Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ Ս. պատարագի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու հարցը պէտք չէ լիբանանցիներուն միջեւ ճակատումի վերածուի, ո՛չ խումբի մը կողմէ մէկ այլ խումբի դէմ օգտագործուող նշանաբանի, ո՛չ ալ փողոցը հրահրելու եւ համայնքային պառակտում յառաջացնելու նիւթի: Անիկա ինքնին պետութեան կանգման, անոր միութեան ու հեղինակութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանցիները մէկ օրինականութեան ու մէկ հաստատութեան տակ ապրելուն առնչուած հարց է»:
«Անհրաժեշտ է իմաստուն եւ պատասխանատու ազգային մօտեցում, որովհետեւ պետութիւնը չի կառուցուիր մէկ գործընկերոջ յաղթանակով, այլ բոլոր գործընկերներուն իր հովանիին տակ միաւորուելով: Լիբանանի ժողովուրդը կը ձգտի բանակցութիւններու եւ ջանքերու` անցնելու պարզ սպասելէն անդին եւ հասնելու արդիւնքներու: Այդ ջանքերը պիտի դադրեցնեն յարձակումները, պիտի յանգեցնեն երկրին տարածքէն դուրս գալուն եւ պիտի վերականգնեն անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը: Որովհետեւ լիբանանեան բանակը կը մնայ միաւորող ազգային հաստատութիւնը` կրելով անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը պաշտպանելու եւ օրինական կառավարութեան իշխանութիւնը տարածելու բեռը, միջազգային հասարակութեան պարտականութիւնն է զայն զինել անհրաժեշտ պարագաներով, որպէսզի անիկա արժանանայ լիբանանցի ժողովուրդի աջակցութեան եւ մնայ ազգի եւ անոր հաստատութիւններու պատուարը», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
«Ինչ կը վերաբերի հարաւային Լիբանանին, անիկա չի կրնար մնալ սպասման եւ տառապանքի շրջան: Անոր ժողովուրդը կը կարօտի վերադառնալու իր գիւղերն ու տուները: Երկիրը կը կանչէ իր որդիներն ու դուստրերը, իսկ վնասուած տարածքները կը սպասեն վերակառուցման եւ կեանքի վերականգնման:
«Որեւէ կարգաւորում անարժէք է, եթէ մարդիկ իրենք զիրենք անվտանգ չեն զգար իրենց հողին վրայ եւ եթէ Լիբանանը չի վերականգներ իր գերիշխանութիւնը իր ամբողջ տարածքին նկատմամբ: Մենք կ՛ուզենք, որ Լիբանանը պահպանէ գործօն չէզոքութիւն, որ պիտի պաշտպանէ զայն շրջանային տէրութիւններու հակամարտութիւններէն եւ պիտի ապահովէ անոր անկախ որոշումներու կայացումը` առանց վտանգելու իր հողն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանելու իրաւունքը:
«Մենք կ՛ուզենք, որ անիկա մնայ հանդիպման հայրենիք, այլ ոչ թէ բախման ասպարէզ, երկխօսութեան կամուրջ, եւ ոչ թէ ուրիշներու հակամարտութիւններու մարտադաշտ: Երբ Լիբանանի նկատմամբ մեր սէրը կը դառնայ գործողութիւն, եւ ոչ թէ պարզապէս խօսք, ապա մենք կրնանք յոյս ունենալ մեր ցանկալի փրկութեան եւ մեր արժանի հայրենիքին նկատմամբ», յայտնեց Ռայի պատրիարքը:


