Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար կազմը եւ արտերկրի մէջ դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու ղեկավարները` նախարար Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ, այցելեցին Հայաստան-Թուրքիա սահմանի «Մարգարա» անցակէտ:
Տարեկան աշխատաժողովի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցած այցելութեան ընթացքին Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Էդուարդ Յակոբեան ներկայացուց անցակէտի վերանորոգման եւ վերասարքաւորման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքները` ընդգծելով անցակէտի` գործածութեան համար պատրաստ ըլլալը:
Հայկական կողմը վերակառուցած է հայ-թրքական սահմանի Մարգարայի անցակէտը` ծախսելով շուրջ 1 միլիառ դրամ, բայց սահմանի թրքական կողմէն Ալիճանի անցակէտը բանալ տակաւին չեն շտապեր: Իսկ սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն առջեւ «ամէնէն սեղմ ժամկէտներուն մէջ» բանալու պայմանաւորուածութիւնը Երեւանն ու Անգարան ձեռք բերած էին դեռ 2022 թուականին` չորս տարի առաջ:
Մայիսի կէսերուն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած էր, թէ հայ-թրքական երկխօսութիւնը այնքան հասունցած է, որ որեւէ պահու կրնայ ըլլալ ամբողջական կարգաւորում` տնտեսական լուրջ ձեռքբերումներով:


