. «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց Միջին Արեւելքի քարտէս մը, ուր Հարաւային Լիբանանի մէջ անոր բռնագրաւած տարածքները Իսրայէլի սահմաններէն ներս կ՛երեւին: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան «Էքս»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ հրապարակած քարտէսին ստեղծած իրարանցումէն ետք անիկա ջնջուեցաւ: Լիբանանցիները արտաքին գործոց նախարարութենէն պահանջեցին այս դիտաւորեալ արարքին դէմ քայլի դիմել»:
«Ժումհուրիա» օրաթերթը կը նշէ, որ այդ քարտէսը Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան «Էքս»-ի անգլերէն էջէն ջնջուած է, սակայն ոչ եբրայերէն էջէն:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Մայատին»-ին. «Եթէ բանակցութեան նոր փուլ պիտի գումարուի, անիկա, հաւանաբար, տեղի պիտի ունենայ այս ամառէն ետք»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Բանակցութիւններու 7-րդ փուլի յստակ ձախողութենէն ետք, սեպտեմբերին սպասուող բանակցութիւններու 8-րդ փուլի կայացումը կասկածի տակ է: Ուստի, Լիբանան որոշեց աւելի կարծր դիրքորոշում որդեգրել եւ սկսաւ իր մասնակցութիւնը առկախելով սպառնալ»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Բանակցութիւններու 7-րդ փուլը բացայայտեց, թէ տարակարծութիւնը այլեւս միայն իսրայէլեան հեռացման հարցին շուրջ չէ, այլ կապուած է Հըզպալլայի զինուորական կառոյցի ճակատագիրին եւ Իսրայէլի հեռացած շրջաններուն մէջ այդ կառոյցը չվերականգնելու երաշխաւորման մեքանիզմին»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Ամերիկեան կողմը նախապէս Լիբանանը տեղեակ պահած էր, թէ Իսրայէլ չ՛ուզեր փորձնական երկրորդ շրջանի ստեղծման քննարկման ձեռնարկել, եւ կ’ուզէ լիբանանեան բանակին հետ ուղղակի համակարգման մեքանիզմին ու երրորդ կողմի անուան շուրջ համաձայնութեան վրայ կեդրոնանալ»:
. «ԱՍԱՍ». «Հռոմի մէջ քննարկուած յօդուածներէն մէկը կը վերաբերէր Իսրայէլ գտնուող լիբանանցի գերիներուն եւ լիբանանցիներու աճիւններու, որոնք կը պահուին ստանալու համար տեղեկութիւն անհետ կորսուածներու մասին, որոնց ճակատագիրին վերաբերեալ, Թել Աւիւի կարծիքով, Լիբանանն ու լիբանանեան կողմեր տեղեկութիւն ունին»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան բանակի կեդրոնի հրամանատարութեան պետ Պրատ Քուփըր այս շաբաթավերջին Իսրայէլ իր այցելութեան ընթացքին Իսրայէլէն պահանջած է Հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող շրջաններէ հեռանալ:
. ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ամերիկեան վարչակազմը զինադադարի եւ բնորդային շրջաններու թղթածրարներու կարգաւորման աշխատանքը պիտի ստանձնէ, եւ զօր. Քլերֆիլտ յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Պէյրութ` անոնց մանրամասնութիւններուն հետեւելու եւ զանոնք յառաջ մղելու մեքանիզմները քննարկելու համար»:
. ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ հետեւող աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Ամերիկեան ճնշումները կրնան ազդեցութիւն ունենալ, եթէ ուզեն, որ ունենայ, ուստի զօր. Քլերֆիլտ կրնայ մեծապէս օգնել հանգոյցներու քակման, սակայն առանձինը չի կրնար որեւէ բան պարտադրել, որովհետեւ պահանջուածը քայլի դիմաց քայլ է»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Հակառակ շէյխ Քասեմի երկխօսութեան կոչին, Պաապտայի պալատին եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւնը տակաւին խզուած է, եւ երկու կողմերուն միջեւ հաղորդակցութեան կապերը կը բացակային: Շարք մը միջնորդներ փորձեցին խզումի պատին մէջ ճեղք յառաջացնել, սակայն այդ ջանքերը արդիւնք չտուին»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ալի Թահեր շրջանին եւ անոր մերձակայքին մէջ կասկածելի բան տեղի կ՛ունենայ, առանց որ կարելի ըլլայ անոր բնոյթը ճշդել անոր շուրջ տիրող ամբողջական գաղտնապահութեան պատճառով, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ իսրայէլեան գործողութիւնները չեն դադրած»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Իսրայէլի մէջ 2024-ի պատերազմէն ի վեր ձերբակալուած շուրջ 35 լիբանանցի գերիներ կան: Բանակցութեան առաջին փուլին 5 գերիներ ազատ արձակուեցան: Թղթածրարը միայն ողջերուն չի վերաբերիր: Տուեալները ցոյց կու տան, թէ Իսրայէլ աւելի քան 120 աճիւններ իր մօտ կը պահէ»:
. ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԵՐՈՒ ցրուիչներու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա «Սաութ Լուպնան»-ին. «Նաւերը իրենց բեռները պարպեցին, եւ վառելանիւթերը այսօրուընէ սկսեալ վառելանիւթի կայարաններուն պիտի ցրուուին»:
. ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Ժորժ Պրաքս յայտարարեց, թէ վառելանիւթ ներածող ընկերութիւններու վառելանիւթի բոլոր ամբարները, երէկ սկսած են պենզինն ու մազութը բնական կերպով յանձնել: Ան յոյս յայտնեց, որ վառելանիւթերը բոլոր շրջաններ, մասնաւորաբար Պեքա եւ հարաւային Լիբանան կը հասնին «այսօր կամ վաղը` երեքշաբթի օր»:


