Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

August 20, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 16 օգոստոս 2026-ի, օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Սուրբ պատարագը մատուցեց յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ խաղողօրհնէքը կատարեց կաթողիկոսարանիս դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեան:

Սրբազան հայրը քարոզը հիմնեց «Մայր սուրբ, բարեխօսեա՛» աղերսանքին վրայ` բացատրելով տօնին առնչուած երկու կարեւոր խորհուրդները` «մայրութիւն» եւ «բարեխօսութիւն»: Առանձնացնելով Աստուածամօր «Մայրութիւն» կերպարը` ան ըսաւ, որ Սուրբ Մարիամ մնաց խաչը բարձրացած Քրիստոսի ոտքերուն տակ: Տաճատ սրբազան անոր մայրութեան անդրադարձաւ ոգեղէն եւ նիւթեղէն դիտանկիւններէ եւ ընդգծեց, որ քրիստոնէական հաւատքի մեծագոյն դասերէն է հաւատալ` երբ նոյնիսկ աչքերը չեն տեսներ, վստահիլ` երբ ճանապարհը մութ է, մնալ Քրիստոսի կողքին` երբ խաչը ծանր է: Առ այդ, ան յորդորեց մայրերը ամուր մնալ Քրիստոսով, նոյնիսկ երբ զաւակներուն ծանրութիւնը կը տկարացնէ ուսերը, որովհետեւ Քրիստոս Իր մօր ընդմէջէն պիտի դառնայ օգնական դժուար պայմաններով շրջապատուած իւրաքանչիւր մօր: Քարոզիչ սրբազանը յիշեցուց, որ Սուրբ Աստուածածին վանքի ուխտի շաբթուան ընթացքին ուխտաւորներ վերանորոգուեցան Աստուածամօր մեզի փոխանցած պատգամներով ու խորհուրդներով, եւ քաջալերեց հաւատացեալները գործադրել զանոնք` վստահելով Քրիստոսի:

Բացատրելով «Բարեխօսութեան» իմաստը, սրբազան հայրը յորդորեց հաւատացեալները չվարանելու դիմելէ Աստուածամօր բարեխօսութեան, ինչպէս որ մանուկ մը իր մօր բարեխօսութիւնը կը խնդրէ հօր մօտ. «Այս հրաշափառ տօնին առիթով, դիմենք Աստուածամօր եւ ըսենք.- Դո՜ւն, որ Քրիստոսը կրեցիր քու սրտիդ եւ արգանդին մէջ, դո՜ւն, որ խաչին մօտ չլքեցիր Որդիդ, դո՜ւն, որ այսօր կը կանգնիս երկնային փառքի մէջ, քու մայրական բարեխօսութիւնդ բարձրացո՜ւր առ Աստուած եւ բարեխօսէ մեր ժողովուրդին համար, մեր ընտանիքներուն, երիտասարդներուն, ննջեցեալներուն եւ մեր Սուրբ եկեղեցւոյ համար: Առաջնորդէ մեզ դէպի քու Որդիդ` Յիսուս Քրիստոսը, որուն կը պատկանի փառքը, իշխանութիւնն ու պատիւը» ըսելով` եզրափակեց իր քարոզը:

Սուրբ պատարագի աւարտին, Տաճատ եպիսկոպոս նախագահեց խաղողօրհնէքի արարողութեան, որ, աւանդութեան համաձայն, առաջին բերքի նուիրումն է Աստուծոյ, եւ Հայ եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի Աստուածածնայ վերափոխման տօնին, որովհետեւ անկէ ծնաւ Կեանքի պտուղը` Քրիստոս, որ ըսած էր` «Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը» (Յհ 15.1):

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնի Նշում` Համանուն Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.