Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

August 13, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Հայ Դատը Կ՛ողջունէ Քալիֆորնիա–Հայաստան Յանձնախումբին Վերակազմութիւնը

Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ վերակազմուած է Քալիֆորնիա-Հայաստան առեւտուրի եւ արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբը, որուն նպատակն է սերտացնել նահանգին եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային յարաբերութիւնները:

Յանձնախումբին առաջին նիստը  գումարուեցաւ 6 օգոստոսին, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Քալիֆորնիոյ եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական յարաբերութեանց, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ առեւտրական կապերու ներկայ վիճակը:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը պատուիրակութեամբ մը մասնակցեցաւ անդրանիկ նիստին եւ ողջունեց յանձնախումբին կազմութիւնը:

Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին անդամ Ճոն Հայրապետեանի գլխաւորած յանձնախումբին մաս կը կազմեն` Խուան Ալանիս, Այզիք Պրայըն, Ճեսիքա Քալոզա, Մարք Կոնզալեզ, Տայեն Փափան, Փիլար Շիաւօ, Նիք Շուլց, Հոզէ Լուիս Սոլաչէ եւ Ռիք Չաւեզ Զպուր:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Զանգու Արմէնեան կարեւոր զգուշացում մը արձանագրեց` տնտեսական համագործակցութեան լաւատեսութեան կողքին: Ան շեշտեց, որ Հայ դատի պաշտպանները պիտի յիշեցնեն, որ մենք գործակցութիւնը պէտք է իրականացնենք սկզբունքային ձեւով, ինչ որ ամերիկեան ոճն է, ընդգծելով, որ կայուն տնտեսական աճը կարելի չէ անջատել քաղաքական իրականութիւններէն: Ան հաստատեց, որ բոլորս ալ կ՛ուզենք տեսնել տնտեսական բարգաւաճում թէ՛ Քալիֆորնիոյ եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ, աւելցնելով, որ այդ մէկը պէտք է ըլլայ կայուն եւ արդար հիմքերու վրայ` տնտեսական արդարութեան իմաստով, կապուած քաղաքական կացութեան հետ:

Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Էլենի Քունալաքիս` որպէս նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի միջազգային հարցերով ներկայացուցիչ, ընդգծեց Քալիֆորնիոյ յանձնառութիւնը` Հայաստանի հետ կապերը խորացնելու, նշելով, որ նահանգապետին վարչակազմը տքնաջան աշխատած է` զարգացնելու եւ ամրապնդելու այն կապերը, որոնք Քալիֆորնիան ու Հայաստանը կը միացնեն իրարու:

Իր կարգին, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտաշէս (Արտի) Քասախեան շեշտեց, որ Քալիֆորնիան Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները պէտք չէ նկատէ արտաքին քաղաքականութեան հեռաւոր մտահոգութիւն, այլ` Հայաստանին պէտք է մօտենայ իբրեւ տնտեսական, մշակութային, ժողովրդավարական եւ ռազմավարական գործընկեր եւ Կլենտէյլը պէտք է բնական դարպասը նկատէ այդ գործընկերութեան համար:

ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի 100-րդ Պատգամաւորական Ժողովը Ընտրեց Նոր Շրջանային Վարչութիւն

Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի 100-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 24-26 յուլիսին, Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ:

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց ՀՕՄ-ի տեղւոյն «Անահիտ» մասնաճիւղի ատենապետ Անգինէ Յակոբեան` աշխատանքներուն յաջողութիւն մաղթելով:

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, թէ Լիբանանի, Յունաստանի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ իր փորձառութեանց հիման վրայ կրնայ հաստատել, որ ՀՕՄ-ը իրարու կապուած մէկ հսկայ ամբողջութիւն մըն է, որ տարիներէ ի վեր կը մնայ աշխուժ` իր առաքելութեան մէջ, կարգապահ, նախանձախնդիր եւ դիւանագէտ, իր ծառայութիւնները ժամանակին հետ զարգացնող, վայելելով ժողովուրդին վստահութիւնը:

2024-ի 99-րդ Պատգամաւորական ժողովին ընտրուած Շրջանային վարչութեան ատենապետ Քրիստինա Ամիրեան-Խանճեան դիտել տուաւ, որ անցեալ երկու տարիներուն ընթացքին ՀՕՄ-ը տօնեց իր 115-ամեակը, մինչ շատ մը մասնաճիւղեր տօնեցին իրենց տարեդարձները` Քալիֆորնիոյ, Նեւատայի եւ Թեքսասի մէջ: Ան թուեց, թէ կամաւորներէ բաղկացած Շրջանային վարչութիւնը անթիւ, անհամար ժամեր տրամադրեց` յաղթահարելու մարտահրաւէրներ, գործադրելով նոր աշխատելաձեւեր եւ այլ փոփոխութիւններ, կազմակերպելով զեկուցական հաւաքներ եւ աշխատանիստեր, որպէսզի անդամները փոփոխութիւններուն հետ քայլ պահեն, ինչպէս նաեւ յարմարին դաշնակցային կառավարութեան եւ Քոնկրեսի օրէնքներուն:

ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի համաատենապետ Մայք Քէլէշեան  ըսաւ, որ միասին աշխատելով` պիտի յաղթահարենք բոլոր դժուարութիւնները, ներառեալ` սերնդափոխութիւնը:

Այնուհետեւ ընթացք առաւ Պատգամաւորական ժողովը: Ընտրուեցան նախ առժամեայ, ապա մնայուն դիւանները, ինչպէս նաեւ`յանձնախումբերը:

Ժողովականները լուսաբանական հարցումներ ըրին Շրջանային վարչութեան գործունէութեան բարոյական եւ հաշուական տեղեկագիրներուն, ներառեալ` Ընկերային ծառայութեան եւ Հոգեբանական կեդրոններուն մասին:

Աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւն` բաղկացած հետեւեալ անդամներէ. Մակի Բարսեղեան Սարգունի` ատենապետ, Էմմա Կարապետեան` փոխատենապետ, Վարդուհի Պետրոսեան` քարտուղար, Սեդա Խոճայեան` գանձապահ, Շաքէ Կակոսեան` հաշուապահ, Անուշ Չալեան, Թալին Գայայեան-Սրապեան, Թամար Փոստոյեան եւ Հելէն Շահպազեան` խորհրդականներ: Մակի Բարսեղեան- Սարգունի դիտել տուաւ, որ Արեւմտեան շրջանը հաստատ պահելու եւ զարգացնելու համար ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը պիտի առաջնորդէ Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը` հիմնուելով համագործակցութեան եւ միասնական աշխատանքի վրայ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց պատգամաւորներուն` իրենց վստահութեան համար, եւ ՀՕՄ-ի անդամներուն` իրենց շարունակական զօրակցութեան համար:

«Ակօս» Շաբաթաթերթի 30-Ամեակի Տօնախմբութիւն Լոս Անճելըսի Պոլսահայ Միութեան Մէջ

2 օգոստոսին Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան 30-ամեայ յոբելեանի հանդիսաւոր տօնախմբութիւնը:  Օրուան հանդիսավար, միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Կարպիս Սարաֆեան պատմական համարեց օրը, որովհետեւ տարիներ առաջ կամուրջ մը կազմուած էր, Պոլսոյ մէջ` Հրանդ Տինքը ըլլալով սիւն մը, իսկ Լոս Անճելըսի մէջ` իրաւաբան Էտվին Մինասեանը, որոնք մահացան, սակայն ձգեցին ամուր կազմուածքով կամուրջ մը:

«Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Արա Խաչատրեան իր ելոյթին մէջ հաստատեց, որ «Ակօս»-ի հիմնադրութիւնը համընկնեցաւ երեք կարեւոր իրադարձութիւններու հետ` Հայաստանի անկախացումը, արցախեան շարժումին ուժգնացումը եւ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու դէմ պայքարին սաստկացումը, շեշտելով, որ «Ակօս»-ը երկլեզու շաբաթաթերթ ըլլալով` օրին կրցաւ պոլսահայ գաղութին եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ հայութեան կեցուածքը ծանօթացնել թուրք հասարակութեան: Ան ըսաւ, որ շնորհիւ նաեւ Հրանդ Տինքի` հայկական սփիւռքը կրցաւ տեղեակ ըլլալ Թուրքիոյ ներքին շարժումներուն, որոնք, կարեւոր են նաեւ հայութեան համար:

«Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագիր Գրիգոր Խոտանեան յայտնեց, որ երեսուն տարիներ առաջ, երբ Հրանդ Տինք եւ իր գաղափարակից ընկերները հիմնեցին «Ակօս» շաբաթաթերթը, անոնք միայն նոր հրատարակութիւն մը կեանքի չկոչեցին, այլ անոնք բանալի մը տուին ամբողջ հայութեան` բաց պահելով այն դուռը, որուն անունը Պոլիս է: Հրանդ Տինք ապացուցեց, որ կարելի է ապրիլ կեանքը` առանց ատելութիւն սերմանելու, կարելի է պայքարիլ` առանց կամուրջները այրելու, եւ այդ արժէքներն են, որոնք այսօր կ՛ապրին «Ակօս»-ի էջերուն մէջ եւ անոր առաքելութեան ճանապարհին:

«Նոր Օր» թերթի ներկայացուցիչ Գէորգ Քէօշկէրեան ընդգծեց մամուլի անփոխարինելի դերակատարութիւնը`  հաստատելով, որ Պոլիս կը համարուէր մեր մշակոյթի մեծագոյն կեդրոնը: Ան տուած է մտաւորականներ եւ գրականագէտներ: Ան «Ակօս»-ին մաղթեց անխափան երթ եւ նորանոր յաջողութիւններ:

Այնուհետեւ Պոլիսէն «Ակօս»-ի խմբագիրներն ու աշխատակիցները ուղիղ կապով (Zoom-ով) միացան հաւաքոյթին` անձամբ փոխանցելու իրենց սրտաբուխ շնորհաւորանքներն ու պատգամները ներկաներուն: Առ այդ, ելոյթ ունեցան` պոլսահայ լրագրող, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Արիս Նալճըն, հայ լրագրող, գրող եւ հասարակական գործիչ Բագրատ Էսդուգեան, պոլսահայ պատմաբան, գիտաշխատող եւ հրապարակագիր Յովհաննէս Քըլըճտաղի, «Ակօս»-ի գլխաւոր խմբագիր Երուանդ Տանձիկեան եւ հայազգի հասարակական գործիչ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան եւ Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկի համահիմնադիր եւ ատենապետ Հրանդ Տինքի այրին` Ռաքէլ Տինք: Միութեան հոգաբարձութեան ատենապետ Բարունակ Չելիքեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բանախօսներուն, նաեւ` կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ բոլոր աշխատակիցներուն:

Կլենտէյլի Նամակատունը Ամերիկահայ Ծովակալ Փոլ Իկնէշըսի Անունով Կոչելու Շիֆի Բանաձեւը Վաւերացուեցաւ Ծերակոյտի Մէկ Յանձնախումբին Կողմէ

Ծերակոյտի Հայրենիքի ապահովութեան եւ կառավարական հարցերու յանձնախումբը 6 օգոստոսին վաւերացուց ծերակուտական Էտըմ Շիֆի ներկայացուցած բանաձեւը, որուն շնորհիւ` կարելի պիտի ըլլայ Կլենտէյլի մէկ նամակատունը (6444 San Fernando Road հասցէին) կոչել Միացեալ Նահանգներու ծովուժի ամերիկահայ նախկին քարտուղար Փոլ Իկնէյշըսի (Իգնատոսեան) անունով` ի պատիւ անոր նուիրեալ զինուորական ծառայութեան: Նշենք, որ բանաձեւին համապատասխան տարբերակը, որ ներկայացուած էր քոնկրեսական Լորա Ֆրիտմընի կողմէ, յունիսին վաւերացուած էր Ներկայացուցիչներու տան կողմէ:

Իկնէյշըս Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան մէջ ամենաբարձր պաշտօնը ստանձնած ամերիկահայն էր: Ան մահացաւ 2025-ի նոյեմբերին:

Էտըմ Շիֆ յայտնեց, թէ Իկնէյշըս իր ամբողջ կեանքը նուիրեց մեր երկրին ծառայելուն եւ մարմնաւորեց ամերիկեան երազը` իբրեւ հայ ներգաղթեալներու զաւակ, որ հետագային ծառայեց մեր կառավարութեան ամենաբարձր մակարդակներուն վրայ:

Կլենտէյլ ծնած Փոլ Իկնէյշըս զաւակն է Յովսէփ Իգնատոսեանի եւ Էլիզա Ժամկոչեանի: Ան Միացեալ Նահանգներու ծովուժի քարտուղարի պաշտօնը վարած է 1967-1969 տարիներուն եւ եղած է նաեւ պաշտպանութեան նախարարի օգնականներէն մէկը եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօններ վարած է նախագահ Ճոն Քենետիի եւ Լինտըն Ճոնսընի իշխանութեան օրերուն:

2016-ին ծովուժը որոշեց իր ամէնէն արդիական խորտընկէցներէն մէկը կոչել Իկնէյշըսի անունով` USS Paul Ignatius: Ան արժանացած է շարք մը այլ մեծարանքներու:

Փոլ Իկնէյշըս, որ ուսանողական տարիներուն աշխատած է նաեւ Կլենտէյլի նամակատան մէջ, եղած է «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթի տնօրէնը եւ հեղինակ է երկու հատորներու:

Արաբական Ծոց

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան` Աստուածաշուչի Ընկերութիւններու Համաշխարհային Խորհուրդի Անդամ

Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան Խնամակալ մարմինը յայտարարեց դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի ընտրութիւնը Աստուածաշունչի ընկերութիւններու համաշխարհային խորհուրդի անդամ: Այս հեղինակաւոր նշանակումը կը հանդիսանայ պատմական նուաճում մը, որ Ծոցի տարածաշրջանի ղեկավարութիւնը կը բարձրացնէ յարգարժան միջազգային մարմինի մը առաջնորդութեան դիրքին: Խորհուրդը կը բաղկանայ աւելի քան 240 երկիրներու եւ տարածքներու մէջ գործող 1 ազգային Աստուածաշունչի 156 ընկերութիւններէ:

Համաշխարհային խորհուրդը կը հանդիսանայ ռազմավարական կորիզը համաշխարհային հսկայ ենթակառոյցի մը, որ նուիրուած է Աստուածաշունչի թարգմանութեան, հրատարակութեան, տարածման եւ յանձնառութեան: Դոկտ. Ճէպէճեանի պատմական ընտրութիւնը կառավարման այս խորհուրդին մէջ համաշխարհային վաւերացումն է իր տասնամեակներու վաստակաշատ, նուիրեալ ծառայութեան եւ իր խորունկ ռազմավարական ազդեցութեան` Արաբական ծոցի տարածաշրջանէն ներս եւ անկէ դուրս, աստուածաշնչական առաքելութեան յառաջխաղացքի գործին մէջ:

Ուրուկուէյ

 «Ազգանունէն Անդին. Հայ Ըլլալը Համաշխարհայնացած Սփիւռքի Մէջ» Խորագիրով Դասախօսութիւն

31 յուլիսին Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի Հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ «Ազգանունէն անդին. հայ ըլլալը համաշխարհայնացած սփիւռքի մէջ» խորագիրով դասախօսութիւն մը:

Օրուան դասախօսն էր Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան: Ան իր դասախօսութեան ընթացքին կեդրոնացաւ  այն հիմնական հարցին վրայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ` ազգանունի ժառանգութենէն անդին  ներկայացնելով այն գաղափարը, որ ազգային ինքնութիւնը միայն պատմական կամ ընտանեկան ժառանգութիւն չէ, այլ` ապրող, շարունակաբար եւ նորոգուող իրականութիւն, որ կը դրսեւորուի` հաւատքով, լեզուով, մշակոյթով, ազգային արժէքներով, ծառայութեամբ եւ գալիք սերունդներուն հանդէպ պատասխանատուութեամբ: Դոկտ. Ճէպէճեան շեշտեց, որ համաշխարհայնացման ներկայ պայմաններուն մէջ սփիւռքահայութիւնը կոչուած է ոչ միայն պահպանելու իր պատմական յիշողութիւնը, այլեւ` կերտելու կենսունակ ինքնութիւն մը, որ միաժամանակ հաւատարիմ կը մնայ հայկական արմատներուն եւ դրական ներդրում կը բերէ այն հասարակութիւններուն, որոնց մէջ կ՛ապրի:

 

 

Նախորդը

Գործնական Խորհուրդներ` Ամրան Տաքուն Թարմ Եւ Գեղեցիկ Մնալու Համար

Յաջորդը

«Ոսկէ Ծիրան»-ի Հայաստանեան Կորիզը Եւ Արեւմտեան Բարենիշը

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 24, 2026
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 17, 2026
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.