Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Պարգեւատրուեցաւ ԹՈՒՄՕ–ի Հիմնադիր Սեմ Սիմոնեանը
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատրեան ԹՈՒՄՕ-ի հիմնադիր Սեմ Սիմոնեանը պարգեւատրեց «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի շքանշանով` կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, տնտեսութեան զարգացման եւ հայապահպանութեան մէջ ունեցած երկարամեայ ու նշանակալից աւանդին համար:
Արարողութեան ընթացքին նախագահը անդրադարձաւ նաեւ ԹՈՒՄՕ-ի հետ իր անձնական կապին` նշելով, որ իր մանկութեան օրերու թաղամասին մէջ տարիներ ետք կառուցուեցաւ ԹՈՒՄՕ-ն, որուն երդիքին տակ այսօր հազարաւոր պատանիներ կը կերտեն իրենց ապագան:
Նախագահը նաեւ ընդգծեց, որ յատկապէս հպարտ է` տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս ԹՈՒՄՕ-ի կրթական ծրագիրը յաջողութեամբ Հայաստանէն կ՛արտածուի եւ կը տարածուի ամբողջ աշխարհի մէջ` հասնելով մեր երկրի սահմաններէն շատ հեռու ապրող պատանիներուն:
Վ. Խաչատրեան շնորհաւորեց Սիմոնեանը եւ դրուատեց անոր երկարամեայ ծառայութիւնը հայրենիքին` մաղթելով նորանոր նուաճումներ եւ շարունակական արդիւնաւէտ աշխատանք:
Ընդունելով պարգեւը` Սեմ Սիմոնեան զայն բաժնեկցեցաւ իր կնոջ` Սիլվա Սիմոնեանի հետ, որ իրեն հետ միասնաբար իրագործած է այս ծրագիրը իրենց իսկ ստեղծած «Սիմոնեան» կրթական հիմնադրամին միջոցներով:
Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ–ՀԵՄ–ի 2026-ի Բանակումը` «Պայքարը Շարունակւում Է» Խորագիրով
3-9 օգոստոսին Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ՀԵՄ-ի այս տարուան բանակումը, որ կը կրէ «Պայքարը շարունակւում է» խորագիրը:
Բանակումին մասնակցեցան շուրջ 300 երիտասարդներ` Հայաստանի տարբեր մարզերէն:
Բանակումը հարուստ էր` խմբային աշխատանքներով, խաղերով, արշաւներով, արկածախնդրական փորձառութիւններով, ազգային երգ ու պարով եւ կարեւոր քննարկումներով:
Դասախօսութիւններով հանդէս եկան շարք մը գործիչներ` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Բիւրոյի աշխատակազմի ղեկավար Սարգիս Մկրտչեան, ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ ներկայացուցիչ եւ «Կամաւորական շարժում» կազմակերպութեան նախագահ Հրանդ Մարգարեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախկին նախագահ Սիմոն Սիմոնեան, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ ՀՅԴ-ՀԵՄ Կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ ներկայացուցիչ Գոռ Սարգսեան եւ ՀՅԴ-ի անդամ Ժիրայր Պէօճեքեան:
Բանակումը հիւրընկալեց նաեւ Շուշիի առանձնակի գումարտակի հրամանատարական կազմի անդամներ` Արտաշէս Մխիթարեանը, Անդրանիկ Ափոյեանը, Պորիս Տէր Յովհաննիսեանը, ինչպէս նաեւ` արդարութեան մարտիկ, ՀՅԴ-ի անդամ Համբիկ Սասունեանը:
Բանակումը ամփոփուեցաւ խարուկահանդէսով, որուն մասնակցեցան հին եւ նոր ՀԵՄ-ականներ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանը Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Նուիրեց Շարք Մը Արժէքաւոր Հրատարակութիւններ
Հայաստանի Ազգային գրադարանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանը տասնամեակներու համագործակցութեան պատմութիւն ունին` միաւորուած հայ գրաւոր ժառանգութեան պահպանման, ուսումնասիրման եւ հանրահռչակման ընդհանուր առաքելութեամբ:
Վերջերս Ազգային գրադարան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ Շահան արք. Սարգիսեանը: Այցելութեան ընթացքին Շահան սրբազանը, հաւատարիմ` ձեւաւորուած աւանդոյթին, գրադարանին նուիրեց հայագիտական արժէքաւոր շարք մը հրատարակութիւններ, որոնք պիտի համալրեն գրադարանի հաւաքածոները, ինչպէս նաեւ հասանելի պիտի դառնան ընթերցողներուն եւ հետազօտողներուն:
Յիշեցնենք, որ 2021 թուականին Հայաստանի Ազգային գրադարանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանին միջեւ կնքուած է փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան յուշագիր, որ կը նախատեսէ` միացեալ ցուցադրութիւններու եւ գիտաժողովներու կազմակերպում, հայ գիրքի եւ մամուլի հրապարակման պատճէններու փոխանակում, մասնագէտներու փոխայցելութիւններ, հրատարակչական ծրագիրներու իրականացում եւ համացանցային միացեալ նախաձեռնութիւններու զարգացում:
Հայաստանի Ազգային գրադարանը խորին երախտագիտութեամբ ընդունեց գրադարանի հաւաքածոները հարստացնող բոլոր նուիրատուութիւնները եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց նուիրատուներուն` ազգային գրաւոր ժառանգութեան պահպանման եւ հարստացման գործին մէջ ունեցած կարեւոր ներդրման համար:
«Յանուն Արցախի»` Միասին, Արցախ Վերադառնալու Հաւատքով
ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան միացեալ նախաձեռնութեամբ, այս տարի եւս կայացաւ «Յանուն Արցախի» խորագրով երիտասարդական բանակումը, որուն մասնակցեցան 13-18 տարեկան շուրջ 160 պատանիներ եւ երիտասարդներ` Արցախէն եւ սփիւռքէն:
Տեղահանութենէն ի վեր կազմակերպուող այս բանակումները դարձած են արցախցի երիտասարդութեան համախմբման կարեւոր օճախները: Այստեղ անոնք ո՛չ միայն միասին օրեր կ՛ապրին, այլեւ կը ճանչնան, կը լսեն եւ կը հասկնան զիրար, կը կիսուին Արցախէն բերուած յիշողութիւններով եւ միասին կը պահեն այն, ինչ որ ոչ ոք կրնայ մեզմէ խլել` Արցախի նկատմամբ մեր կապն ու վերադարձի հաւատքը:
Մէկ շաբթուան ընթացքին բանակումի մասնակիցները ներգրաւուեցան ազգային, կրթական, մշակութային եւ մարզական ծրագիրներու մէջ, մասնակցեցան երգի ու պարի դասերու, խմբային աշխատանքներու եւ տարբեր նախաձեռնութիւններու:
Առանձնայատուկ տեղ յատկացուեցաւ արցախեան մշակութային ժառանգութեան պահպանման: Արցախեան բարբառը, երգը, պարը, աւանդոյթներն ու յիշողութիւնները դարձան այն անտեսանելի թելը, որ կը միաւորէր բոլորը:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան հանդէս եկաւ դասախօսութեամբ` անդրադառնալով Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ ռազմագերիներու հարցին: Ան ընդգծեց, որ Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող մեր հայրենակիցները կը պահպանեն ամուր ոգին եւ արժանապատիւ կեցուածքը: Ան շեշտեց, որ գերիներու վերադարձի եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցը պէտք է մնայ համազգային օրակարգի առաջնահերթութիւններու շարքին, իսկ երիտասարդութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունի այդ պայքարը յառաջ մղելու գործին մէջ:
Բանակումը նաեւ կարելիութիւն ընձեռեց ծանօթանալու Հայաստանին: Գոշավանքը, Թէժառոյքի վանական համալիրը, Գոշ լիճը մասնակիցներուն համար դարձան նոր բացայայտումներ եւ հայրենի հողի հետ կապը աւելի ամրապնդող գեղեցիկ յիշողութիւններ:
Բռնագրաւուած Հադրութի Մէջ Պղծուած Է 1621-ին Կառուցուած Սուրբ Յարութիւն Հայկական Եկեղեցին
Հասարակական գործիչ Ալեն Ղուլեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ ազրպէյճանական ընկերային ցանցերուն մէջ հրապարակուած տեսանիւթէն կը բացայայտուի, որ պղծուած է բռնագրաւուած Արցախի` Հադրութի Սուրբ Յարութիւն հայկական եկեղեցին, որ կառուցուած է 1621-ին:
Հրապարակելով նաեւ տեսանիւթը` ան գրած է. «Տեսանիւթում յստակ երեւում է, որ տաճարի պատերը պատուած են գրառումներով ու աղաւաղուած են, իսկ գմբէթի խաչը` ոչնչացուած: Ընդ որում, խաչը քանդուել է 2022 թուականից յետոյ: Այն շրջանի նկարներում, երբ Հադրութի բռնազաւթումից յետոյ ազրպէյճանական վարչակարգը տաճարը յայտարարեց իբր «աղուանական» եւ այնտեղ ուղարկեց, այսպէս կոչուած, «աղուանա-ուտիական քրիստոնէական համայնքի» ներկայացուցիչներին` ցուցադրական կեղծ-կրօնական ծիսակատարութիւններ անցկացնելու համար, խաչը դեռ գմբէթին էր:
«Քանի որ հրապարակուած տեսանիւթում չկան եկեղեցու բակում նկարահանուած պատկերներ, հնարաւոր չէ պարզել, թէ ի՛նչ վիճակում են գտնւում տաճարի մուտքից ընդամէնը մի քանի մեթր հեռաւորութեան վրայ տեղադրուած հնագոյն տապանաքարերը:
«Յիշեցնեմ, որ 2023 թուականի դեկտեմբերին ազրպէյճանական վարչակարգը յայտարարեց Սուրբ Յարութիւն հայկական եկեղեցու աղուանականացման ծրագրերի մասին, ինչպէս նաեւ ազդարարեց այնտեղ հնագիտական պեղումներ անցկացնելու եւ «աղուանական» մշակոյթի ինչ-որ թանգարան ստեղծելու մասին»:
Երեւանի Մէջ Կայացաւ Պոլսահայ Տպագրիչներուն Նուիրուած Աշխատաժողով
7 օգոստոսին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ կայացաւ «Կոստանդնուպոլսի հայ տպագրիչները» խորագրով երկօրեայ աշխատաժողով, որ կը նպատակադրէր պատմական նոր տեսանկիւնէ ներկայացնել 18-րդ դարու վերջաւորութեան սկսած օսմանեան տպագրական մշակոյթի զարգացման գործընթացին մէջ հայ տպագրիչներու, տառաստեղծներու եւ արհեստաւորներու ունեցած առանցքային ներդրումը:
Աշխատանոցի գործընկերներն էին` Մատենադարանի` Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամը եւ «ISType» հարթակը:
«Միաւորելով արհեստագիտական եւ արխիւային մօտեցումները` մեր բանախօսները ընդգծեցին տպագրական եւ տեսողական կանոններու աշխատանքին մէջ Պոլսոյ հայ տպագրիչներուն ձգած մնայուն ժառանգութիւնը ո՛չ միայն Օսմանեան կայսրութեան մէջ, այլեւ անոր սահմաններէն դուրս` Հարաւային Ասիայէն մինչեւ Եւրոպա», նշեց աշխատաժողովի կազմակերպիչ, արուեստի պատմաբան Էրին Փինեոնը:
Հաղորդենք, որ աշխատաժողովը հիւրընկալեց միջազգային հետազօտողներ` աշխարհի տարբեր համալսարաններէն եւ գիտական կեդրոններէն: Աշխատաժողովի առաջին մասի զեկոյցները ուշադրութեան հրաւիրեցին 19-րդ դարուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ տպագրիչներու` Պօղոս Արապեանի, Յովհաննէս Միւհենտիսեանի եւ այլ հայ տառաստեղծներու գործունէութեան` ընդգծելով, որ անոնց նորարարութիւնները տառափորագրութեան, մետաղական տառերու արտադրութեան եւ տպագրական արհեստագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ մեծապէս կանխորոշեցին արաբերէնի, հայերէնի, պարսկերէնի, թրքերէնի եւ հարաւասիական լեզուներու տեսողական ինքնութիւնը եւ կարեւոր հիմքեր ստեղծեցին ժամանակակից մեքենագիտական շարուածքին համար:
Աշխատաժողովի երկրորդ մասին մէջ բանախօսները ներկայացուցին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած 19-րդ դարու հայկական պատկերազարդ հրատարակութիւններ` ուսումնասիրելով շարժական գրաշարի, փորագրութեան եւ վիմագրութեան փոխազդեցութիւնները, ինչպէս նաեւ առանձնայատուկ ուշադրութեան հրաւիրեցին պոլսահայ մանրանկարիչ եւ պատկերազարդող Ստեփան Ակայեանի անտեսուած ստեղծագործական ժառանգութեան վերականգնման:
Օգոստոս 8-ին յատուկ ցուցադրութեան ընթացքին ներկայացուեցան 19-րդ դարուն լոյս տեսած Պոլսոյ տպարաններու հազուագիւտ բազմալեզու հրատարակութիւններ` մէկտեղելով նիւթեր Մատենադարանի արխիւէն, Երեւանի գրադարաններէն եւ սեփական հաւաքածոներէն:
«Այս Պօղոս Արապեանի եւ Յովհաննէս Միւհենտիսեանի աշխատանքներու ցարդ տեղի ունեցած ամէնէն լայն ցուցադրութիւնն է: Ներկայացուեցան հայերէն, արաբերէն, պարսկերէն եւ թրքերէն գիրքեր, որոնք նախապէս երբեք միասին չեն ցուցադրուած», եզրափակեց Էրին Փինեոն:




