Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարութիւն Քիւրքճեան Կամ Վարժեցում Ազատութեան (Սփիւռքեան Մտածողութիւն Մը)

August 10, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ. Ք. Գ.

«Ագուցման Տեղ»-ին Համար

Ըստ Քիւրքճեանի, սփիւռքահայ մշակութային կեանքին համար հայերէնին դերը անշրջանցելի է: Այս համոզմամբ, ինք հայերէնի ուսուցման նախանձախնդիր մըն էր, եւ թէ՛ ֆրանսախօս ու անգլիախօս եւ թէ՛ հայախօս նոր սերունդին համար պատրաստողը` ձեռնարկներու, դասագիրքերու եւ ուսուցիչներու համար ուղեցոյցներու:

Արդ, ինչպէ՞ս հասկցած է լեզուն:

Լեզուն «հոգեմտաւոր եւ ընկերաբանական երեւոյթ» մըն է: Անիկա իբրեւ ինքնութեան գիտակցութեան ու մշակութային «այլազան իրագործումներու», նաեւ բարքերու ամբողջութեան ագուցման տեղ` «կենսական դիրք» ունի: Ուստի նոյնքան կենսական է անոր դերը «գոյատեւման գործընթացին մէջ»: Քանի որ անիկա «պարզ գործիք չէ», այլ կը մարմնացնէ «մտածում» մը, որ արտադրուած է «հաւաքական պատմութեան տեւողութեան»: Անկասկած, «մտածում»-ով Քիւրքճեան հասկցած է շատ աւելին, քան` զուտ մտքի կիրարկումները, այսինքն հասկցած է աշխարհընկալում(ներ)էն մինչեւ գաղափարներու մշակումները: Այն «մտածում»-ը «յենարան» է, առանց որուն` ամէն ինչ պակասաւոր կ՛ըլլայ…

Արդ, հայերէնը, յարաբերաբար հայերու կողմէ գործածուող այլ լեզուներու, անհրաժեշտ է, որ նախապատուութիւն վայելէ: Մեր տարբեր լեզուներով շրջապատուած կացութեան մէջ հայեր կը շահին, երբ կը տիրապետեն մայրենի լեզուին: Կը շահին դարաւոր հայերէնին «մտածում»-ը: Նախապատուութիւնը, անշուշտ, պէտք չէ ընկալուի իբրեւ անտեսում շրջապատի լեզուին, կամ` այլ տիրող լեզուներու: Հարկ է իւրացումը թէ՛ շրջապատի լեզուին եւ թէ՛ տիրող այլ լեզուներու: Մեկուսացած հայերէնագիտութիւն մը անբաւարար է ինքնութեան գիտակցութեան համար: Նոյնպէս անբաւարար է միայն շրջապատի լեզուին, կամ տիրող այլ լեզուներու իւրացումը` հայօրէն ըլլալու համար: Երկու պարագաներուն ալ հոգեմտաւոր խզում մը կը յառաջանայ: Սփիւռքահայը կոչուած է յաղթահարելու եւ զանցելու այն խզումը, որ օտարացում է: Ինչպէ՞ս յաղթահարել եւ զանցել զայն: Քիւրքճեանի առաջարկն է` երկլեզուութեան ռազմավարութեամբ (կարգ մը իրականութիւններու մէջ` նաեւ քանի մը լեզուներու ռազմավարութեամբ, աւելցնեմ): Այն ռազմավարութիւնը «թիրախ» կ՛ունենայ նոր սերունդը, կը յեղափոխէ «դասաւանդման ժամանակավրէպ կամ մակերեսային մեթոտներ»-ը` տրամախոհականօրէն համարկելով հայերէնը միւս լեզուին (կամ լեզուներուն) հետ:

Այն համարկումը ինք չէ հասկցած ա-լա-յունաբան գործունէութիւն մը, ուր մայրենին կը կորսնցնէ իր օրէնքը եւ կատարելապէս կ՛ենթարկուի միւս լեզուին (լեզուներուն): Իր հասկացողութեամբ, համարկումը է արժեւորիչ գոյակցութիւն: Հայերէնը երբ այնպիսի գոյակցութեան մէջ կը գտնուի, միւս լեզուի օրէնքին «մտածում»-ը (միւս լեզուներուն «մտածում»-ները) ունկնդրելով, արժեւորելին արժեւորելով` նոր որակ մը կը ստեղծէ, նոր որակի մը կը տանի սեփականը: Արժեւորիչ գոյակցութիւնը «բարոյական կեցուածք է, արժէքաբանական ամբողջական դիրքորոշում», եւ ոչ` «արհեստավարժական յատկութիւն» կամ ատակութիւն: Ասիկա չի նշանակեր, թէ արհեստավարժականը կարեւոր չէ, ընդհակառակն, շատ կարեւոր է, բայց անոր ճշմարիտ կիրարկումին համար հիմնական է բարոյական կեցուածքը, քանի որ այդ կեցուածքը գոյակցութեան իսկութիւնն է: Անիկա իր օրէնքը չի հասկնար իբրեւ միաձեւութեան անփոփոխելի հրաման, այլ զայն կը խորհի իբրեւ ուղի, որ կը յառաջանայ այլազանութեան սկզբունքին յարգանքով: Անիկա ըստ այնմ կը պահպանէ արեւմտահայերէնի աւանդը, նաեւ կը պահպանէ իր հաւատարմութիւնը` դասական ուղղագրութեան հանդէպ: Այս տեսակ պահպանումը բացուածք մըն է, որ կրնայ գտնել «համաշխարհային հեռանկար մը»: Հեռանկար մը, որ «ներհայկական հաղորդակցամիջոց»-ի մը վերածումն է արեւմտահայերէնին` «իբրեւ անդրպետական էսփերանթօ»: Այս վերածումը կարելի կ՛ըլլայ արեւմտահայերէնով մշակելի գրականութեամբ մը, որ համաշխարհային գրական-գեղարուեստական հոսանքներուն դէմ կ՛առճակատի: Ասոր զուգահեռաբար` այլ լեզուներէ արտադրութիւններու թարգմանութիւններով: Թարգմանութիւնները «էական գործընթաց» մըն են. անոնք այլ լեզուներու եւ մշակոյթներու հետ հաղորդակցութիւն կը ստեղծեն եւ կենսունակութիւն կու տան սեփական լեզուին:

Մայրենիի նոր որակին ստեղծումը` «կը պատրաստէ սփիւռքեան վերապրումի տարրեր, նոր ձեւ մը, տիպականօրէն հայկական ձեւ մը»: Անիկա «զգայուն հաւասարակշռութեան» որակ մըն է, որ կ՛ազատագրէ եւ դրական զարգացումի մեկնակէտ կ՛ըլլայ: Այս ընթացքը, անկասկած, պիտի վերափոխէ արեւմտահայերէնը:

Իսկ արեւելահայերէնին եւ արեւմտահայերէնին մերձեցման հարցին` ի՞նչ տեսակէտ ունեցած է Քիւրքճեան: Նախ` հայերէնի այսպէս երկճիւղումը համարած է հետեւանք պատմա-քաղաքական բազմադարեան անբնական պայմաններու: Ապա անդրադառնալով անոնց համաձուլման խնդրին` ինք հակած է այն տեսակէտին, թէ ատիկա արուեստակեալ փորձերով անիրագործելի է: Իր կարծիքով, լեզուական փոփոխութիւնները կարելի կ՛ըլլան միայն բնական հոլովոյթով: Ուստի, համաձուլման գաղափարին տեղ, խորհած է մերձեցման մասին եւ ատոր համար նպաստաւոր տեսած է ներազգային հոգեմտաւոր հաղորդակցութիւնը, շփումներու սերտացումը եւ հասարակաց գետինի մը որոնումը: Ըստ մերձեցման իր առաջարկներուն, հիմնական խնդիրը ուղղագրութիւնն է: Արեւելահայերէնը պէտք է վերադառնայ նախախորհրդային ժամանակաշրջանին իր կիրարկած դասական գրելաձեւին: Դիւրին չէ ասիկա ընելը, բայց` անհրաժեշտ: Ապա հարկ է հեոռւ մնալ իւրաքանչիւր լեզուաճիւղի «կաղապարուած եւ անփոփոխելի տարերք»-էն, քանի որ անոր «օրկանական էութիւն»-ը «տեղ չի տար մերձեցումի ուղղակի փորձերու»: Արդ, ասպարէզը միայն կրնայ վերաբերիլ «մասնակի-անուղղակի»-ին, այսինքն` բառամթերքին, որ ընդհանրութեան մէջ երկուքին մօտ «միեւնոյնն է», դարձուածքներուն, եռաստիճան բաղաձայններուն, յատուկ անուններու ուղղագրման: Ու այն ասպարէզը պիտի հաւատայ «բնական փոխթափանցում»-ին:

Թող ներուի ինծի, որ հիմա տեղին չեմ գտներ մէկ առ մէկ բանալ իր առաջարկները: Ընթերցողը կը յղեմ իր «Արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն լեզուաճիւղեր/մերձեցումի կարելին եւ անկարելին» յօդուածին: Չեմ բանար, որովհետեւ լեզուաբանական անջատ ու ծաւալուն քննութեան մը նիւթն է անիկա:

Ինք արեւմտահայերէնը մօտիկ դրած է դասական կամ գրաբար հայերէնին, ուստի լեզուաճիւղերուն մերձեցման համար գրած է, թէ արեւելահայերէնին «էական խնդիր»-ն է` «վերակամրջումի խնդիրը` ազգային անցեալի եւ ո՛ղջ աւանդութեան հետ»: Այն վերակամրջումը մեծապէս պիտի ծառայէ արեւելահայերէնին եւ արեւմտահայերէնին մերձեցման:

Մինչ այդ կարեւոր է, որ արեւմտահայ սփիւռքը ստանձնէ լեզուական իր ժառանգութիւնը: Ոչ թէ Երեւանէն սպասէ նախաձեռնութիւնը իր լեզուին ուսուցման ծրագիրներուն, այլ ինք նախաձեռնէ` յարգելով սփիւռքեան իր պայմաններուն նոր սերունդները, որոնք երկլեզուութեան (կարելի է աւելցնել, շարք մը տեղեր` եռալեզուութեան կամ բազմալեզուութեան) բնակիչներ են… Զուգահեռաբար, ամբողջական ծրագրումով հայերէնի աւանդման մարդուժ պատրաստելու հետամուտ ըլլայ:

(Շար. 10)

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 8 Օգոստոս 2026)

Յաջորդը

Քարտէսից Այն Կողմ. Տիգրանաշէնը Եւ Հայաստանի Ռազմավարական Անվտանգութեան Ընտրութիւնը

RelatedPosts

Լիովին Ու Ամբողջական Կեանք Մը Ապրած Անհատի Մը Համեստ, Բայց Միաժամանակ Հարուստ Վկայարանն Է Այս Հատորը*
Անդրադարձ

Լիովին Ու Ամբողջական Կեանք Մը Ապրած Անհատի Մը Համեստ, Բայց Միաժամանակ Հարուստ Վկայարանն Է Այս Հատորը*

September 25, 2026
Պիտի Պահե՛նք Այնճարը, Պիտի Պահե՛նք Մեզի Ժառանգուած Մեր Հողը, Պիտի Պահե՛նք Մեր Հայեցի Դիմագիծը*
Անդրադարձ

Պիտի Պահե՛նք Այնճարը, Պիտի Պահե՛նք Մեզի Ժառանգուած Մեր Հողը, Պիտի Պահե՛նք Մեր Հայեցի Դիմագիծը*

September 25, 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը`  Անցեալէն Դէպի Մերօրեայ Ապրումներ
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սեպտեմբեր 21-ը՝ Յիշատակի, Խոնարհումի Եւ Ազգային Ուխտի Օր

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.