Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի կինը` Վերոնիքա Զոնապենտ արձագանգած է Հայաստանի վարչապետի` Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած հայերու վերաբերեալ 9 օգոստոսին կատարած «բոլորս շատ կ՛անհանգստացնէ մեր հայրենակիցներու` Ազրպէյճանի մէջ անազատութեան մէջ ըլլալը» խօսքին:
«Ես ամբողջովին կը կիսեմ այս գնահատականը եւ ուրախ էի կարդալու այդ խօսքերը: Դրական կը գնահատեմ լրատուամիջոցներուն մէջ հրապարակուած տեղեկութիւնները, ըստ որոնց` ինծի հետ հանդիպման կազմակերպման համար պատասխանատու գերատեսչութիւն նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ անհրաժեշտ կը նկատեմ յստակացնել, որ այսօրուան դրութեամբ տակաւին ինծի հետ կապ չէ հաստատուած, եւ պատասխանատու պաշտօնատար անձերու կապի տուեալները ինծի չեն փոխանցուած», նշած է ան:
Վարդանեանի կինը կոչ ուղղած էր` կիներու մարդասիրական պատուիրակութիւն ձեւաւորելու` Պաքուի բանտին մէջ գտնուող հայերուն այցելելու նպատակով:
«Կ՛ակնկալեմ ստանալ պատասխանատու պաշտօնատար անձի կապի տուեալները եւ յոյս ունիմ առարկայական հանդիպման` քննարկելու Պաքու կիներու մարդասիրական այցելութեան կազմակերպման հետագայ քայլերը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի մէջ կալանքի տակ պահուող Հայաստանի քաղաքացիներուն առնչուող այլ հարցեր», ընդգծած է ան:
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ռուբէն Վարդանեանի Կնոջ Հանդիպման Առաջարկ Փոխանցած Է
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ազրպէյճանական բանտին մէջ գերեվարուած Ռուբէն Վարդանեանի կնոջ` Վերոնիքա Զոնապենտին հանդիպման առաջարկ փոխանցած, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին երէկ տեղեկացուց արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան:
Նախարարութեան այս առաջարկը յաջորդեց Ռուբէն Վարդանեանի կնոջ երէկ աւելի կանուխ կատարած յայտարարութեան, թէ կառավարութենէն ոեւէ մէկը իրեն հետ կապ չէ հաստատած, թէեւ այդ մասին յայտարարուած էր:
Արտաքին գործոց նախարարութենէն «Ազատութեան» պարզաբանեցին, որ հանդիպման առաջարկը մինչեւ այդ արդէն քննարկուած էր, եւ Ռուբէն Վարդանեանի կնոջ այդ առաջարկը փաստացի փոխանցուած է վերջինիս յայտարարութենէն ետք` բանաւոր:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արտաքին գործոց նախարարութենէն յստակ ո՛վ պիտի հանդիպի Վերոնիքա Զոնապենտին, Բադալեան նշեց, որ «հանդիպումը պիտի կազմակերպուի իրաւասու գերատեսչութիւններու կողմէ` համագործակցաբար»: «Ազատութեան» տեղեկութիւններուն համաձայն, այս պահուն կը համաձայնեցուին հանդիպման ժամկէտները:


