Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քարիւղատար Նաւերու Վրայ Իրանեան Եւ Ամերիկեան Փոխադարձ Յարձակումներ

September 7, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ նաւերու եւ քարիւղատար նաւերու վրայ փոխադարձ յարձակումները մագլցում արձանագրեցին: Մէկ օրուան մէջ շուրջ 10 նաւեր թիրախաւորուեցան, ինչ որ հակամարտութեան մէջ նոր փուլի մը սկիզբը կ՛ահազանգէ:

Միացեալ Նահանգներ սպառնաց «ընկղմել» իրանեան քարիւղատար նաւերը, եթէ Թեհրան շարունակէ ամերիկեան ծովուժի նաւերը թիրախաւորել, իսկ իրանեան զինեալ ուժերու «Խաթեմ Անպիա» կեդրոնը շեշտեց, որ ամերիկեան մարտանաւերու վրայ հարուածները կրնան «նախկինէն աւելի ուժեղ» դառնալ:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին թիրախաւորեց ամերիկեան առանց նաւավարի նաւակ մը` շեշտելով, որ անիկա մտադիր էր Հորմուզի նեղուցին մէջ արգելոց մուտք գործել:

Պահակագունդը շաբաթ գիշեր յայտարարեց, թէ թիրախաւորած է 3 ամերիկեան նաւեր, ինչպէս նաեւ 3 քարիւղատար նաւեր, որոնք «Հորմուզի նեղուցին մէջ ոչ արտօնեալ ուղիով կը նաւարկէին»:

Յեղափոխական պահակագունդը նշեց, որ այս յարձակումները հակադարձութիւն էին նոյն օրուան ընթացքին իրանեան 3 քարիւղատար նաւերու վրայ ամերիկեան յարձակումներու:

Ամերիկեան ուժերը թիրախաւորած էին Իրանի քարիւղի տնտեսութեան ողնասիւնը ներկայացնող երկու ռազմավարական շրջաններ` անոնց մօտ հարուածելով իրանեան 3 քարիւղատար նաւեր:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի շաբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր փաքիստանցի պաշտօնակից Մոհամետ Իսհաք Տարի հետ` շրջանային զարգացումներու շուրջ շարունակուող համակարգումի եւ խորհրդակցութեան նկատմամբ նախանձախնդրութեան ծիրին մէջ:

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ երկու նախարարները շրջանային թղթածրարներու, մագլցումի մեղմացման եւ հանդարտութեան վերականգնման ջանքերուն շուրջ գնահատումներու փոխանակում կատարած են, եւ ընդգծած 18 յունիս 2026-ին Իսլամապատի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրի գործադրութիւնը շարունակելու եւ շրջանային անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը ամրապնդող ու շրջանին լայնածաւալ հակամարտութիւն մը խնայող համապարփակ համաձայնութեան մը գոյացման կարեւորութիւնը:

Նախարարութեան համաձայն, երկու նախարարները համաձայնած են յառաջիկայ փուլին երկկողմանի մակարդակի եւ շրջանային չորս կողմերու գործիքակազմի ծիրին մէջ խորհրդակցութիւնն ու սերտ գործակցութիւնը շարունակելու շուրջ:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ յայտնեց, որ Իրանի մղած գլխաւոր ճակատամարտը զինուորականին կողքին արտադրութեան եւ քաղաքացիներու ապրուստի դաշտին մէջ է` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է կարգաւորել ժողովուրդին դիմագրաւած տնտեսական ճնշումները:

Ղալիպաֆ իրանեան խորհրդարանի նիստի սկիզբը արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ իրանեան դրամանիշի սուր վերիվայրումները, սղաճը, գործազրկութիւնն ու շուկայի կառավարումը հիմնական մարտահրաւէրներ են, որոնք մեծապէս կը ճնշեն քաղաքացիներուն ապրուստի պայմաններուն վրայ:

«Ժողովուրդը, որ իր կեանքը զոհաբերեց արիւնարբու ամերիկացի թշնամիին դիմաց, կրնայ դիմանալ դժուարութիւններուն, սակայն չի կրնար հանդուրժել վատ կառավարումն ու անփութութիւնը», նշեց ան` աւելցնելով, որ իրանցիները կը սպասեն այս հարցին վերաբերեալ արագ քայլերու եւ որ ատիկա «ժողովուրդի անհերքելի իրաւունքն է»:

Ղալիպաֆ նաեւ շեշտեց. «Ամերիկան ուշ ըլլալէն առաջ պէտք է գիտակցի, թէ խաղի կանոնները փոխուած են»:

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Ամէն ինչ յստակ է: Եթէ Իրան շարունակէ ամերիկեան նաւերու վրայ կրակել, մենք պիտի ոչնչացնենք անոնց քարիւղատար նաւերը: Այն, ինչ որ անոնք պէտք է ընեն, Միացեալ Նահանգներու ծովուժին վրայ չկրակելն է»:

Փենթակոնի ղեկավարին կարծիքով, Իրանի քարիւղատար նաւատորմիղը անպաշտպան վիճակի մէջ է: Անոր համաձայն, Իրան ո՛չ ծովուժ, ո՛չ ալ օդուժ ունի, որոնք ի վիճակի պիտի ըլլան պաշտպանել այդ նաւերը:

Նախորդը

Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Մոսկուա Եւ Քիեւ Այցելեցին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.