Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան. «Մենք Բարեկամական Լուծում Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Հետ Երկաթուղիի Պայմանագիրին Վերաբերեալ»

August 14, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին շրջանին միշտ լուսարձակները իր վրայ հրաւիրած Ռուսիոյ հետ երկաթուղիին եւ գործող պայմանագիրին վերաբերող «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին պատասխանելով` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց` «մենք կ՛ուզենք բարեկամական լուծում, այսինքն` մենք չենք ուզեր երթալ սուր լուծումներու»:

«Որո՞նք կրնան ըլլալ բարեկամական լուծումները, որ մենք փոխադարձաբար հասկնանք եւ ընկալենք իրար շահերը եւ երթանք որոշակի փոխզիջումներու: Ես նախապէս խօսած եմ այն մասին, որ, օրինակ, այդ փոխզիջումներէն մէկը կրնայ ըլլալ «Ռուսական երկաթուղիներ»-ու կողմէ կամ Ռուսիոյ կողմէ զիջման իրաւունքի վաճառքը, բայց այդ վաճառքը կրնայ ըլլալ ամբողջական, կրնայ ըլլալ մասամբ, այսինքն` որոշակի, բաժնետիրական որոշակի կառուցուածքներ կրնան ըլլալ, ուր տոկոսային բաշխուածութիւնը ըլլայ այնպէս, որ Հայաստանի միջազգային փոխադրական ցանցին համարկուելու այս պատմական կարելիութիւնը չխոչընդոտուի եւ այլն, եւ այդպէս շարունակ, եւ ես այդ նկատի ունիմ», ըսաւ Փաշինեան` շեշտելով, որ իրենք Ռուսիոյ հետ հարց չունին:

«Եւ մեր խնդիրը Ռուսիոյ հետ չէ, մենք Ռուսիոյ հետ հարց չունինք: Մեր հարցը այն իրավիճակին մէջ է, որ մենք անգամ մը եւս կրնանք ձեռքէ փախցնել պատմական կարելիութիւնը` համարկուելու միջազգային փոխադրական ցանցին: Սա է խնդիրը: Մենք ռուսական պայմանագրի հետ ոչ մէկ հարց ունինք: Այստեղ խնդիրը այն է, որ անոնք, որոնք այդ երկաթուղիէն օգտուելու կարողական շահառուներն են եւ ըստ էութեան օգտագործման ծաւալի առիւծի բաժինը իրենք կ՛օգտագործեն, մենք կը տեսնենք, որ իրենք չեն օգտուիր, իրենք ուրիշ տեղեր կը փնտռեն նորէն Հայաստանը շրջանցելու: Մենք կ՛ըսենք` ինչո՞ւ կը շրջանցէք Հայաստանը: Եւ կը հասկնանք, որ հիմնական պատճառը այդ է: Եւ ատոր համար մենք գացած ենք Ռուսիա, մեր գործընկերներուն բարեկամաբար ըսած ենք` «Յարգելի՛ բարեկամներ, մենք այսպիսի խնդիր ունինք, եկէք լուծում գտնենք այդ խնդիրին», մենք ուրիշ բան չենք ըսած», յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան:

Ան լուծման տարբերակներուն մասին խօսելով յայտնեց, որ ընդունելի է ուղղակի պայմանագիրը խզել, որովհետեւ բարեկամական չէ. «Բարեկամականը այն է, որ Ռուսիոյ մեր գործընկերները զիջումի իրաւունքը վաճառեն երրորդ կողմին շուկայական բնական գինով: Ընդ որում, նաեւ փորձագէտներ կան` արդէն գնագոյացում, գիներ կ՛ըսեն, որ առարկայականօրէն ի՛նչ կրնայ արժել այդ, ինչ որ բաւականին ծանրակշիռ գումար է, հաշուի առնելով նաեւ այս ընթացիկ իրավիճակները: Հիմա մենք կը նայինք, լաւ, այդ տարբերակը, այդ տարբերակը, կը զգանք, որ գուցէ Ռուսիան գործընկերներուն այդքան ալ յարմարաւէտ չէ: Յետոյ կը նայինք, կ՛ըսենք` իսկ կա՞յ տարբերակ, որ իրենց խնդիրն ալ մասամբ լուծէ, մեր խնդիրն ալ մասամբ լուծէ»,  նշեց Փաշինեան` ընդգծելով. «Ես նկատի ունիմ` մենք այդպէս անշարժ կանգնած չենք, … աշխատանք տեղի կ՛ունենայ, հասկնանք` ո՞ւր է այն կէտը, ուր մենք կրնանք բարեկամական լուծում գտնել»:

Նախորդը

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Տինամօ Պէյրութ

Յաջորդը

Քրիստինէ Վարդանեան Հաստատեց` Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Նոր Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Գործիքակազմ Է

RelatedPosts

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը
Գլխաւոր լուրեր

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը

September 29, 2026
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները
Գլխաւոր լուրեր

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները

September 29, 2026
Հայաստանը Եւ Իրանը Քննարկեցին Բեռնափոխադրութեան Ոլորտին Մէջ Առկայ Հարցերը
Հայկական

Հայաստանը Եւ Իրանը Քննարկեցին Բեռնափոխադրութեան Ոլորտին Մէջ Առկայ Հարցերը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.