«Մեր արմատներուն կառչիլ` վերանորոգելով
ու վերակենսաւորելով զանոնք»
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ նախաձեռնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին, ուրբաթ, 21 օգոստոս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ երիտասարդներու միջեւ անկեղծ ու մտերմիկ երկխօսութեան հաւաք մը:
Երիտասարդները այդ երեկոյ իրենց հարցումներուն, մտահոգութիւններուն ու առաջարկներուն միջոցով ո՛չ միայն իրենց ձայնը լսելի դարձուցին, այլեւ իրենց մտածումներն ու ակնկալութիւնները բացին հայրապետին առջեւ: Կաթողիկոսը հայրական ջերմութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ լսեց զանոնք` անոնց հետ խօսելու, մտածելու եւ միասին լուծման ճանապարհներ որոնելու տրամադրութեամբ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան հոգեւոր խորհրդատու եւ Երիտասարդական բաժանմունքի վարիչ Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան: Հայր սուրբը նախ փառք ու գոհութիւն յայտնեց Ամենակալին` նման գեղեցիկ առիթ մը ընծայելու համար, ապա յանուն երիտասարդներուն` իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց կաթողիկոսին, որ իր բազմազբաղ առօրեային մէջ միշտ կը գտնէ ժամանակ` երիտասարդներուն հետ ըլլալու, զանոնք լսելու եւ անոնց ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ արժեւորելու:
Առաջին հերթին Արամ Ա. իր մօտեցումն ու պատկերացումը յայտնեց երիտասարդներուն` շեշտելով անոնց կարեւոր տեղն ու առաքելութիւնը Հայ եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքի կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ` մեր կառոյցներուն, միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն մէջ:
Կաթողիկոսը անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ մենք յաճախ սովոր ենք երիտասարդներուն ըսելու, թէ ի՛նչ ընեն եւ ի՛նչ չընեն, այլ խօսքով` անոնց թելադրելու: Այս գծով ան ըսաւ. «Երիտասարդներու հետ մեր յարաբերութիւնը պէտք է ըլլայ երկխօսութեան եւ ո՛չ թէ միակողմանի թելադրանքի ձեւաչափով: Երիտասարդը պէտք է ո՛չ միայն լսէ, այլեւ խօսի: Պէտք է ո՛չ միայն իրեն հետ խօսիլ, այլեւ` զինք լսել, հասկնալ եւ անոր հետ միասին մտածել»: Վեհափառը նաեւ շեշտեց ինքնաքննական ոգիով մօտենալու կարեւորութիւնը` ընդհանրապէս մեր կեանքին ու յատկապէս ինքնութեան առնչուած խնդիրներու վերաբերեալ:
Կաթողիկոսը ընդգծեց երիտասարդներու ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը մեր կեանքին մէջ` ըսելով. «Դուք` իբրեւ երիտասարդներ, ըսելիք եւ ընելիք ունիք եւ պէ՛տք է ունենաք: Սակայն միշտ պէտք է նկատի ունենաք մեր արմատները: Պէտք չէ արմատախիլ ընել, այլ` նոր զարգացումներով ու նոր մօտեցումներով զանոնք վերակազմակերպել, վերանորոգել եւ վերահզօրացնել»:
Այս խօսքերուն մէջ յստակ էր հայոց հայրապետին պատգամը. երիտասարդութիւնը նորութիւն բերելու կոչուած է, բայց` ո՛չ իր արմատները մոռնալու: Նոր ճիւղեր կրնան աճիլ միայն այն ատեն, երբ ծառը ամուր կառչած մնայ իր արմատներուն:
Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտը դնելով երիտասարդներու գործօն մասնակցութեան վրայ` ընդգծեց, որ միասին պէտք է մտածենք, թէ ինչո՛ւ շատ մը երիտասարդներ հեռու կը մնան մեր կեանքէն: Անհրաժեշտ է անոնց հետ երկխօսիլ, լսել անոնց ձայնը, հասկնալ անոնց մտահոգութիւնները եւ զանոնք հրաւիրել մեր կեանքէն ներս` ո՛չ միայն ներկայ ըլլալու, այլեւ` միասին գործելու եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու:
Ապա հայրապետը լայնօրէն բացաւ երկխօսութեան դուռը եւ երիտասարդներուն առիթ տուաւ շուրջ երկու ժամ ուղղելու իրենց հարցումները, ներկայացնելու իրենց մտահոգութիւններն ու առաջարկները: Ան հայրական ջերմութեամբ եւ անկեղծութեամբ պատասխանեց բոլորին: Այդ պահը անցաւ պարզ հարց-պատասխանի մը սահմաններէն անդին: Տեղի ունեցաւ հօր ու որդիի միջեւ մտերմիկ ու անկեղծ զրոյց մը, ուր հարցումներուն ետին կար երիտասարդներու որոնումը, մտահոգութիւններուն ետին` իրենց Եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած սէրը, իսկ առաջարկներուն` աւելի կենդանի եւ աշխուժ հոգեւոր կեանք մը կենսագործելու փափաքը:
Այս անկեղծ երկխօսութեան ընթացքին երիտասարդները ներկայացուցին իրենց առաջարկներն ու կարիքները` մասնաւորաբար արտայայտելով աստուածաշնչական, ծիսական եւ սուրբ պատարագի բացատրութիւններու, ինչպէս նաեւ երգեցողութիւններու մասին աւելի խոր գիտելիք ու փորձառութիւն ձեռք բերելու փափաքը:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդառաջեց երիտասարդներու խնդրանքին: Անոր օրհնութեամբ, Քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ Երիտասարդական բաժանմունքներու կազմակերպութեամբ, կաթողիկոսարանիս մէջ չորեքշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին տեղի պիտի ունենայ Երիտասարդական աստուածաշնչական առաջին սերտողութիւնը:
Այսպիսով, հանդիպման երկխօսութիւնը չմնաց իբրեւ գեղեցիկ յիշատակ, այլ նաեւ դարձաւ նոր քայլի մը սկիզբը: Երիտասարդներուն հարցումները դարձան նոր նախաձեռնութիւններու առիթ, իսկ անոնց փափաքները` նոր ճանապարհի մը բացում:
Այսպէս, երեկոյի աւարտին վեհափառ հայրապետը երիտասարդները կոչեց «Հաւատքի վկաներ»:
Երիտասարդներուն համար այս կոչը նո՛ր առաքելութիւն մըն է` իրենց կեանքով վկայելու Քրիստոսի մասին, իրենց ներկայութեամբ շէնցնելու Եկեղեցին եւ իրենց հաւատքով լուսաւորելու այն միջավայրը, որուն մէջ կ՛ապրին:


