Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասեֆ. «Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը Համաձայնութեան Մը Եւ Տեւական Խաղաղութեան Մը Կը Մօտենան»

August 12, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարար Խաուաժա Ասեֆ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը համաձայնութեան մը եւ տեւական խաղաղութեան մը կը մօտենան»:

Ան «Պլումպըրկ»-ին նշեց. «Անցնող օրերու ցուցանիշները ցոյց կու տան, թէ խաղաղութեան համաձայնութեան մը կը մօտենանք»:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտարարեց. «Օմանի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները յառաջադէմ փուլի հասան»:

Նախքան այդ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց, թէ Իրանն ու Օմանը «Հորմուզի նեղուցին ճամբով նաւարկման նոր ուղիի շուրջ համաձայնութեան գոյացման շատ մօտ են»:

«Հորմուզի նեղուցին վերաբացումը կախեալ է այլ նախապայմաններէ, որոնցմէ է Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրի Միացեալ Նահանգներու խախտումներուն փոխհատուցումը», նշեց Արաղչի:

«Հորմուզի նեղուցէն անցումը անջատելու նախկին ծրագիրը այլեւս Իրանի կողմէ ընդունելի չէ, եւ կարիքը կայ նոր ուղիի», աւելցուց ան:

«Իրան եւ Օման ներկայիս Հորմուզի նեղուց ապրանքներու առաքման ժամանակաւոր ուղի մը կը քննարկեն», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ռիլ Ամերիքա Վոյս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ իր վարչակազմը Իրանի վերաբերեալ երեք ռազմավարութիւններ կը կիրարկէ:

«Ամերիկեան երեք ռազմավարութիւնները կը ներառեն մօտէն հսկողութեան, Իրանի մէջ ներքին կացութեան վատթարացման եւ զայն մեծ ուժով հարուածելու ճամբով ուղղակի զինուորական ընտրանքը», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ նախապէս Իրանը «Պի-2» ռազմավարական ռմբաձիգներով հարուածուած է, ինչպէս նաեւ կը բանեցուի տնտեսական մեծ ճնշում, որ կու գայ ամբողջացնելու առաջին ռազմավարութիւնը:

Ամերիկեան «Էն.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ զինուորական պաշտօնատարներ Թրամփը զգուշացուցած են Միացեալ Նահանգներու կողմէ բռնի ուժի կիրարկումով Հորմուզի նեղուցին վրայ վերահսկողութիւն հաստատելէն` նշելով, որ ատիկա երկարատեւ ու չափազանց սուղ պիտի ըլլայ, առանց որ յաղթանակը երաշխաւորուած ըլլայ:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը պատկերասփիւռի կայանին ըսած է, թէ այդպիսի գործողութեան մը համար պատրաստուած զինուորական ծրագիրները ցոյց կու տան, թէ ատիկա պատճառ պիտի դառնայ ամերիկեան բանակին մէջ մեծաթիւ զոհերու եւ վիրաւորներու արձանագրման:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի նշեց, որ քանի տակաւին իր երկրին դէմ Միացեալ Նահանգներու ծովային շրջափակումը կը շարունակուի, Հորմուզի նեղուցը փակ պիտի մնայ:

Իրան Հորմուզի նեղուցը պիտի չբանայ, մինչեւ Միացեալ Նահանգները չփոխեն իսլամական հանրապետութեան նկատմամբ իրենց քաղաքականութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Առ.Պի.Քէյ»-ը` վկայակոչելով Իրանի Գերագոյն ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Մոհամետ Պաղեր Զոլքատրին:

Զոլքատրի թուարկած է վեց պայմաններ, որոնց կատարումը պիտի նշանակէր Ուաշինկթընի կողմէ «վարքագիծի ուղղում»: Անոնք են` հրաժարիլ Իրանի դէմ ուղղուած բոլոր սպառնալիքներէն, վերջնականապէս դադրեցնել Իրանի եւ Լիբանանի, Փաքիստանի, Եմէնի եւ Իրաքի մէջ անոր դաշնակիցներու դէմ պատերազմը, վերացնել ծովային շրջափակումը եւ դուրս բերել ծովուժը եւ օդուժը, լիովին փոխհատուցել Իրանին հասցուած վնասները, վերացնել հանրապետութեան դէմ պատժամիջոցները եւ ապասառեցնել իրանեան հաշիւները:

«Մինչեւ ատիկա տեղի չունենայ, Հորմուզի նեղուցը պիտի չբացուի», յայտարարած է Զոլքատրի:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը գրէ, թէ քիչ հաւանական է, որ Միացեալ Նահանգները համաձայնին Իրանի պահանջներուն:

Օրաթերթը կը նշէ, որ յունիսին ձեռք բերուած ժամանակաւոր զինադադարի համաձայնագիրին համաձայն, պատժամիջոցները պիտի վերցուին այն ատեն միայն, երբ Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ վերջնական համաձայնագիր կնքուի:

 

 

Նախորդը

Սալման Թագաւոր. «Մեքքայի Վեհաժողովը Պիտի Նպաստէ Գործակցութեան Ամրապնդման Եւ Մարտահրաւէրներու Դիմակայման Ջանքերու Շարունակման»

Յաջորդը

Ակնարկ. Մեքքայի Եռակողմը` Տարբեր Դիտանկիւններով

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.