Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զմմառու` Վերափոխումն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ 255-Ամեակ

August 15, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐԵԿ ՎՐԴ. ԼՈՒԻՍԵԱՆ

ԺԸ. դարու առաջին կէսին երջանկայիշատակ Աբրահամ-Պետրոս Ա. Արծիւեան կաթողիկոս-պատրիարքը կանգնեցաւ հորիզոնին վերեւ, իբրեւ լուսաճաճանչ կոթող, եւ ժամանակի հոլովոյթին հետ բազմաթիւ հայ սերունդներ եկան ջերմ եռանդով հաղորդուելու անոր լոյսով ու հուրով: Ան դարձաւ գաղափարականի յարատեւ ներշնչարան, հայ մտքի եւ սրտի լուսատու փարոս, անմահ ջահ մը` ճշմարտութեան եւ սիրոյ: Անոր ամուր հաւատքին շինարար ու ստեղծագործ ոգիին գեղեցիկ խորհրդանիշը դարձաւ Զմմառու հնադարեան Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի վանքը:

Երկու հարիւր եւ եօթանասունվեց տարիներու ընթացքին Զմմառու խաղաղ ու անդորր մենաստանին մէջ, ծովահայեաց բարձունքին վրայ, որուն ստորոտը կու գան փշրելու Միջերկրականի ալիքները,  ցաւագին Ս. Աստուածածնի մայրական հովանիին ներքեւ սնած եւ ուրճացած են ճշմարիտ առաքեալներու հոյլեր, որոնք հնազանդութեան ու ողջախոհութեան ուխտերով եւ աղքատութեան երդումով գօտեպնդուած, մեծապէս արդիւնաւոր եղած են յաջս Աստուծոյ, Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին:

Տեսէ՛ք ժայռին վրայ վիմացած ամրակուռ Զմմառու հնադարեան Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի եկեղեցին (կառուցուած` 1771-ին), մասիսանման զոյգ գմբէթներով, որոնք կը խօսին հայ դարերէն, հայ ոգիի ու մտքի ստեղծագործ ճգնութենէն, վերջին շրջաններու հայ ժողովուրդի ազատութեան կամքին կեանք տուած Զմմառու վանքին մէջ ապաստան գտած ֆետայիներու եւ հերոսներու սխրագործութենէն: Հայութեան գոյատեւման եւ ազատութեան վկայ` վանքին քարերուն վրայ տասնհինգ Զմմառու նահատակ միաբաններու բացուած վէրքեր կան այստեղ, ինչպէս Յիսուսի խաչափայտին վրայ մխուած բեւեռներ:

Սրբացեալ քաղաքի, տաճարացեալ Երուսաղէմի նուիրականութեամբ օծուն վանքիս «Նահատակաց» դահլիճին մէջ, Ս. Իգնատիոս արք. Մալոյեանի եւ միաբան նահատակներու պատկերներուն դիմաց ամէն հայորդի կը ջանայ տաճարանալ, նոյնանալ այդ տաճարացեալ միաբան հայրերուն նահատակութեան խորհուրդին հետ:

Այստեղ, պատմականօրէն այնքան հարուստ ու պերճախօս, Լիբանանի այս լեռնային բարձունքներուն վրայ, հնադարեան այս վանքին մէջ վառեցաւ քրիստոնէական հաւատքի լոյսը հայ ժողովուրդի հոգիին մէջ, ինչպէս առաւօտուն արեգակը կը ծագի մարդուն աչքերուն մէջ…

Դարեր շարունակ, մեր միաբան հայրերը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի նման աղօթեցին այս վանքի գմբէթներուն տակ, իրենց հաւատքի ապրումներով նուիրագործեցին զայն` միշտ լեցուելով Զմմառու Տիրամօր պատկերէն բխող լոյսի ճառագայթներով:  Երեւակայեցէք դարերու վրայ տարածուած երկարաձիգ ու խտացեալ շարքերը մեր միաբան նահատակներուն, որոնք Հայաստանի հեռաւոր ու մօտաւոր գիւղերէն ու քաղաքներէն, գաւառներէն եւ նահանգներէն եկան եւ իրենց սիրտերը ընծայ դրին այս  հնադարեան սուրբ վանքին մէջ:

Զմմառու Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի վանքը դարերու հայ հաւատքին խտացեալ լեզուն է: Կրնան լսել ու ունկնդրել աղօթաձայն վանքի քարերուն լեզուին. պէտք է միայն խոնարհիլ, երկրպագել այս սուրբ տաճարին մէջ, լսել, փակուիլ աշխարհին, կարենալ լսելու համար վեհացնող ու գօտեպնդող ձայնը հոգիացեալ այս քարերուն, աղօթաճաճանչ այս կամարներուն, որոնք կը պատմեն մեզի անպատմելի փառքը մեր միաբան հայրերուն եւ հայրապետներուն:

Վանքին գմբէթարդ կամարներուն տակ տակաւին մինչեւ այսօր կը շարունակուին հոգեպարար մրմունջները, հոգեշունչ շարականներու ալի՜ք, ալի՜ք տարածուող հոգեւոր երգերը, եւ անուշահոտ խունկերու քուլա՜յ, քուլա՜յ բարձրացող բուրումնաւէտ ծուխերը կը հաղորդեն բոլոր այն հայ հոգիներուն, որոնք գերբնական կեանքի հոգեզուարճ ապրումներուն կարօտը կը զգան եւ յաւիտենականին մտերմութիւնը կը փնտռեն:

Լիբանանի չքնաղ լեռներու սրտին մէջ մեր հնադարեան Զմմառու  հայ  վանքը կը մնայ ու պիտի մնա՛յ ուխտավայր, սրբավայր, լուսաւոր ջահ, ուր իր յարատեւ ճառագայթումովը լուսաւորչեան սուրբ հաւատքին, մեծագոյն հրաւէրը կը հնչէ միասնականութեան եւ հայ ազգին պայծառութեան` բարեխօսութեամբ Ցաւագին Տիրամայր Զմմառու եւ Ս. Իգնատիոս արք. Մալոյեանին, Ամէն:

 

Նախորդը

Վերափոխման Օրը Օրհնուած Խաղողէն Պատրաստուած Զմմառու Աւանդական Գինին

Յաջորդը

Ցայգալոյս. Որպէսզի Հայրենական Ոգին Վերազարթնի Մեր Մէջ

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.