Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովին (Փարիզ, ապրիլ 11-12) ընթացքին տեղի ունեցած չորս կլոր սեղաններու քննարկումներուն ամփոփումը յառաջիկայ մեր թիւերով կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն: Այս համառօտագիրները կ՛անդրադառնան` սփիւռքի դերակատարութեան, ազգային ինքնութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ համազգային կազմակերպման հիմնական մարտահրաւէրներուն ու հեռանկարներուն: Անոնք միայն քննարկումներու արձանագրութիւններ չեն, այլ նաեւ փորձ մը` համակարգելու սփիւռքի առջեւ ծառացած հիմնական խնդիրները եւ նախանշելու ապագայի ռազմավարական, քաղաքական, կրթական ու կազմակերպչական ուղենիշները: Քննարկումներուն մէջ հնչած գաղափարներն ու առաջարկները կոչուած են նպաստելու համահայկական քննարկումին, երկխօսութեան եւ նոր նախաձեռնութիւններու ձեւաւորման:
Խորհրդաժողովին եւ կլոր սեղաններու մասնակիցներուն ու քննարկուած նիւթերուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է գտնել խորհրդաժողովի պաշտօնական կայքէջին մէջ https://spyurkconference.org/hy/:
Հայկական ներկայ սփիւռքը իր էութեամբ քաղաքական երեւոյթ է, որովհետեւ ան ստեղծուած է պատմաքաղաքական հանգամանքներու բերումով եւ գործած է ազգային-քաղաքական նպատակներով: Իր ներկայ կացութաձեւով ան ունի երկար տասնամեակներու պատմութիւն եւ ժառանգ, իր հարստութիւններով եւ թերիներով: Ճիշդ է, որ սփիւռքի հետագայ ձեւաւորումը ունեցած է այլ զարգացումներ եւս, բայց ատոնք չեն փոխած սփիւռքի հիմնական նկարագիրը եւ կերպարանքը:
Անհրաժեշտ է ունենալ այնպիսի ռազմավարութիւն, որ կը բարելաւէ սփիւռքի կեանքը, ուժ եւ կենսունակութիւն կու տայ, հաղորդակցութեան ու կառուցուածքային փոփոխութիւններով նոր որակ կը բերէ:
Սփիւռքը հայկական ինքնութեան պահպանման ու զարգացման համար կարիք ունի իր մօտեցումները եւ գործիքակազմը թարմացնելու` նպատակ ունենալով ընդլայնել հասանելիութիւնը եւ մատչելիութիւնը եւ կարեւորելով գլխաւոր դերակատարներու միջեւ համագործակցութիւնը: Այդ գործիքակազմին մաս կը կազմէ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու սերտացումը: Կենսական է նաեւ հայ երիտասարդութեան մէջ ազգային արժէքներու սերմանումը, պատասխանատուութիւն ստանձնելու պատրաստակամութեան խթանումը` իրենց վստահելով շարք մը մարտահրաւէրներու յաղթահարումը:
Անհրաժեշտ է նաեւ ձեւաւորել սփիւռքի տնտեսական կարելիութիւնները` ի նպաստ համազգային օրակարգին ուղղելու համար, նաեւ իբրեւ միջոց` տեղ ունենալու միջազգային շահերու սեղանին շուրջ:
Համազգային խնդիրներու լուծման մէջ սփիւռքի ռազմավարական դերը պէտք է ըլլայ լրացուցիչ, նախընտրաբար` պետութեան հետ համակարգուած, թէեւ ներկայ իրադրութեան մէջ յաճախ կարիքը պիտի ըլլայ շրջանցելու պաշտօնական Հայաստանը (յանձին անոր իշխանութեան) եւ «Իրական Հայաստան»-ը: «Իրական Հայաստան»-ի անձնատուութեան ռազմավարութիւնը խաղաղութեան տանող ուղի չէ: Անիկա կառավարուող անկումի, անվերջ նուազող ակնկալիքներու եւ, ի վերջոյ, ազգային ինքնասպանութեան ռազմավարութիւն է, որ չի կրնար երաշխաւորել այսօրուան անվտանգութիւնը եւ աւելի ողբերգականօրէն կը փակէ ապագայի արդարութեան վրայ հիմնուած իրական խաղաղութեան որեւէ դուռ:
Ազգը, այս պարագային` հիմնականօրէն սփիւռքի ճիգերով, պէտք է վերակազմակերպուի, մշակէ եւ կատարելագործէ այնպիսի համաշխարհային լծակներ, որպէսզի անուրանալի եւ անփոխարինելի ուժ դառնայ թէ՛ պետութեան եւ թէ՛ ազգի գոյատեւման համար:
Հայ ազգը իր ամէնէն զօրեղ վիճակին մէջ կ՛ըլլայ, երբ իր պետական եւ համազգային օրակարգերը զիրար կը լրացնեն` ընթանալով զուգահեռ ուղիներով, առաջնորդուած նոյն նպատակով: Իրականութեան մէջ այդ օրակարգերը զիրար փոխլրացնող են, եւ այդ օրակարգերը զիրար հակադրուած տեսնելը, զիրար հակադրելը արհեստական է եւ վնասակար ամբողջ ազգին, ներառեալ պետութեան գոյութեան եւ շահերուն համար:
Ցանկալի է, որ սփիւռքն ու պետութիւնը գործեն իբրեւ անկախ դերակատարներ` ուղղուած նոյն նպատակակէտին: Երբ պետութիւնը ճնշումներու ենթարկուի, ազգը պէտք է կարենայ մնալ անդրդուելի: Անկախաբար գործելով` հնարաւորութիւն կը ստեղծուի շրջանցել այնպիսի քաղաքականութիւններ, որոնք կը հարուածեն մեր պետութիւնը եւ ազգի երկարատեւ անվտանգութիւնը:
Սփիւռքի ռազմավարական, ազգային դերը համազգային խնդիրներուն լուծման մէջ այնքան է, որքան ինքը, սփիւռքը, կը փորձէ դերակատար ըլլալ: Այս ուղղութեամբ, անհրաժեշտ է, որ իր քաղաքական օրակարգին մաս դարձնէ երկու իրար շաղկապուած հարցեր` սփիւռքի հաւաքական քաղաքական կամքի դրսեւորման միջոցի` գործիքի ստեղծումը եւ հաւաքական քաղաքական կամքի ներդրումը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական օրակարգին մէջ: Այս նպատակները կարելի է իրականացնել ընտրութիւններով եւ կամ համախմբումի տարբեր միջոցներով, որոնց շուրջ անհրաժեշտ է համասփիւռքեան եւ համահայկական քննարկումներու ձեռնարկել: Բոլոր հնարաւորութիւնները եւ հաւանական խոչընդոտները նկատի ունենալով` սփիւռքը ի՛նք պիտի որոշէ իր քաղաքական օրակարգի թիրախները, ուղղութիւնն ու քայլերը:
ՀՀ հասարակութիւնը յոգնած, բարոյալքուած եւ հիասթափուած է: 1990-ական թուականներու պայքարելու կամքը գոյութիւն չունի այսօր: Հայկական իրականութիւնը այսօր տարբեր է, քան էր ընդամէնը 6-7 տարի առաջ, երբ կար համազգային օրակարգ, եւ կար այդ օրակարգը հետապնդող «եռամիասնութիւն» (Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախի Հանրապետութիւն եւ սփիւռք): Այսօր այդ նոյն համազգային օրակարգի հարցերը հետապնդող մէ՛կ հիմնական դերակատար կայ` սփի՛ւռքը: Արցախեան իշխանութիւնները չունին այն միջոցները եւ կարողութիւնները, որ ժամանակին ունէին, իսկ երրորդ դերակատարը` Հայաստանի Հանրապետութիւնը, յանձինս իր իշխանութիւններուն, այլեւս ոչ միայն չի զբաղիր Արցախի եւ Ցեղասպանութեան հարցերով, այլ հակառակը կ՛ընէ` փորձելով արգիլել եւ կամ առնուազն խոչընդոտել, որ միւս դերակատարներն ալ այդ ուղղութիւններով աշխատանք տանին:
Հետեւաբար համազգային օրակարգի հարցերու բարձրաձայնումի եւ պաշտպանութեան գործը մեծ բաժինով մնացած է սփիւռքի պատասխանատուութեան: Յատկապէս Արցախի հարցերը, 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն, Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութենէն եւ 2023-ին Արցախի ամբողջական հայաթափումէն ետք, աւելի բազմազան դարձած են` ներառելով բռնի տեղահանուած ժողովուրդի եւ գերիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, մինչեւ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանումը: Միւս կողմէն` հայկական հնագոյն հաստատութեան` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ արշաւը չի տեղաւորուիր որեւէ ազգային օրակարգի մէջ, ինչ որ ՀԱԵ-ին պաշտպանութիւնը այդ արշաւէն դարձած է համազգային օրակարգ:
Սփիւռքը, իր տարբեր կառոյցներով եւ անհատ ազդեցիկ անձնաւորութիւններու հնարաւորութիւններով, կարողութիւն ունի վեց ցամաքամասերու վրայ պաշտպանելու հայկական շահերը, պահպանելու մեր ժառանգութիւնը եւ յառաջ մղելու հայկական իղձերը: Այդ ներուժը կրնայ լրացնել պետական մակարդակի դիւանագիտութեան կառուցողական տարրերը` միաժամանակ բարձրացնելով հայկական հարցերը, բանաձեւելով, բարձրաձայնելով եւ պաշտպանելով հայութեան իրաւունքներն ու ընդլայնելով Հայաստանի Հանրապետութեան հնարաւորութիւններու դաշտը այնպիսի ձեւերով, որոնք պետական դիւանագիտութեան կարողութիւններէն տարբեր են: Գոյատեւելու համար համահայկական աշխարհը պէտք է գործէ որպէս իր սեփական ճակատագրին ինքնիշխան տէրը, զարգացող հայրենիք մը` զօրակցող սփիւռքով մը, որ ինքնին աշխարհաքաղաքական ուժ է:
Հայ սփիւռքը, որոշ առումներով, այսօր աշխարհաքաղաքական ինքնուրոյն ուժ է` աւելի ազդեցիկ, քան` շատ մը երկիրներու կառավարութիւններ: Սփիւռքը կը գործէ համաշխարհային իրականութեան մը, միջազգային այնպիսի մրցապայքարի մը մէջ, որ կը բնորոշուի պետութիւններու եւ անդրազգային ցանցերու միջեւ սուր բախումներով: Այս իրավիճակին մէջ սփիւռքի քաղաքական օրակարգի ուղղութիւններէն մէկը հայկական պետութեան անվտանգութիւնը եւ գոյատեւումը ապահովելու միտուած աշխատանքներուն աջակցութիւնն է:
Սփիւռքի ներուժը մեծցնելը, այդ ներուժը համազգային օրակարգին ծառայեցնելը կ՛ենթադրէ նաեւ այնպիսի նախաձեռնութիւններ, որոնք թէեւ իրենց ձեւով ոչ քաղաքական են, բայց էութեամբ քաղաքական են: Նման նախաձեռնութիւններու մաս կը կազմեն սփիւռքի հնարաւորութիւններու վիճակագրումը, համաշխարհային տարբեր` վերլուծական, հասարակական, արհեստագիտական, տեղեկատուական հարթակներու մէջ հայ տարրի ներկայութիւնն ու ազդեցութեան մեծացումը, հայկական պատմական եւ մշակութային կեդրոններու պահպանումը եւ նորերու ձեւաւորումը, միջհամայնքային կապերու զարգացումը եւ համագործակցութեան ձեւաւորումը, վտանգուած հայ համայնքներու պաշտպանութիւնը եւ պահպանումը:


