Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ Իսլամապատ բարեկամ պետութիւններու հետ գործակցաբար կը շարունակէ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ միջնորդութեան ջանքերը:
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ փաքիստանեան բանակի հրամանատար զօր. Ասեմ Մունիր Թեհրան այցելած է միջնորդութեան ծիրին մէջ` վերանորոգելու համար Հորմուզի նեղուցը բանալու ջանքերը:
Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարար Քրիս Ռայթ յայտարարեց. «Կ՛ուզենք Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերջ տալ բանակցութիւններու եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կողմէ ստուգման գործողութիւններու ճամբով»:
«Մեր նպատակն է, որ Իրան հիւլէական զէնք չունենայ, ըլլայ այդ բանակցութիւններու, ստուգման կամ ուժի կիրարկման ճամբով», նշեց նախարարը:
«Չենք կրնար թոյլ տալ, որ Իրան յաւիտեանս վտանգէ աշխարհի ուժանիւթի մատակարարումները», ըսաւ Ռայթ:
Իրանի գործադիր հարցերով փոխնախագահ Մոհամետ Ժաաֆար Քայեմպանահ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու իրանեան նաւահանգիստներու դէմ հաստատած շրջափակումը պատճառ կը դառնայ, որ իր երկիրը վառելանիւթ չկարենայ ներածել, մինչ տեղական արտադրութիւնը տեղական կարիքներու բաւարարման համար բաւարար չէ:
Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանի երէկ այցելեց Թեհրան, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց. «Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են նաեւ առաջարկուող փուլային քայլերուն վերաբերող ընթացիկ հարցերը, որոնք կը ներառեն Հորմուզի նեղուցին մէջ ժամանակաւոր միացեալ նաւագնացային միջանցքի ստեղծումը, ինչպէս նաեւ նեղուցի ականազերծման համատեղ նախագիծը»:
Կողմերը ընդգծած են դիւանագիտական ջանքերու շարունակման կարեւորութիւնը` լարուածութեան նուազեցման եւ երկխօսութեան միջոցով տարակարծութիւններու կարգաւորման համար:
Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լիւիթ «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց. «Իրանի մէջ տնտեսական մեկուսացման քաղաքականութեան վրայ կը կեդրոնանանք, եւ ներկայիս ընթացող բանակցութիւններ չկան»:


