. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ Օլիմփիաքոս խումբը անգամ մը եւս կը փորձէ ձեռք ձգել Հայաստանի ազգային խումբի ձախ յետսապահ Նայիր Թիկնիզեանը: Յունական ակումբը նախապէս ալ կապուած էր Սերպիոյ Կարմիր Աստղ Պելկրատին հետ, սակայն Սերպիոյ ախոյեանը կ՛ուզէ պահել Թիկնիզեանը եւ այդ պատճառով շատ բարձր գումար առաջարկած են յոյներուն:
Կարմիր Աստղ Պելկրատ սկիզբը յայտնած էր, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մէջ պայքար տանող խումբը կարիքը ունի Թիկնիզեանի նման բարձր որակ մարզիկի մը, բայց այժմ, որ սերպական ակումբը դուրս մնացած է այդ մրցաշարքէն, կրնայ ըլլալ, որ վերջնական համաձայնութիւն մը գոյանայ երկու խումբերուն միջեւ:
. ԱԹԼԵԹԻՔՕ Մատրիտի արժանթինցի յառաջապահ Խուլիան Ալվարես խիստ զայրացած է ակումբի ղեկավարութենէն եւ գլխաւոր մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէէն, որոնք դէմ կեցած են անոր Պարսելոնա փոխանցման:
26 տարեկան արժանթինցի յառաջապահը ժամանած էր Մատրիտի ակումբի կեդրոնը եւ նպատակ ունէր անձամբ տեսակցիլ Սիմէոնէի հետ, որ սակայն մեկնած էր Իպիզա կղզին:
Ալվարես աւելի ուշ փորձած էր հանդիպիլ նաեւ Աթլեթիքայի գլխաւոր տնօրէն Միկել Անխել Խիլի հետ, որ սակայն ներկայ չէր իր գրասենեակը:
Ալվարես կը կարծէ, թէ Սիմէոնէ պարզապէս կը խուսափի իրեն հետ հանդիպելէ` գիտնալով, որ անոնք դէմ են անոր Պարսելոնային միանալուն:
Նշենք, որ Պարսելոնա նոյնիսկ այժմ կը փորձէ ձեռք ձգել Ինթեր Միլանի յառաջապահ Լաութարօ Մարթինեսը, որուն փոխանցման սակը այդքան ալ նուազ չէ Ալվարեսէն եւ կրնայ 100 միլիոն եւրոյի հասնիլ:
. ՄԱՏՐԻՏԻ Ռէալ ակումբը այս ամառ մտադիր չէ բաժնուիլ իր միջնապահ եռեակէն` Օրելիեն Չուամենիէն, Էտուարտօ Քամավինկայէ եւ Ֆետերիքօ Վալվերտէէն:
Անցեալ եղանակին որոշում տրուած էր ֆրանսացիներ Չուամենիին եւ Քամավինկային փոխանցման ցուցակին վրայ դնելու մասին, սակայն Ժոզէ Մուրինիոյի ժամանալէն ետք մասնաւորապէս Չուամենիի եւ Վալվերտէի անունները անփոխարինելի եղան:
Խմբապետ Վալվերտէի ներկայութիւնը շատ կարեւոր է Մուրինիոյի համար, որ շատ բան կը սպասէ ուրուկուէյցի միջնապահէն:
. ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ուրուկուէյցի յետսապահ Ռոնալտ Արաուխօ, որ վարձավճարով միացած էր Լիվըրփուլին, շատ ուրախ կը թուի ըլլալ, բան մը որ յայտարարեց իր առաջին հարցազրոյցին:
27 տարեկան Արաուխօ պատիւ կը զգայ խաղալ խումբէ մը, որ 2011-ին ձեռք ձգած է առաջին ուրուկուէյցին` Լուիս Սուարեսը, որ պատմական մարզիկներու շարքին անցաւ: «Ուրուկուէյի մէջ կը պաշտեն «Փրեմիեր լիկ»-ը, եւ Սուարեսի նման աստղերու կը հետեւէինք մեր մանկութեան օրերուն: Հիանալի ակումբ մըն է Լիվըրփուլը, եւ կ՛ուզեմ տիտղոսներ շահիլ հոս», նշեց Արուախօ:


