Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 27, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ». «Երկու արտաքին գործօններ` ամերիկեան եւ իսրայէլեան, կը խոչընդոտեն Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու յառաջընթացը: Նոյնիսկ եթէ տեղի ունենայ բանակցութիւններու 8-րդ փուլը, որուն թուականը տակաւին չէ նշանակուած, եւ նոյնիսկ եթէ Ուաշինկթըն փորձէ ճնշում գործադրել Իսրայէլի կառավարութեան վրայ` Ալի Թահեր շրջանը առանց իսրայէլեան հարուածներու ենթարկելու լիբանանեան բանակին յանձնելու: Պաշտօնական Լիբանանը բանակցութիւնները կը դիտարկէ իբրեւ «ժամանակ անցընելու» փուլ` սպասելով հոկտեմբերէն ու նոյեմբերէն ետք եկող ժամանակահատուածին»:

. «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթ. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններուն 8-րդ փուլը կը սպասէ Ուաշինկթընի որոշումին, վերջինս չ՛աճապարեր թուականի ճշդման` կարելիութիւն տալով ստեղծելու համապատասխան մթնոլորտ, որպէսզի Հռոմի մէջ երրորդ անգամ տեղի ունենալիք հանդիպումը արդիւնաւէտ ըլլայ արձանագրելու համար յառաջընթաց, որուն վրայ կարելի պիտի ըլլայ կառուցել` փակուղիէն դուրս գալու եւ շրջագծային համաձայնագիրի գործադրութեան աւարտը դիւրացնելու համար»:

. ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ առնչակից քաղաքական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ»-ին. «Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլի հետ խորհրդակցութիւնները կ՛աշխուժացնեն, բանակցութիւններուն յարատեւման վրայ կը պնդեն, եւ 8-րդ փուլի թուականի ճշդումը կը կապեն իրագործմանը բեկումի մը, որ կը վերացնէ խոչընդոտները, որոնք շրջագծային համաձայնութեան գործադրութեան ամբողջացումը կ՛արգելակեն: Բեկումի արձանագրման միակ արգելքը Իսրայէլի դժկամութիւնն է»:

. «ԱՆՊԱ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ աղբիւր մը զգուշացուցած է «վտանգաւոր խնդիրէ», եթէ Ալի Թահերի բարձունքներուն վրայ արձանագրուի դաշտային զարգացում մը, որ կը յանգեցնէ այդ դիրքին վրայ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի սպաներու կամ անդամներու թիրախաւորման կամ Իսրայէլ այդտեղ մուտք գործէ, եւ Իրան որոշէ հեռահար հրթիռներով կամ որեւէ այլ զինուորական քայլով հակադարձել»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս Միտիա»-ին. «ՖԻՆԻՒԼ-ը մէկ այլ առաքելութեամբ փոխարինելը անպայման ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը վերականգնելու կամ կողմերու յանձնառութիւններուն բովանդակութիւնը նկատի ունեցող նոր որոշումի հրապարակում չի նշանակեր, սակայն նոր առաքելութեան ստեղծումը ինքնաբերաբար կ՛ենթադրէ Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որդեգրուած որոշում մը, որ կը ճշդէ անոր լիազօրութիւնը, առաքելութիւնն ու աշխատանքային մեքանիզմը»:

. «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթ. «Իսրայէլեան բանակը սահմանափակումներ հաստատած է հարաւային Լիբանանի երեք պաշարուած քրիստոնէական գիւղաքաղաքներու բնակիչներու տեղաշարժին վրայ` սահմանելով Լիբանանի ներքին շրջաններ եւ այնտեղէն տեղաշարժին ուղի, որ կը սահմանափակուի Նաքուրա քաղաքով եւ կը գործադրուի ինքնաշարժներու ամէն օր մեկնող շարասիւներով:

«Բնակիչները պարտաւոր են յայտնել իրենց փոխադրամիջոցներու եւ այդ տարածք մեկնելու մտադրութիւն ունեցող անձերու տուեալները»:

Նախորդը

Ծանրաբարձութիւն. Տիգրան Աւետիսեան Ոսկի Մետալ Շահեցաւ. Հայաստանի Յաջող Ելոյթները

Յաջորդը

Պըն Զայետի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Սալամ Բարձր Գնահատեց Էմիրաթական Պատուիրակութեան Լիբանան Այցելութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ  Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը

October 12, 2026
«Հըզպալլան Իրանէն  200 Միլիոն Տոլար Չստացաւ»  Կ՛ըսէ Փիկըթ
Լիբանանեան

«Հըզպալլան Իրանէն 200 Միլիոն Տոլար Չստացաւ» Կ՛ըսէ Փիկըթ

October 12, 2026
«Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան  Նախարարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ,  Որ Երիտասարդները Ազգային Կեանքի Մէջ  Իսկական Տեղ Ունենան»  Կ՛ըսէ Պայրագտարեան
Լիբանանեան

«Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ, Որ Երիտասարդները Ազգային Կեանքի Մէջ Իսկական Տեղ Ունենան» Կ՛ըսէ Պայրագտարեան

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.