Յովհաննէս Գաբրիէլեան բացառիկ մրցանիշ հաստատեց, երբ առանց դադարի լողալով Սեւանայ լիճը կտրեց ամբողջ երկայնքով:
Գաբրիէլեան յաղթահարած հեռաւորութիւնը, ըստ «Արմէնփրես»-ի, 74 քիլոմեթր էր: Ան անդադար լողալով մօտ 34 ժամէն հասաւ ծովագիւղի Փիրուզէ լողափ:
Գաբրիէլեանի ընկերները զինք դիմաւորած են անոր յանձնելով խորհրդանշական մետալ մը: Վստահաբար, եթէ «Կինես» մրցանիշներու գիրքի ներկայացուցիչներ ներկայ ըլլային, անոր անունը կրնար արձանագրուիլ պատմական մրցանիշներու կողքին:
Գաբրիէլեանի վիճակը լաւ է այժմ, ան որոշ ժամանակ բժիշկներու հսկողութեան տակ պիտի մնայ` վերականգնելու համար իր ուժերը:


