Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեանը Կ՛ուզէ Հայաստանը Վերածել Առանց Հայերու Երկրի

September 14, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ Թալէաթ փաշան 1915 թուականի իր նամակներուն մէջ կը գրէր հայերու ամբողջական բնաջնջման հրէշային ծրագիրին մասին. «Կ՛ուզէինք մէկ հայ ողջ ձգել, այն ալ… թանգարանին մէջ»:

Եթէ Հայաստանի մէջ ընթացող աղիտալի զարգացումները շարունակուին, ապա այն, ինչ որ Թալէաթ չյաջողեցաւ ամբողջութեամբ իրականացնել, իր լրումին պիտի հասցնէ Հայաստանի կառավարութիւնը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար Արսէն Թորոսեանը մայիսին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց. «Մենք պէտք է ներգաղթ կազմակերպենք, նոյնիսկ եթէ դա չի տեղաւորւում, այսպէս կոչուած, ազգային գաղափարների մէջ: Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ պէտք է ներգաղթեն այստեղ: Առանց դրա` դա տեղի չ՛ունենայ: Մենք նաեւ պէտք է փոխենք մեր մոնոէթնիկ (միացեղ) մտածելակերպը մեր գլուխներում, որովհետեւ այս տարածաշրջանում գոյատեւելու այլ ճանապարհ չկայ»: Թորոսեանը Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարն է: Նախապէս ան վարած է առողջապահութեան նախարարի, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնները, եղած է պատգամաւոր, ինչպէս նաեւ իշխող Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան վարչութեան անդամ է:

Ասիկա եւս հակահայկական գաղափարախօսութիւն է, ինչպէս` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գրեթէ բոլոր միւս գործողութիւնները: Ոեւէ խելացի հայ ղեկավար, նախքան շտապ կերպով տասնեակ հազարաւոր օտարներու ներհոսքը կազմակերպելը, պիտի փորձէր խրախուսել եօթը միլիոն հաշուող հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչներուն մէկ մասը` հայրենադարձութիւն կատարելու Հայաստան:

Անոր փոխարէն` Փաշինեանը լծուած է Հայաստանի պատմութեան ու մշակոյթի մերժման, իսկ հիմա ալ` երկրի ժողովրդագրութեան նօսրացման: Սկիզբը ան Ազրպէյճանին յանձնեց հայկական Արցախը` զոհաբերելով հազարաւոր երիտասարդ հայ զինուորներ, այնուհետեւ թոյլ տուաւ Ազրպէյճանին 2021 եւ 2022 թուականներէն սկսեալ բռնագրաւել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի որոշ հատուածները: Այժմ ալ կը խօսի Տիգրանաշէնը Ազրպէյճանին յանձնելու մասին:

Այնուհետեւ Փաշինեանը սկսաւ նսեմացնել հայկական նուիրական ազգային խորհրդանիշները, ինչպէս` Արարատ լեռը:

Նախքան մտահոգուիլը, թէ արդեօք Հայաստանի կառավարութիւնը պատրա՞ստ է ընդունելու սփիւռքահայերը, աւելի մտահոգիչ է իր իսկ քաղաքացիներուն Հայաստան մուտքն ու ընտրութեան օրը քուէարկելը արգելափակելը: Հայաստանի Ազգային ժողովը որդեգրած է նոր օրէնք մը, որուն համաձայն, քուէարկելու նպատակով հայրենիք վերադարձող քաղաքացիները նախ պէտք է մէկ տարի բնակած ըլլան Հայաստան: Ասիկա կը հանդիսանայ քաղաքացիներու ժողովրդավարական ամէնէն հիմնական իրաւունքի խախտում մը:

Կառավարութիւնը նաեւ շատ աւելի դժուարացուցած է սփիւռքահայերուն` Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը` փոխանակ անոնց հայրենադարձութիւնը խրախուսող պայմաններ առաջարկելու, ինչ որ պիտի նպաստէր Հայաստանի բնակչութեան աճին:

Քանի  մը տարի առաջ Հայաստանի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը Լիբանան կատարած այցելութենէն առաջ մամուլին յայտնեց, որ կը փափաքի կազմակերպել արաբներու վերաբնակեցումը Հայաստանի մէջ` կարծես չգիտակցելով, որ իր պաշտօնական պարտականութիւնը սփիւռքահայերուն հետ աշխատիլն է, եւ ոչ թէ` արաբներու, չիներու կամ ոեւէ այլ ազգութեան դէպի Հայաստան ներգաղթը խրախուսելը:

