Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 25, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ Լիբանանի դեսպան Թարեք Մնէյմնէի հետ քննարկեց էմիրաթցի գործարարներու 26 եւ 27 օգոստոսին Լիբանան այցելութեան պատրաստութիւնները:

. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսան եւ անոր հետ քննարկեց երկրի ապահովական կացութիւնն ու զինուորական հաստատութեան իրավիճակը:

. ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլայի հետ բանակցութիւններ վարած է:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն որեւէ պահու կրնայ բանակցութիւններուն որեւէ թուական ճշդել, սակայն այդ բոլորը կախեալ են քաղաքական զարգացումներէն, եւ այն բանէն, թէ Ամերիկան ու Թել Աւիւը ի՛նչ կ՛ուզեն»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ստուգման յանձնախումբը մինչեւ հիմա որեւէ յառաջընթաց չարձանագրեց, մանաւանդ որ այս թղթածրարը նաեւ կապուած է ամերիկացիներու որոշումին, ինչ որ հարցերը կը պահէ տեղքայլի մէջ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Իտալական դերակատարութիւնը այլեւս առանցքային դարձաւ յառաջիկայ դասաւորումներուն մէջ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի ՖԻՆԻՒԼ-ին այլընտրանք եղող ուժերուն, որոնց մէջ Հռոմի դերակատարութիւնը գրեթէ վճռուած է` նկատի ունենալով, որ իտալական ուժերը որեւէ այլընտրանքային ուժերու ողնասիւնը պիտի ըլլան»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ շրջանակներ «Ասաս»-ին. «Ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ալի Թահերի բարձունքներուն վրայ, որովհետեւ անոնք թիրախներ են, զորս Նեթանիահուն կրնայ օգտագործել իսրայէլեան ընտրութիւններուն մէջ` քննութեան ենթարկելու համար նոր ապահովական իրողութիւն մը պարտադրելու իր կարողութիւնը, եւ զայն իբրեւ յաւելեալ ձեռքբերում ներկայացնելու քուէարկողին»:

. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, որ Նեթանիահուն Լիբանանի մէջ զինուորական ճնշումը օգտագործէ` իբրեւ ընտրական վերջին խաղաքարտ, մանաւանդ որ վարչապետի պաշտօնը պահելը երաշխաւորուած չէ եւ կարիքը ունի մեծ յաղթանակի մը, որ իսրայէլացիները կը մղէ իրեն կառչելու»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «փորձնական երեք շրջանները` Զաութար Ղարպիէն, Սրիֆան ու Ֆրունը, ուր լիբանանեան բանակը տեղակայուեցաւ, Իսրայէլի վերահսկողութեան տակ էր, եւ այդտեղ Հըզպալլան ներկայութիւն չունէր, անկախ զինաթափման հոլովոյթին վերահսկող պետութեան վերաբերեալ համաձայնութեան գոյացման ուշացումէն»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Հըզպալլայի Ուաշինկթընի հետ բանակցելու պատրաստակամութիւն յայտնելը պիտի փոխէ ներկայ հաւասարակշռութեան բնոյթը եւ դուռ բանայ բանակցային բարդութիւններու, ուր խնդրոյ առարկայ պիտի դառնայ այս շրջադարձը յաղթահարելու լիբանանեան պետութեան կարողութիւնը»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Քումաթիի յայտարարութիւնը, թէ Հըզպալլան ամբողջովին չէ փակած ամերիկացիներու հետ ուղիղ հաղորդակցութեան դուռը, եւ որ որոշումը պիտի տրուի շահերէն եւ համապատասխան հանգամանքներէն մեկնելով, կը վկայէ անոր ղեկավարութեան մէջ գոյութիւն ունեցող անհամապատասխանութեան եւ շփոթահարութեան մասին»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Ամերիկեան վարչակազմը այժմ տեղեակ է լիբանանեան բանակի կարողութիւններէն. անիկա չունի եւ ո՛չ ալ կրնայ շուտով ձեռք բերել անհրաժեշտ մարդկային ուժը, սարքաւորումները կամ ներքին համախմբուածութիւնը` գրեթէ բոլոր կարեւոր ոլորտներուն մէջ զինք գերազանցող զինեալ շարժումը զինաթափելու համար»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Պեքայի մէջ որեւէ ճակատամարտի բնոյթը կրնայ իսրայէլացիներուն համար Հարաւի ճակատամարտէն աւելի դիւրին ըլլալ յստակ պատճառով մը, որ Հարաւը աշխարհագրութիւն է, ուր լեռներն ու ձորերը մարտիկին կողքին կը կռուին, իսկ Պեքան լայն ու բաց տարածութիւններով դաշտ է, ուր չկան իրարու կցուած լեռներ, որոնք իւրաքանչիւր կէտ ամրոցի կը վերածեն»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայան. «Հըզպալլան զինադադարը կը շահագործէ եւ իր ուժը կ՛ամրապնդէ Իրանէն զէնքի փոխադրման բազմաթիւ գործողութիւններու ճամբով»:

. ՖԱՐԵՍ Պուէյզ «Տիար» օրաթերթին. «Սուրիոյ Լիբանանի մէջ ճակատումին մասնակցութիւնը դիւրին չէ, որովհետեւ Սուրիոյ նախագահ Շարհը բոլոր խմբաւորումներուն վրայ վերահսկողութիւն չունի, եւ Հըզպալլայի հետ որեւէ սուրիական ճակատում կրնայ Սուրիա-Իրաք սահմանին վրայ Իրանի հետ ճակատում յառաջացնել»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Վերջերս հաստատուած պատժամիջոցներու կարեւորագոյն կողմը Միացեալ Նահանգներու գործադիր թիւ 13224 հրամանագիրի համաձայն վերանուանումն է` հիմնուելով «Քուտս» զօրամասի աշխատանքին վրայ: Այս որակաւորումը յատուկ կերպով կարեւոր է, որովհետեւ կ՛ամրապնդէ Հըզպալլայի` իբրեւ Իրանի գործակատար, եւ ոչ թէ անկախ գործող կազմակերպութիւն բնութագրումը»:

Աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան»-ին կ՛աւելցնէ. «Այս մօտեցումը լիբանանեան թղթածրարին վրայ ուղղակի անդրադարձ ունի, որովհետեւ Ուաշինկթըն Հըզպալլայի շրջանային դերակատարութիւնն ու Լիբանանի գերիշխանութեան հարցը յստակ կերպով իրարու կը կապէ»:

. ԿՐՕՆԱԿԱՆ շրջանակներ «Ախպար» օրաթերթին. «Տար Ֆաթուայի մէջ Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնակատարութիւնը վերածուեցաւ հանրապետութեան միւֆթի Տրիանի կողմէ իր պաշտօնավարման ժամկէտի երկարաձգման մարտահրաւէրին դէմ մղուած կանխարգելիչ պայքարի նման բանի մը` շէյխերու եւ կրօնական հաստատութիւններու աշխատակիցներուն վրայ ճնշում կը բանեցուի մասնակցելու համար, մեծ թիւով մարդիկ զօրաշարժի ենթարկելով եւ անվճար փոխադրութիւն ապահովելով»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Միւֆթի Տրիանը մեծ յոյս կը կապէ այդ մեծաթիւ համախմբման, որպէսզի զայն իր պաշտօնին վրայ մնալու օրինականութեան վերաբերեալ իբրեւ ժողովրդային հանրաքուէ ներկայացնէ, մանաւանդ որ պետական խորհուրդը կը պատրաստուի հրապարակել անոր լիազօրութիւններու ժամկէտը երկարաձգելու նիստի օրինականութեան վերաբերեալ իր վերջնական որոշումը»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար Վճռաբեկ դատարանի իններորդ սենեակի ղեկավար, դատաւոր Հապիպ Ռըզքալլան իրեն հետ նախագահական պալատ տարաւ` անոր անունը որոշում կայացնող շրջանակներուն ներկայացնելու` Գերագոյն դատական խորհուրդի ղեկավարի պաշտօնին վրայ դատաւոր Սուհէյլ Ապպուտին փոխարինելու համար»:

. «ԱԽՊԱՐ»-Ի տուեալներուն համաձայն, «Նասսարի քայլը փորձ մըն է ճամբան փակելու ռազմական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատաւոր Քլոտ Ղանեմի, որ նախագահ Աունի մերձաւորներու աջակցութիւնը վայելելով կը նկատուի Գերագոյն դատական խորհուրդի ղեկավարի պաշտօնը ստանձնելու ամէնէն հաւանական թեկնածուն»:

. ՇԻԻ երկեակին մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի իմամ Սատըրի անհետացման յիշատակի ոգեկոչման ընթացքին արտասանելիք խօսքը պիտի արտացոլացնէ բանակցութիւններու մերժումէն դէպի յաւելեալ առաջարկներ անցումը` այն սպասումով, որ անոնք ամերիկացիներուն մօտ նախկինէն աւելի արձագանգ կը գտնեն»:

Նախորդը

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Պրումմանայի Վազքի Փառատօնին Աւելի Քան 2 Հազար Մարզիկներ Վազեցին

Յաջորդը

Շէյխ Քապալան. «Իշխանութիւնը Պեքայի, Հարաւային Արուարձաններու Եւ Հարաւի Բնակիչները Կը Պատժէ»

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.