Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Հայ Դպրոցը. Կը Փրկենք Շէ՞նքը, Թէ՞ Կը Վերակերտենք Դպրոցը

September 10, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Հայկական դպրոցը սփիւռքի գոյատեւման կարեւորագոյն գործօններէն մէկը եղած է: Ցեղասպանութենէն ետք ան միայն կրթական հաստատութիւն չէր. ան լեզուի, ինքնութեան, մշակոյթի եւ ազգային յիշողութեան փոխանցման հիմնական միջավայրն էր:

Սակայն այսօր հարցը այլեւս միայն այն չէ, թէ ինչպէ՞ս բաց պահենք հայկական դպրոցները, այլ` ի՞նչ հայկական դպրոց կ՛ուզենք ունենալ ապագային:

Սփիւռքի գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ հայկական դպրոցը կը դիմագրաւէ` աշակերտութեան նուազում, լեզուի նահանջ, ընտանիքներու հեռացում հայկական միջավայրէն եւ այլ դպրոցներու հետ աճող մրցակցութիւն: Բայց Միջին Արեւելքի պարագան աւելի մտահոգիչ է, որովհետեւ հոս հայկական դպրոցը պատմականօրէն եղած է ամբողջ գաղութային համակարգի հիմնասիւներէն մէկը:

Ուրեմն պէտք է հարց տալ` Միջին Արեւելքի հայկական դպրոցներուն հիմնական խնդիրը միայն տնտեսական ճգնաժամն ու արտագաղթնե՞րն են:

Պատասխանը` ո՛չ: Անոնք խորացուցած են տագնապը, բայց չեն ստեղծած անոր բոլոր պատճառները:

Ինչո՞ւ հայ ծնողքը պիտի ընտրէ հայկական դպրոցը

Ահա՛ կարեւորագոյն հարցերէն մէկը:

Անցեալին հայկական դպրոց յաճախելը գրեթէ բնական շարունակութիւնն էր հայկական ընտանիքի կեանքին: Հայ մանուկը կ՛ապրէր հայկական թաղամասի մէջ, կը յաճախէր հայկական եկեղեցի կամ ակումբ, հայկական ընկերային միջավայր ունէր եւ բնականաբար կ՛երթար հայկական դպրոց:

Այսօր այդ աշխարհը փոխուած է: Ծնողքը ընտրութիւն ունի: Ան հայկական դպրոցը կը բաղդատէ այլ դպրոցներու հետ եւ կը հարցնէ` ո՞ւր զաւակս աւելի լաւ կրթութիւն պիտի ստանայ, ո՞ւր պիտի տիրապետէ անգլերէնի կամ ֆրանսերէնի, ո՞ւր պիտի ստանայ արդիական գիտելիքներ, արհեստագիտութիւն եւ համալսարանական ու մասնագիտական ապագայի համար անհրաժեշտ պատրաստութիւն:

Այս հարցումներուն կարելի չէ պատասխանել միայն ըսելով` «Հայ ես, ուրեմն զաւակդ հայկական դպրոց պէտք է ղրկես»: Ազգային պարտաւորութեան զգացումը այլեւս բաւարար կրթական ռազմավարութիւն չէ:

Հայկական դպրոցը պէտք է այնպիսի որակ ապահովէ, որ ծնողքը ստիպուած չըլլայ ընտրութիւն կատարելու ազգային ինքնութեան եւ բարձրորակ կրթութեան միջեւ:

Բայց արդեօք խնդիրը միայն կրթութեան որա՞կն է

Ո՛չ: Կայ աւելի խորքային հարց մը` ի՞նչ հայ կը փորձենք պատրաստել հայկական դպրոցին մէջ:

Շատ յաճախ մեր կրթական մտածողութիւնը կը շարունակէ հիմնուիլ «հայապահպանում» հասկացողութեան վրայ: Կը փորձենք մանուկը պահել հայ` հայերէն սորվեցնելով, պատմութիւն փոխանցելով, ազգային տօներ նշելով եւ անցեալի յիշողութիւնը պահպանելով:

Բայց ինքնութիւնը միայն պահպանուող ժառանգութիւն չէ: Ինքնութիւնը նաեւ ստեղծուող իրականութիւն է: Այսօրուան հայ երիտասարդը պէտք է հասկնայ ոչ միայն, թէ ո՛վ էինք, այլ նաեւ` ո՛վ ենք այսօր եւ ի՞նչ կրնանք ըլլալ վաղը:

Եթէ հայկականութիւնը մանուկին ներկայացնենք միայն իբրեւ պարտականութիւն, կորուստի պատմութիւն եւ անցեալին նկատմամբ պատասխանատուութիւն, կրնանք ստեղծել սերունդ մը, որ կը յարգէ իր հայկական ծագումը, բայց չի զգար անոր հետ կենդանի կապ: Հայկական դպրոցը պէտք է հայկականութիւնը վերածէ ոչ թէ բեռի, այլ` արժէքի:

Իսկ հայերէ՞նը: Այստեղ եւս պէտք է անկեղծ հարցում մը ուղղենք. կարելի՞ է հայերէնը սորվեցնել այսօր նոյն ձեւով, ինչպէս կը սորվեցնէինք յիսուն տարի առաջ:

Անշուշտ` ո՛չ: Այսօր Միջին Արեւելքի մէջ իսկ բազմաթիւ հայ մանուկներ դպրոց կը հասնին այնպիսի ընտանիքներէ, ուր հայերէնը այլեւս միակ կամ նոյնիսկ հիմնական լեզուն չէ: Անգլերէնը, ֆրանսերէնը եւ արաբերէնը մանուկին առօրեային մէջ հսկայական տեղ ունին:

Ուրեմն հայերէնի դասաւանդումը պէտք է փոխուի: Եթէ մանուկը հայկական դպրոցին մէջ հայերէնը ընկալէ իբրեւ ամէնէն դժուար, ամէնէն ծանր եւ ամէնէն նուազ հետաքրքրական դասը, մենք մեր ձեռքով զինք կը հեռացնենք լեզուէն: Նպատակը միայն քերականական կանոններ գիտցող աշակերտ պատրաստելը չէ: Նպատակը հայերէնով խօսիլ, մտածել, կարդալ, ստեղծագործել եւ հաղորդակցիլ ուզող երիտասարդ պատրաստելն է:

Պէ՞տք է շարունակենք ամէն դպրոց առանձին փրկել

Թերեւս դժուարագոյն հարցումը այս է: Միջին Արեւելքի հայութիւնը պատմականօրէն ստեղծած է դպրոցներու հարուստ ցանց մը: Այդ բազմազանութիւնը մեր ուժերէն մէկը եղած է: Սակայն երբ համայնքները կը փոքրանան, աշակերտութեան թիւը կը նուազի եւ տնտեսական միջոցները կը սահմանափակուին, պէտք է համարձակիլ հարց տալ`

մեր նպատակը ամէն գնով գոյութիւն ունեցող բոլոր կառոյցները պահե՞լն է, թէ՞ ստեղծել աւելի ուժեղ հայկական կրթական համակարգ:

Երկուքը միշտ նոյն բանը չեն: Գուցէ ժամանակն է մրցակցութենէն անցնելու համագործակցութեան: Ինչո՞ւ հայկական դպրոցները չունենան` միացեալ կրթական ծրագիրներ, ուսուցիչներու պատրաստութեան միասնական համակարգ, արդիական հայերէնի դասագիրքեր եւ թուային հարթակներ, միացեալ մշակութային եւ գիտական ծրագիրներ: Ինչո՞ւ իւրաքանչիւր դպրոց առանձին փորձէ լուծել խնդիրներ, որոնք իրականութեան մէջ ամբողջ հայութեան խնդիրներն են:

Ուրեմն ի՞նչ պէտք է փոխուի: Նախ` մտածելակերպը:

Հայկական դպրոցը պէտք չէ դիտել իբրեւ անցեալէն մեզի հասած կառոյց մը, զոր պարտաւոր ենք ամէն գնով պահել: Զայն պէտք է դիտել իբրեւ ապագայի ազգային ռազմավարական հաստատութիւն:

Երկրորդ` հայկական դպրոցը պէտք է դառնայ կրթականօրէն մրցունակ: Հայ ծնողքը իր զաւակը հայկական դպրոց ուղարկելով` պէտք չէ զգայ, որ զոհողութիւն կ՛ընէ անոր ապագային հաշուոյն:

Երրորդ` պէտք է ամբողջովին վերանայիլ հայերէնի դասաւանդման եղանակը եւ լեզուն կապել մանուկին իրական կեանքին, թուային աշխարհին, մշակոյթին եւ ստեղծագործութեան:

Չորրորդ` պէտք է ներդրում կատարել ուսուցիչին վրայ: Առանց պատրաստուած, արժանապատիւ պայմաններու մէջ աշխատող եւ նոր մտածողութիւն ունեցող ուսուցիչի` դպրոցական որեւէ բարեփոխում չի կրնար յաջողիլ:

Եւ վերջապէս, հայկական դպրոցները պէտք է սկսին իրենք զիրենք տեսնել ոչ միայն իբրեւ առանձին հաստատութիւններ, այլ` իբրեւ մէկ ընդհանուր հայկական կրթական համակարգի մասեր:

Կը փրկենք դպրո՞ցը, թէ՞ անոր առաքելութիւնը

Ահա՛ հիմնական հարցումը: Հայկական դպրոցի ապագան չենք ապահովեր միայն աշակերտութեան թիւը բարձրացնելով, կրթաթոշակ բաժնելով կամ շէնքեր պահպանելով: Այդ բոլորը անհրաժեշտ կրնան ըլլալ, բայց բաւարար չեն:

Իրական հարցումը հետեւեալն է, եթէ վաղը հայ ծնող մը հարցնէ` «Ինչո՞ւ զաւակս հայկական դպրոց ղրկեմ», մենք համոզիչ պատասխան ունի՞նք:

Եթէ մեր միակ պատասխանը «որպէսզի հայ մնայ» է, ապա մեր կրթական տեսլականը պէտք ունի վերանայման: Հայկական դպրոցը պէտք է պատրաստէ երիտասարդ մը, որ կրնայ մրցիլ աշխարհի մէջ` առանց կորսնցնելու իր ինքնութիւնը, որ` լաւ կը տիրապետէ միջազգային լեզուներու, բայց հայերէնը չի նկատեր անցեալին պատկանող լեզու, որ` կը ճանչնայ Հայոց պատմութիւնը, բայց նաեւ կը հասկնայ ժամանակակից Հայաստանը եւ սփիւռքը, եւ որ` հայկականութիւնը չի կրեր միայն իբրեւ ժառանգութիւն, այլ որովհետեւ արժէք կը տեսնէ անոր մէջ:

Հետեւաբար, մեր գաղութներու հայկական կրթութեան առջեւ այսօր դրուած մեծագոյն խնդիրը դպրոցները պարզապէս փրկելը չէ: Պէտք է վերակերտել հայկական դպրոցը` առանց կորսնցնելու անոր հայկականութիւնը: Անցեալին հայկական դպրոցը ստեղծուեցաւ մեր գոյութիւնը պահպանելու համար: Այսօր ան պէտք է վերափոխուի` մեր ապագան ստեղծելու համար:

Բայց արդեօք ո՞ւշ է

Եւ վերջապէս, թերեւս ամենադժուար հարցումը պէտք է ուղղենք մենք մեզի.

Կարելի՞ է տակաւին իրականացնել այս բոլորը, թէ՞ արդէն ուշ է անհրաժեշտ փոփոխութիւնները կատարելու եւ մեր հայկական դպրոցներն ու աշակերտները հասցնելու այն մակարդակին, որուն կը ձգտինք:

Կարծեմ` ուշ չէ: Բայց ժամանակն ալ անսահման չէ: Տարիներ շարունակ կարելի է դպրոցներու նահանջը բացատրել` արտագաղթով, տնտեսական տագնապով, աշակերտութեան թիւի նուազումով կամ ընտանիքներու փոխուող պայմաններով: Այս բոլորը իրական պատճառներ են, բայց անոնք չեն կրնար մշտական արդարացումներ դառնալ, որովհետեւ եթէ միայն արտաքին պայմանները մեղադրենք, կը խուսափինք շատ աւելի դժուար հարցումէ մը` իսկ մե՞նք ինչ չենք փոխած, երբ մեր շուրջը աշխարհը փոխուած է:

Ուստի հարցը այլեւս միայն այն չէ, թէ կրնա՞նք պահել մեր դպրոցները: Հարցը այն է, թէ պատրա՞ստ ենք փոխելու զանոնք այնքան, որքան անհրաժեշտ է` առանց կորսնցնելու անոնց հայկական դիմագիծն ու առաքելութիւնը:

Որովհետեւ տակաւին կարելի է վերականգնել վստահութիւնը, բարձրացնել կրթական մակարդակը, արդիականացնել հայերէնի դասաւանդումը, նոր սերունդի ուսուցիչներ պատրաստել եւ հայկական դպրոցը կրկին դարձնել հայ ընտանիքին գիտակից ընտրութիւնը:

Բայց եթէ շարունակենք միայն պահպանել գոյութիւն ունեցողը` առանց վերանայելու անոր բովանդակութիւնը, թերեւս օր մը իսկապէս ուշ ըլլայ:

Այսօր տակաւին հարցը այն է`, թէ ինչպէ՞ս փոխենք հայկական դպրոցը:

Վաղը կրնայ հարցը դառնալ` հայկական դպրոց մնա՞ց, որ փոխենք:

 

 

Նախորդը

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Ազատ Ոճի Ըմբիշ Արսէն Յարութիւնեանը

Յաջորդը

Մեսսի Եւ Ռոնալտօ Նոյն Խումբէն Պիտի Խաղան…

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.