Խըրխըզիստանի մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ գումարուելիք Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին պիտի մասնակցին 17 պետութիւններու ղեկավարներ, ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու այլ ղեկավարներ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Խըրխըզիստանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան:
Մասնակիցներու շարքին են ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսը, ԱՊՀ-ի ընդհանուր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւը, ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թաալաթպեք Մասատիքովը, Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբի անձնակազմի նախագահ Պաքիթժան Սակինթայեւը, եւ Ասիոյ փոխգործակցութեան եւ վստահութեան քայլերու խորհրդաժողովի ընդհանուր քարտուղար Քայրաթ Սարիպայը:
Մասնակիցները պիտի քննարկեն միջազգային եւ շրջանային օրակարգը, Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան հետագայ զարգացումը, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնը քաղաքական, առեւտրատնտեսական, փոխադրամիջոցային, թուային, բնապահպանական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ:
Վեհաժողովի ընթացքին կը նախատեսուի որդեգրել կազմակերպութեան 25-ամեակին նուիրուած հռչակագիր, շարք մը որոշումներ եւ յայտարարութիւններ: Ընդլայնուած «Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութիւն-առաւել» ձեւաչափով մասնակիցները պիտի քննարկեն ՄԱԿ-ի եւ միջազգային օրէնքի դերը, կայուն զարգացումը եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնումը:
Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի վեհաժողովը Պիշքեքի մէջ տեղի պիտի ունենայ 31 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ վեհաժողովի ծիրին մէջ կը նախատեսուի Փաշինեանի եւ Փութինի հանդիպումը, որուն ընթացքին կողմերը պիտի քննարկեն Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը:


