Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՖԻՖԱ Հաւատարիմ Կը Մնայ Ինֆանթինոյին

August 11, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՖԻՖԱ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց` պաշտպանելով նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի քայլերը եւ դէմ դնելով զայն «տկարացնելու» փորձերուն: Ֆիֆա-ի այս հաղորդագրութիւնը հրապարակուեցաւ բրիտանական «Տը Տէյլի» թերթին յօդուածին լոյս տեսնելէն օր մը ետք, ուր հարցականի տակ դրուած էր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի մէկ պաշտօնակիցը գործէ արձակելու համար վճարուած մեծ գումարը, որ ըստ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի օրէնքներու համաձայն էր:

Ինֆանթինօ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հետ աշխատած էր 16 տարիներ, մինչեւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ ընտրուիլը:

ՖԻՖԱ բոլոր քննադատողներուն դէմ դրաւ` յայտնելով, որ անոնք կը փորձէին ամէն ինչ ծանրաբեռնել Ինֆանթինոյի վրայ` զայն պաշտօնանկ ընելու նպատակով:

«Օրէ օր կը նկատենք, որ շատ փորձեր կ՛ըլլան տկարացնելու ՖԻՖԱ-ն եւ անոր նախագահը: Անոնք, որոնք ՖԻՖԱ-ի անդամ ֆետերասիոններու մաս չեն կազմեր, պէտք չէ սուտ լուրեր տարածեն, սխալ տեղեկութիւններ տան, այլ միայն հետեւին ՖԻՖԱ-ի ճիշդ լուրերուն: Այդտեղ հաւաքական ձեւով որոումներ կը տրուին եւ ոչ թէ անհատական: Սխալ եզրակացութիւններն ու առանց փաստի լուրերը պէտք չէ հրապարակել իբրեւ իրականութիւն: Փոփոխութիւններ կրնան տեղի ունենալ օրէնքներու կամ կազմակերպչական աշխատանքներու մէջ, բայց ամէն ինչ հաւաքական ձեւով կը քուէարկուի, ինչպէս որ նախագահն ալ իր պաշտօնին հասած է քուէարկութեամբ»:

Ինֆանթինօ սաստիկ արշաւի ենթարկուեցաւ, երբ գաղափար մը ունէր Մոնտիալը կազմակերպելու իրաւունքը եւ եկամուտները յանձնելու անձնական ներդրող խմբակի մը: «Եու. Է. Էֆ. Ա.» եւ երկու այլ ցամաքամասի ֆետերասիոններ` «Քոնքաքաֆ» եւ «Էյ. Էֆ. Սի.» (Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Ամերիկայի եւ Ասիոյ ֆետերասիոններ) մերժած էին այդ գաղափարը:

Ինֆանթինօ զօրակցութիւն ստացաւ չորեքշաբթի օր, երբ ՖԻՖԱ-ի ներքին ժողովի մը ընթացքին (Մարոքի մէջ) ան ներում հայցեց այդ գաղափարին համար: «Եու. Է. Էֆ. Ա.» պոյքոթի ենթարկելու մասին որոշում մը տուած էր. եւ հինգշաբթի օրուան «ներման քայլէն» ետք ոչ մէկ փոփոխութիւն կատարուեցաւ այդ ժողովին արդիւնքին վրայ:

Ըստ կարգ մը շշուկներու, 2016-ին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գործէն արձակուած պաշտօնեան Ինֆանթինոյի գաղտնի սիրահարն էր, եւ այդ պատճառով ան մեծ գումարներ ստացած էր:

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» յայտնած էր, որ 2016-էն ետք շատ խիստ օրէնքներ դրուած են, եւ ինչպէս ՖԻՖԱ-ն, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն ալ հասութաբեր կառոյց չէ եւ մեծ գումարներ չի կրնար եւ պէտք չէ վճարէ իր պաշտօնեաներուն, երբ անոնք գործէ արձակուին:

Նախորդը

Ֆլիք Կը Խօսի Պարսելոնայի Մասին

Յաջորդը

Մուրինիոյի Զրոյցը` 2-րդ Փորձ Մրցումէն Ետք

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Յաղթեց Եւ Բարձրացաւ Գ. Դասակարգ

September 26, 2026
Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղերուն Համար`  600 Միլիոն Դրամ Վերակառուցելու «Հրազդան» Մարզադաշտը
Մարզական

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղերուն Համար` 600 Միլիոն Դրամ Վերակառուցելու «Հրազդան» Մարզադաշտը

September 26, 2026
Պասքեթպոլ.  Եուրա Մելիքեան Միացաւ «Պոթեւ 2012»-ի
Մարզական

Պասքեթպոլ. Եուրա Մելիքեան Միացաւ «Պոթեւ 2012»-ի

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.