Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուրինիոյի Զրոյցը` 2-րդ Փորձ Մրցումէն Ետք

August 11, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ խումբին կայանին հետ զրոյց մը ունեցաւ իր 2-րդ փորձ-մրցումէն ետք:

Ռէալ Մատրիտ, որ կը գտնուի Հունգարիոյ մէջ, 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ֆերինցվարոշի, եւ 6 օր առաջ հաւասարութիւն արձանագրած էր Ֆիորենթինայի հետ (2-2 Աւստրիոյ մէջ):

Մուրինիօ ըսաւ. «Շնորհակալութիւն պիտի յայտնեմ Ֆերինցվարոշին այս շատ կարեւոր մրցումին համար: Անոնք լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին եւ արդէն 5 ելոյթներ ալ ունեցած են «Եուրոփա լիկ»-ի գծով, ինչպէս նաեւ ախոյեանութիւնն ալ սկսած է իրենց մօտ: Պէտք է ըսեմ, որ առաջին կիսախաղը աւելի լաւ էր, քան երկրորդը: Ասիկա անակնկալ մը չէ, որովհետեւ առաջին կիսախաղին ելոյթ ունեցող մարզիկներուն հետ շատ աւելի երկար փորձերու մասնակցած ենք, եւ արդէն քանի մը ելոյթներու ալ մասնակցեցան: Դաշտին վրայ մարզիկներուն միջեւ կապը աւելի ամուր էր: Մենք շատ աւելի տիրապետած էինք մրցումին: Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացան Վինիսիուս Ժունիորն ու Պեռնարտօ Սիլվան, խաղցողներ, որոնք տակաւին մրցումի մթնոլորտին մէջ չեն եւ ընդամէնը քանի մը օր մարզուած էին մեզի հետ: Մենք փոխեցինք նաեւ Էնտրիքի դիրքը եւ քիչ մը կորսնցուցինք մրցումի տիրապետութիւնը, բայց ամէն ինչ կատարեալ ընելէ աւելի կարեոր է չգործել սխալներ, զորս պէտք է լաւ վերլուծեմ եւ միշտ փորձեմ կատարելագործել խումբը: Շատ պարզ օրինակ. եթէ ախոյեանութեան մրցումի մը ընթացքին 47-րդ վայրկեանին կը յաղթես 2-1 արդիւնքով, եւ այդ մրցումին ընթացքին ուղղահայեաց փոխանցում չես կատարեր, գնդակ չեմ կորսնցներ եւ մրցումն ալ չես աւարտեր ֆաուլ կատարելով, ինչպէս որ եղաւ: 47-րդ վայրկեանին յստակ պէտք է գիտնաս, թէ ի՛նչ կ՛ընես: Այս խաղերուն կուտակուող նմանատիպ մանր սխալները ինծի համար շատ օգտակար են: Կարեւոր էր Վինիսիուսի պայմանագիրին երկարաձգումը: Ատիկա ուրախութիւն է թէ՛ մեզի, թէ՛ ալ իրեն: Ինք եւ Պեռնարտօ Սիլվա քանի մը փորձ կատարեցին տակաւին: Միւսները շատ աւելի աշխատած եւ դաշտ ներկայացած են: Ես չէի սպասեր, որ «Վինիօ» այսօր 50 մեթրէն ստանայ փոխանցում մը եւ վազելով կոլ նշանակէ: Համոզուած եմ, որ յաջորդ չորեքշաբթի ան աւելի լաւ կ՛ըլլայ, իսկ յաջորդ կիրակի, Գերմանիոյ մէջ, շատկ աւելի լաւ: Պեռնարտօ Սիլվան շատ կարեւոր խաղցող է, բայց խեղճ տղան նոյնպէս նոր վերադարձած է արձակուրդէն: Ան այդպիսի մարդոցմէ է, որ հոգեբանօրէն կ՛օգնէ արձակուրդին… ոչինչ ընելով, ուստի ան ֆիզիքական շատ աւելի ցած մակարդակով վերադարձած է: Պէտք է լաւ մարզուի բարելաւելու համար իր մարզավիճակը: Բայց ան սքանչելի ֆութպոլիստ է: Եթէ ան խաղայ թիւ 6 կամ թիւ 8 դիրքերուն վրայ, ան գնդակը դուրս բերելու աշխատանքը վրան կրնայ առնել պաշտպանութենէն կեդրոն, կամ աւելի յարձակողական առիթներ կրնայ ստեղծել: Ան կրայ 3-4 դիրքերու վրայ խաղալ, եւ ատիկա շատ կարեւոր է, երբ կ՛ուզես ունենալ մարզիկներու փոքր խմբակ մը, որուն անդամները կրնան մէկէ աւելի դիրքերու վրայ կրնան խաղալ»:

Չորեքշաբթի (վաղը) Ռէալ պիտի մրցի Տեփորթիւոյի դէմ, իսկ կիրակի օր` Շալքէի դէմ:

 

Նախորդը

ՖԻՖԱ Հաւատարիմ Կը Մնայ Ինֆանթինոյին

Յաջորդը

Ուու Շու. Հայաստան 37 Մետալներով Վերադարձաւ Պաթումէն

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Յաղթեց Եւ Բարձրացաւ Գ. Դասակարգ

September 26, 2026
Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղերուն Համար`  600 Միլիոն Դրամ Վերակառուցելու «Հրազդան» Մարզադաշտը
Մարզական

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղերուն Համար` 600 Միլիոն Դրամ Վերակառուցելու «Հրազդան» Մարզադաշտը

September 26, 2026
Պասքեթպոլ.  Եուրա Մելիքեան Միացաւ «Պոթեւ 2012»-ի
Մարզական

Պասքեթպոլ. Եուրա Մելիքեան Միացաւ «Պոթեւ 2012»-ի

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.