Նախորդ հատորներուն նման ահա առցանց լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի նոր հատորը` «Ոստայն 21-Ձայնն Այլոց», ուր 230 էջերով ի մի բերուած են 55 գրութիւններ, որոնք բոլորն ալ թարգմանութիւններ են: Անոնք գրուած են ուրիշներո՛ւ կողմէ, որոնք, բացի երեք անուններէ, հայեր չեն:
Հատորին սկիզբը կը նշուի, թէ թարգմանութիւններուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ունի ոչ գրական բնոյթ, ուստի անոնք զետեղուած են ընդհանուր «Իմացական դաշտ» բաժնին մէջ, իսկ գրական գործերը` «Գրական դաշտ» բաժնին: Այս վերջիններուն մաս կը կազմեն երկու բանաստեղծութիւն, մէկը` Պարոյր Սեւակէն` ֆրանսերէնի թարգմանուած, միւսը Փոլ Էլիւարէն` հայերէնի:
Ընթերցողը այս հատորին մէջ պիտի գտնէ Վրէժ-Արմէնի թարգմանական առաջին փորձերէն ալ նմուշներ, որոնք վկայութիւն մը կը հանդիսանան իր հետաքրքրութիւններուն` վաղ տարիքէն սկսեալ: Ան դիտել կու տայ, թէ` «Նոյնը կրնամ ըսել 67 տարիներու վրայ երկարող այս բոլոր գրութիւններուն համար, որոնց արծարծած հարցերը մեր ընդհանրական, համամարդկային հարցերն են, որոնք իրենց լուծման կը սպասեն տակաւին»:
Հեղինակներէն ոմանք իրենց կեանքին ընթացքին մեծ դերակատարութիւն ունեցած անձեր են, ինչպէս` Վացլաւ Հաւել, Ալեքսանտր Սոլժենիցին կամ Տէյվիտ Լուիս, իսկ ուրիշներ ալ աշխարհի հարցերը լաւապէս դիտած ու մեկնաբանած մտածողներ են, ինչպէս` Չարլզ Թէյլըր, Ժան Տանիէլ կամ Ճըրմէյն Կրիր: Գրական կտորներ թարգմանուած են Նանսի Հիւսթընէն, Հանս Ռիմանէն, Ֆրետ Փելըրէնէն եւ ուրիշներէ:
Այս հատորը ձօնուած է` «Տարիներու գործակցիս ու աշխատակցիս, բայց մանաւանդ հայերէնի աչալուրջ հսկիչիս` Արմենակ Եղիայեանի անմոռ յիշատակին», կը գրէ Վրէժ-Արմէն: Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր կեանքի ընկերոջ` Նազիկին, որ միշտ իր առաջին ընթերցողն ու սրբագրիչը կը հանդիսանայ, Սոնա Թիթիզեան-Կէտիկեանին, որ բծախնդիր շարագրողն է չթուայնացած իր յօդուածներուն, եւ Իշխան Չիֆթճեանին, որ իր Հայերէն blog կայքէջին վրայ կը հիւրընկալէ Վրէժ-Արմէնին հատորները: Անոնք բոլորը, կարելի է կարդալ այստեղ` https://hayerenblog.wordpress.com / «Գիրքեր» բաժինին մէջ, իսկ հեղինակին նամականիէն կարեւոր մաս մը` «Անտիպ» բաժինին մէջ: Տես ՈՍՏԱՅՆ 21-ՁԱՅՆՆ ԱՅԼՈՑ-Հայերէն blog:
Բարի ընթերցում:


