Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցայգալոյս. Որպէսզի Հայրենական Ոգին Վերազարթնի Մեր Մէջ

August 15, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հայ եկեղեցւոյ նուիրական սուրբ տօներէն մէկն է Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնը: Այս տօնին ընթացքին հաւատացեալները կը մեծարեն միշտ սուրբ կոյս Մարիամ Աստուածածինը, կը հայցեն անոր միջնորդութիւնն ու բարեխօսութիւնը Հօրը եւ Որդիին` Յիսուս Քրիստոսի մօտ: Աստուածածնայ մեծարանքը միայն կաթողիկէ կամ այլ դաւանանքներու մենաշնորհը չէ: Անիկա կը գտնուի Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ դաւանաբանութեան հիմքին մէջ, այն օրէն, երբ Տիեզերական առաջին երեք ժողովներուն բանաձեւումը կատարուեցաւ Մարիամի Աստուածածին ըլլալու ուղղափառ վարդապետութեան: Մարիամի մեծարանքը սակայն աւելի եւս կը շեշտուի, երբ իր մահէն ետք ան միակ անձը կ՛ըլլայ Քրիստոսէն ետք, որ իր մարմնով կը բարձրանայ երկինք: Այդ հանգամանքով ալ ան մօտ կ՛ըլլայ Հօրը եւ Որդիին` բարեխօսելու մեզի համար: Արդէն Մարիամը յայտնի է իր բարեխօսելու առանձնայատկութեամբ` սկսած Աւետարաններուն մէջ յիշուած Կանայի հարսանիքի դրուագէն, երբ` ի տես հարսնեւորներուն մօտ գինիի չքանալու երեւոյթին, ան բարեխօսեց Յիսուսի մօտ` լուծում մը գտնելու ստեղծուած խնդիրին համար: Եւ եղաւ հրաշքը Կանայի` լիբանանեան այս գողտրիկ գիւղաքաղաքին մէջ:

Ս. Աստուածածինի վերափոխումին վերաբերող պատումները, քրիստոնէական աւանդութեան մաս կազմելով հանդերձ, զօրաւոր կերպով խարսխուած են քրիստոնէական հաւատամքային ըմբռնումներուն մէջ: Եւ մենք` հայերս, առանձնայատուկ մօտեցում ցուցաբերած ենք այս տօնին նկատմամբ: 301-ին քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունելով եւ 405-ին հայ գիրերու գիւտը կատարերով ու թափ տալով թարգմանչական աշխատանքին, մենք ազգայնացուցինք ու հայացուցինք քրիստոնէական հաւատքը: Այս ազգայնացումի եւ հայացումի դրսեւորումներէն մէկը եղաւ Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին իւրայատուկ նշումը Հայ եկեղեցւոյ կողմէ` իբրեւ մեծ` տաղաւար հինգ տօներէն մէկը: Հնուց հայկական իւրաքանչիւր շրջանի մէջ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին կապակցութեամբ եղած ու կիրարկուած են տարբեր աւանդութիւններ:

Բայց երեւի ամէնէն շատը, որով այս տօնը կը յատկանշուի, ամառնային եղանակին հասած խաղողի առաջին ողկոյզներու օրհնութիւնն է եւ նուիրաբերումը Ս. Կոյս Մարիամին: Կրօնական աւանդութեան եւ տօնակատարութեան ազգայնացումի եւ հայացումի իւրայատուկ դրսեւորում է այս`նախաքրիստոնէական հեթանոսական տարրեր բերել եւ միաձուլել քրիստոնէական աւանդական տօնակատարութեան մը հետ, ինչպէս որ կատարուած է մեր քրիստոնէական այլ տօներու պարագային ալ, ինչպէս` Տեառնընդառաջը կամ Վարդավառը:

Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնը եւ անոր ընկերակցող խաղողօրհնէքը հրաւէր է իւրաքանչիւր հաւատացեալ հայորդիի` ներհայեցողութեան եւ ներքին ինքնամաքրման դիմելու: Հրաւէր մըն է, որ իւրաքանչիւրս ինքզինք զսպէ եւ չճաշակէ խաղողէն, նախքան անոր օրհնութիւնը: Ասիկա մեր մեծերէն մեզի մնացած սուրբ աւանդ մըն է: Մեր մեծերը, պապերը, հայրերն ու մայրերը մեզի թելադրած են խաղողը ուտել անոր օրհնուելէն ետք: Այսպէս եղած է կարգը մեր հայրենական ոստաններուն` Արեւմտահայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Հայկական Միջագետքի քաղաքներուն ու աւաններուն մէջ, իսկ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք այս աւանդութիւնը շարունակուեցաւ սփիւռքի եւ մանաւանդ Միջին Արեւելքի հայագաղութներուն մէջ: Իսկ Լիբանանը այս իմաստով իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ: Աւելի՛ն. Ցեղասպանութենէն ետք անիկա եղաւ վտարանդի դարձած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեդրոնատեղին, Լիբանանը նաեւ կեդրոնը դարձաւ Կիլիկիայէն եւ անոր շրջակայքէն տեղահան դարձած մեծաթիւ հայութեան, որ իրեն հետ Լիբանան բերաւ իր հայրենական աւանդութիւնները:

1953-ին Լիբանանի Պիքֆայա շրջանի մէկ բլուրին վրայ կը կառուցուի Ս. Աստուածածնայ վանքը, իսկ աւելի ուշ` նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը: 1953-էն ի վեր, Ցեղասպանութենէն ետք Լիբանան ապաստանած հայերը մեծ երկիւղածութեամբ է, որ ամէն տարի կը մասնակցին Պիքֆայայի Ուխտի օրուան տօնակատարութեան` Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնի ուխտագնացութեան: Եղած են տարիներ, երբ հաւատացեալներ Անթիլիասէն Պիքֆայա հետիոտն բարձրացած են իրենց ուխտը կատարելու Մարիամ Աստուածածինին եւ մասնակցելու խաղողօրհնէքի հոգեպարար արարողութեան:

Ասիկա վերակենդանացող յիշողութիւնն է այն բանին, զոր մեր նախնիները կը կատարէին Կիլիկիոյ եւ շրջակայից հայկական ոստաններուն մէջ: Այս յիշողութիւնը պէտք չէ խամրի, այլ պէտք է մնայ մշտարծարծ: Այս յիշողութիւնը պէտք է մշտարծարծ մնայ ամէն տեղ, ուր հայու շունչ կայ, ուր հայկական եկեղեցի մը կայ:

Այս շաբաթավերջին կրկին անգամ պէտք է վերակենդանացնել մեր ազգային եւ քրիստոնէական յիշողութիւնը` մասնակցելով Պիքֆայայի մէջ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով Ուխտի օրուան եւ խաղողօրհնէքի արարողութեան: Որպէսզի անգամ մը եւս հայրենական ոգին վերազարթնի մեր մէջ: Որպէսզի փառաւորուին մեր հոգիները մեր քրիստոնէական եւ ազգային դարաւոր աւանդութիւններով: Այն աւանդութիւնները, որոնք մեր պապերուն, հայրերուն եւ մայրերուն կեանքի առանցքը դարձած էին: Այն աւանդութիւնները, որոնք տակաւին կը պահեն իրենց գեղեցկութիւնն ու գրաւչութիւնը, հակառակ ժամանակներու փոփոխութեան:

Նախորդը

Զմմառու` Վերափոխումն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ 255-Ամեակ

Յաջորդը

Փոխանցումներու Աշխարհէն

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.