Չինաստանը հանդէս կու գայ իբրեւ Իրանի ռազմավարական գործընկեր եւ պատրաստ է պաշտպանելու երկրի օրինական շահերը: Այս մասին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի:
«Չինաստանն ու Իրանը կը պահպանեն համակողմանի ռազմավարական գործընկերութիւն: Չինաստանը նաեւ պատրաստ է ամրապնդելու երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը իրանեան կողմին հետ, յուսալիօրէն պաշտպանելու Իրանի օրինական իրաւունքներն ու շահերը», ըսած է Եի:


