Հարցազրոյցը վարեց` ՍԷՐՈՒԺ ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- 2020-ի պատերազմէն ետք Արցախը կորսնցուց իր տարածքներուն զգալի մասը, այս առումով ի՞նչ քաղաքական սխալներ կամ բացթողումներ կը նկատէք Հայաստանի, Արցախի եւ միջազգային գործընթացներուն մէջ:
ԱՐԹՈՒՐ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ.- Քաղաքական սխալներու մասին շատ դժուար է խօսիլ, թէ ի՛նչը ճիշդ էր, եւ ի՛նչը սխալ` գոնէ մինչեւ 2018 թուական: Բայց 2020-ի պատերազմէն ետք, երբ Արցախ կորսնցուց իր տարածքներուն զգալի մասը, պատկերը փոխուեցաւ. 2023-ը պարզապէս անոր շարունակութիւնն էր:
2020-ի պատերազմէն ետք փաստօրէն շատ դժուար էր խօսիլ Արցախի անկախութեան մասին, թէեւ Մինսքի համանախագահներուն կողմէ յայտարարութիւն եղաւ, թէ պատերազմէն ետք պիտի անցնէին քաղաքական կարգավիճակի որոշման, որովհետեւ նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը ընդամէնը զինադադարի յայտարարութիւն էր եւ չէր անդրադառնար Արցախի քաղաքական կացութեան:
Բայց ես խորապէս համոզուած եմ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները 2020-ին, եթէ ոչ արդէն իսկ 2018-ին, Արցախը յանձնած էին Ազրպէյճանին: Պատերազմը միջոցն էր, որպէսզի այդ հակամարտութիւնը փակուի: Այս մասին անցնող տարիներուն Նիկոլ Փաշինեան բացայայտօրէն կը խօսի:
Սխալը այն էր, որ պատերազմը սկսաւ, երբ Նիկոլ Փաշինեան ձեռնոց նետեց ոչ թէ Ազրպէյճանին, այլ ամբողջ միջազգային հանրութեան: 15 տարի Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան եւ Ֆրանսան կարգաւորման տարբերակ մը կ՛առաջարկէին, եւ յանկարծ Ն. Փաշինեան եկաւ ու ըսաւ` համաձայն չեմ, նոր բան մը առաջարկեցէք ինծի: Ասիկա սրեց քաղաքականութիւնը եւ առաջնորդեց 2020-ի յուլիսեան պատերազմին, որ սեպտեմբեր 27-ի նախաքայլն էր:
Այսինքն` ես չեմ կարծեր, թէ այդ մէկը սխալ մըն էր, այլեւ` գիտակցուած արարք էր: Ըսելով, որ` «ո՛չ թէ Ղարաբաղը կորսնցուցինք, այլ Հայաստանը գտանք» Փաշինեան Արցախը կը նկատէր Հայաստանի անկախութեան սպառնալիք, եւ հետեւաբար պէտք էր չէզոքացնէր զայն: Մինչդեռ, մեր համոզումով` Արցախը Հայաստանի անվտանգութեան եւ բարեկեցութեան երաշխաւորն էր:
Հ.- Արցախի հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ ի՞նչ աշխատանքներ իրականացուած են մինչեւ այսօր եւ, ըստ ձեզի, ի՞նչ քայլերու կարելի է ձեռնարկել միջազգային մակարդակներուն վրայ: Միաժամանակ, ինչպէ՞ս կը բնութագրէք Ազրպէյճանի կողմէ որդեգրուած Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութիւնը` որպէս մշակութային ցեղասպանութեան դրսեւորում:
Ա. Խ.- Ո՛չ մէկ բան: Ազրպէյճան հետեւողականօրէն կ՛ոչնչացնէ հայկական հետքը Արցախէն, որպէսզի ապագային արցախահայութիւնը երեւի իբրեւ եկուոր տարր, ոչ թէ բնիկ, եւ որ Արցախ չսեպուի հայկական հող: Բայց եւ այնպէս մոնկոլները 300 տարի գրաւեցին Մոսկուան, բայց Մոսկուա երբեք մոնկոլական չեղաւ:
Հայաստանի իշխանութիւնները որեւէ կերպով չեն արձագանգեր: Նախորդ խորհրդարանի վերջին նիստին ես հետեւեալ հարցումը ուղղեցի մշակոյթի նախարարին` «Ի՞նչ կ՛ընեն իշխանութիւնները Արցախի մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան համար: Լուրեր կը ստանանք, որ եկեղեցիներ կ՛ոչնչացուին: Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչը ձեւափոխուած է եւ կը ներկայացուի իբրեւ կովկասեան Աղուանքի եկեղեցի»: Ոչինչ կ՛ընեն:
Հոս կը յիշուի Օրուէլի յայտնի խօսքը. «Ով, որ կը վերահսկէ անցեալը, կը վերահսկէ ապագան, եւ ով, որ կը վերահսկէ ներկան, կը վերահսկէ անցեալը»: Այսօր Ազրպէյճան կը վերահսկէ ներկան եւ կը փորձէ փոխել անցեալը, որպէսզի ապագային ըսէ, թէ Արցախը իրենց պատմական հողն էր: Անոնք նոյնիսկ կը վախնան Արցախ բառը գործածելէ:
Այնքան ատեն որ այս իշխանութիւնները կան, Արցախի հարցը շատ դժուար է մեռեալ կէտէն շարժել: Անոնք նոյնիսկ դէմ կը խօսին Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքին: Չեն խօսիր նաեւ Պաքուի մէջ գերի պահուող ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ ուրիշ արցախցիներու` պարզ քաղաքացիներու վերադարձի իրաւունքին մասին: Միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններ եւ պետութիւններ կը խօսին վերադարձի իրաւունքի մասին, կը պահանջեն գերիներու ազատ արձակումը, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները` ձուկի պէս լուռ:
Հ. – Հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը ապահովելու համար ի՞նչ միջազգային ճնշումներ անհրաժեշտ են, ի՞նչ ուղղութեամբ պէտք է տարուի աշխատանքը, եւ ինչպիսի՞ կառոյցներ կրնան գործնական դերակատարութիւն ունենալ այս հարցի լուծման մէջ:
Ա. Խ.- Ազրպէյճանի դէմ պէտք է պատժամիջոցներ կիրարկուին` թէ՛ մեր գերիներուն վերադարձը եւ թէ՛ Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը ապահովելու համար: Բայց ատոր համար անհրաժեշտ է, որ հայկական պետութիւնը ջանք գործադրէ: Մինչդեռ ներկայ իշխանութիւններուն` նիկոլական իշխանութիւններուն, միակ նպատակն է ազրպէյճանական պահանջները հասարակութեան հրամցնել եւ համոզել, թէ անոնք կը բխին Հայաստանի շահերէն: Ազերին կը պահանջէ փոխել Հայաստանի սահմանադրութիւնը, եւ Փաշինեան կ՛ըսէ, թէ պէտք է փոխենք սահմանադրութիւնը, որովհետեւ ան մեր ինքնիշխանութեան երաշխաւորն է, եւ որովհետեւ այսօրուան սահմանադրութիւնը Հայաստանի շահերէն չի բխիր: Այս պայմաններուն մէջ ես շատ թերահաւատ եմ: Պատժամիջոցներ պէտք է ըլլան Ազրպէյճանի դէմ, Ազրպէյճան պէտք է ՄԱԿ-ի պատժամիջոցներու ենթակայ երկիրներու շարքին ըլլայ:
Հ. – 2023-ի արցախահայութեան բռնի տեղահանութենէն եւ Արցախի ամբողջական կորուստէն ետք, ի՞նչ կը նշանակէ այսօր «Արցախի քաղաքականութիւն» հասկացողութիւնը: Ի՞նչ դեր եւ առաքելութիւն կրնան ունենալ Արցախէն դուրս գործող Արցախի քաղաքական կառոյցներն ու ներկայացուցիչները:
Ա. Խ.- Եթէ իրատես ըլլանք, առաջին քայլը պէտք է ըլլայ Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքին ճանաչումը, ապա այդ վերադարձին ապահովումն ու միջազգային երաշխիքները:
Անոր համար է, որ էական է Արցախի Հանրապետութեան կառոյցներուն պահպանումը` իբրեւ Արցախի ժողովուրդին օրինական ներկայացուցիչները: Այնքան ատեն որ այդ կառոյցները գոյութիւն ունին, կայ նաեւ քաղաքական դերակատար մը, որ կրնայ խօսիլ այդ ժողովուրդին անունով:
Կարեւոր է նաեւ, որ արցախցիները համախումբ բնակին Հայաստանի մէջ, չցրուին աշխարհով մէկ, ապրին հոս, եւ իրենց ընկերային կարիքները բաւարարուին, որովհետեւ ցրուած ժողովուրդ մը չի վերադառնար: Վերադարձը կ՛ենթադրէ, որ ժողովուրդը պահէ իր միասնականութիւնը, ինքնութիւնը եւ կապը հայրենիքին հետ, որպէսզի յարմար պայմաններու ստեղծման պարագային կարենայ վերադառնալ հայրենիք` Արցախ:
Իսկ աւելի լայն առումով` Արցախի հարցը փակուած էջ մը չէ եւ պէտք է մնայ հայկական քաղաքական օրակարգին վրայ: Ա՛յս է մեր դիրքորոշումը:
28 յուլիս 2026
(Շար. 2 եւ վերջ)
***
(Շար. 1)


