Միացեալ Նահանգներու նախագահի արաբական եւ ափրիկեան հարցերու աւագ խորհրդական Մասաատ Պուլոս յայտնեց. «Իրան կ՛ուզէ, որ Հըզպալլան Լիբանանի մէջ գործօն մնայ, եւ մենք ատիկա պիտի չարտօնենք»:
«Տեւական խաղաղութիւնը կը պահանջէ, որ գերիշխան պետութիւնները, եւ ոչ թէ ահաբեկիչ գործակատարները, իրենց հողերուն վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն ունենան», շեշտեց Պուլոս:
«Իսրայէլի եւ Լիբանանի կառավարութիւններուն միջեւ պատմական բանակցութիւնները, որոնք իրագործուեցան շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, այդ նպատակի իրագործման պիտի նպաստեն», նշեց ան:
«Հիմնուելով 26 յունիսին ստորագրուած պատմական «եռակողմ շրջագիծ»-ին վրայ, անհամբեր կը սպասենք բանակցութիւններուն, մինչ կը ջանանք շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը վերականգնել», յայտնեց Պուլոս:


