Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 90-րդ Առցանց Լսարան. Անընդհատ Շարժունակ Սփիւռքը` Լուսանկարչական Արուեստին Ընդմէջէն

September 11, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 90-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2026-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին: «Լոս Անճելըս-Պէյրութ-Արցախ-սփիւռքի ուղեգիծ» թեմային մասին  դասախօսեց արուեստագէտ-լուսանկարիչ Արա Օշական: Լսարանը, որուն մասնակցեցան տարբեր երկիրներէ 33 լսարանականներ, վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դասախօսը խօսեցաւ սփիւռքի անընդհատ շարժունակութեան, տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայ համայնքներու ներառական դրուածքին, ցանցային փոխկապակցուածութեան եւ միաժամանակ թէ՛ դէպի ներհայեցող եւ թէ՛ դէպի դուրս բացուող հակասական շարժումին մասին:

Այս շրջածիրին մէջ ալ ան ներկայացուց նշուած վայրերուն մէջ ապրող հայութեան կենցաղային, հաւաքական կեանքէն պատկերներ, որոնք կը յատկանշէին նշուած գաղափարները: Լուսանկարներու ընդմէջէն Օշական սփիւռքեան ոսպնեակով դիտած էր, ընտրած պահեր նաեւ Արցախէն եւ փորձած իրերու դրուածքը ներկայացնել փոխկապակցուած ցանցի իրականութեան մէջ:

Արա Օշական լուսանկարներու ցուցադրութեան ընթացքին հաստատեց, որ անցեալը մի՛շտ ներկայ է սփիւռքի մէջ, որ անյայտ տեղ է, ուր կը միատեղուին տարբեր մտայնութիւններ եւ մտածելակերպեր:

Երեք միջավայրերէն առնուած կենդանի, անմիջական եւ մտայնութիւն փոխանցող պահեր եւ պատկերներ կը յատկանշէին ամբողջ դասախօսութիւնը, որուն տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութուպեան ալիքին վրայ` https://www.youtube.com/watch?v=tsxyxidAw-A

Նախորդը

Վանս. «Իրանի Առջեւ Շատ Ընտրանքներ Չմնացին»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 11 Սեպտեմբեր 2026)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.