Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 30, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» իմացած է, որ լիբանանեան պետութիւնը նախագահ Ժոզեֆ Աունի յառաջիկայ օրերուն սպասուող Թուրքիա այցելութեան ընթացքին թրքական նախաձեռնութեան մը կը սպասէ, մանաւանդ որ Անգարայի մէջ պաշտօնատարները կը հաստատեն, որ Լիբանանին, մասնաւորաբար ուժանիւթի ոլորտին մէջ, օգնելու նկատմամբ դրական տրամադրուած են:

. «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Պաապտայի պալատին ու Այն Թինէի միջեւ հաղորդակցութիւնը կը շարունակուի, սակայն խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի նախագահական պալատ այցելութիւնը տակաւին կը մնայ յետաձգուած` սպասելով լիբանանեան թղթածրարի երթի յստակացման»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Սպիտակ տան կողմէ խորհրդարանի նախագահին վերաբերեալ հնչած դրական նշանները ճամբայ հարթեցին նախագահական պալատին ու Այն Թինէի միջեւ դրական խօսակցութեան եւ կեանքի կոչեցին խորհրդականներուն միջեւ հաղորդակցութիւնները` այն նախատեսութեամբ, որ խորհրդարանի նախագահը նախագահական պալատ այցելէ, երբ «հարցերը հասուննան»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Շրջագծային համաձայնագիրի գործադրութիւնը հետզհետէ կը բարդանայ Լիբանանէն դուրս գալ մերժելու Իսրայէլի պնդման եւ գոյութիւն ունեցող անվտանգութեան իրավիճակը մշտապէս ամրապնդելու կամ նոյնիսկ նոր պատերազմի շղթայազերծման միջոցով զայն ընդլայնելու ծրագիրներու լոյսին տակ»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ մարմիններու նախկին անդամ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան կողմին համար բնորդային տարածքներու իրական քննութիւնը պիտի ըլլայ բնակուած տարածքներու մէջ, յատկապէս Լիթանի եւ Աուալի գետերուն միջեւ ինկած տարածքներուն մէջ, ուր Հըզպալլան տակաւին մեծ ներկայութիւն ունի, եւ անոր ենթակառոյցները չեն աւերուած»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Լիբանան կառչած կը մնայ իր սկզբունքներուն, որոնք նախագահը արտայայտեց եւ որոնց բանակի հրամանատարութեան հաղորդագրութիւնը զօրակցեցաւ: Այդ սկզբունքներն են պետութեան գերիշխանութեան, բոլոր հողերուն վրայ անոր իշխանութեան տարածումը: Հռոմի ժողովներու յաջողութիւնը կախեալ է միջազգային երաշխիքներու գործադրութեան կարողութեան տարողութենէն»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Հանդիպումները տեղի կ՛ունենան շրջագծային համաձայնագիրի իրականացման գործին մէջ լիբանանցիներու գործնական յառաջընթացի յոյսերու ենթապատկերին վրայ, մասնաւորաբար` հարաւային Լիբանանի մէջ փորձնական տարածքներու ընդլայնման վերաբերեալ` իբրեւ լիբանանեան բանակի աւելի ընդարձակ տեղակայման նախաբան»:

. ԴԱՇՏԱՅԻՆ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Իրողական գետնի վրայ կարելի չէ շրջագծային համաձայնութեան գործադրութեան առնչուած հեռացումի սկիզբի մասին խօսիլ, այլ` ներթափանցման ընդլայնման, այսինքն` բռնագրաւումի համեմատութեան յաւելեալ եւ ոչ թէ կրճատման մասին, ինչպէս պատահեցաւ Պէյթ Եահունի եւ Պայատայի մէջ, ինչպէս նաեւ բուռն ականահարումներուն ու բանակի թիրախաւորման պարագային»:

. ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք. «Քաղաքացիական խաղաղութեան ամրապնդման համար հինգշաբթի օր «Լիբանանի պաշտպանում» հանդիպումի կայացման շուրջ քաղաքական եւ խորհրդարանական համաձայնութիւն»:

Նախորդը

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մեծ Յաղթանակով Աւարտեց Տարեշրջանը

Յաջորդը

Պուլոս. «Իրան Կ՛ուզէ Որ Հըզպալլան Լիբանանի Մէջ Գործօն Մնայ, Եւ Մենք Ատիկա Պիտի Չարտօնենք»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.