կայանայ միութեան տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպութեամբ: Ձեռագործը ուսուցանողն է տիկին Տիգրանուհի Ճինպաշեանը:
Դասընթացքը պիտի սկսի 6 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ, միութեանս «Գերմանիկ» սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը, երեկոյեան ժամը 6:00-էն 7:00` մէկ ամսուան տեւողութեամբ:
Փափաքող կիները կրնան կապ հաստատել միութեան գրասենեակին հետ, ամէն օր բացի շաբաթ օրերէն, հեռաձայնելով կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն 5:00, հետեւեալ թիւին` 01-269937, կամ տիկնանց միութեան անդամուհիներուն` 70-165973, 70-493270:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐԱՇԻ
ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