Հայ պաշտօնատարներուն յայտարարութիւններուն մէջ ամէնէն մտահոգիչը այն է, որ անոնց` օտարներու Հայաստան վերաբնակեցման մասին քննարկումները ուղի կը հարթեն 300 հազար ազրպէյճանցիներու Հայաստան տեղափոխման, ինչ որ կը նշանակէ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջը: Արդէն ամիսներ է` Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւ կը պահանջէ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը  300 հազար ազրպէյճանցիներ ընդունի Հայաստանի մէջ: Ան նոյնիսկ վերանուանած է Հայաստանը`  զայն կոչելով «Արեւմտեան Ազրպէյճան»: Արդեօք Թորոսեանն ու Փաշինեանը պիտի ընդլայնե՞ն իրենց հակահայկական դիրքորոշումը` մինչեւ 300 հազար ազրպէյճանցիներուն Հայաստանի մէջ ընդունուիլը: Ցաւօք, կը կարծեմ, թէ ասիկա մեծապէս հաւանական է: Իսկ եթէ Հայաստանը կործանելու համար ատիկա ալ բաւարար չըլլայ, ապա Հայաստանի սահմանէն այն կողմ կը բնակին միլիոնաւոր թուրքեր: Արդեօք Հայաստանի ղեկավարները այնքան յանդուգն պիտի գտնուի՞ն, որ հրաւիրեն մեծ թիւով թուրքեր տեղափոխուելու Հայաստան: Մտավախութիւն ունիմ, որ անոնք ունակ ըլլան նման քայլի ալ:

Օտար վերլուծաբան Խաւիեր Վիլամոր «The European Conservative» պարբերականին մէջ գրած է, որ Թորոսեանի յայտարարութիւնը` «Ներքին սուր բանավէճ բացած է ազգային ինքնութեան, ժողովրդագրութեան եւ երկրի ռազմավարական ուղղութեան շուրջ… Հայաստանը տասնամեակներ շարունակ ինքզինք բնութագրած է իբրեւ ժողովրդագրական բացառութիւն ունեցող երկիր այնպիսի տարածաշրջանի մը մէջ, որ կ՛եռայ ցեղային բախումներով, պատերազմներով եւ զանգուածային տեղահանութիւններով: Ընդամէնը երեք միլիոն բնակչութիւն ունեցող փոքր երկիրը, որուն 97-98 տոկոսը միատարր հայեր են, քաղաքականապէս ձեւաւորուած է ազգային գոյատեւման գաղափարին շուրջ` Օսմանեան ցեղասպանութենէն, խորհրդային համակարգի փլուզումէն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութենէն ետք: Այժմ, առաջին անգամն ըլլալով, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին մօտիկ գործիչներ կը սկսին հրապարակայնօրէն խօսիլ այդ նախատիպը կոտրելու մասին»:

Եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը իսկապէս հետաքրքրուած ըլլար Հայաստանի բնակչութեան աճով, ապա ամէն ինչ պիտի ընէր, որ արդէն իսկ երկրին մէջ ապրող քաղաքացիները չլքէին երկիրը: Ան պէտք էր նաեւ ապահովէր բնակարանային անհրաժեշտ պայմաններ եւ աշխատատեղեր, որ վերջին տարիներուն Իրաքէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած հայերը մնային երկրին մէջ: Ցաւօք, անոնցմէ տասնեակ հազարաւորներ արդէն հեռացած են Հայաստանէն:

Հայաստանի կառավարութեան յայտարարած` մեծաթիւ օտարներ Հայաստան բերելու մտադրութեան մերժումը ցեղապաշտութիւն չէ: Անիկա կը բխի այն իրողութենէն, որ բազմաթիւ զանգուածային կոտորածներէ եւ նոյնիսկ Ցեղասպանութենէ վերապրած հայ ժողովուրդը պարտաւոր է պահպանել իր բազմահազարամեայ քաղաքակրթութիւնը` պաշտպանելով զայն ոչնչացումէ:

http://www.thecaliforniacourier.com

 

Նախորդը

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

Յաջորդը

Տպաւորութիւններ Եւ Ապրումներ

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.