Լիբանանի Գ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան 14-րդ եւ վերջին հանգրուանին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 6-2 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց Հորր Ամելի խումբին դէմ` փակելով իր առաջին տարեշրջանը Գ. դասակարգին մէջ 1997-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով:
Ալեք Ալճեան, Ուասիմ Ապտել Հատի (3) եւ Էլիաս Համուշ (2) նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի կոլերը` ձեռք ձգելով տարեշրջանի 7-րդ յաղթանակը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի 4-րդ դիրքին վրայ աւարտեց տարեշրջանը, բայց վստահաբար յառաջիկայ տարեշրջանի պատրաստութիւնները այժմէն իսկ կը սկսին, այս անգամ աւելի փորձառութիւն ձեռք ձգելով այս կարգի մակարդակէն, ինչպէս նաեւ խումբին մէջ աւելի արդիւնաւէտ մարզիկներ ձեռք ձգելու համար յառաջիկայ նոր պայքարին համար:
Վեթերան կոլ-սքորըր Ուասիմ Ապտել Հատիի անմոռանալի կոլերը եւ ներկայութիւնը շատ օգնեցին խումբին կարեւոր կէտեր ձեռք ձգելու: Սերժ Օսքեանի, Յակոբ Նաճարեանի, Աւիկ Յարութիւնեանի, Տիգրան Վարդանի, Ալեք Ալճեանի եւ տակաւին երիտասարդ Միկել Խանճեանի եւ բոլոր մարզիկներու քրտնաջան աշխատանքին շնորհիւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբը պատուաբեր արդիւնքներ ձեռք ձգեց այս տարի:
Նոյն խմբակին մաս կազմող Ղատ Աֆտալն ու Իժթիմահին աւելի փորձառու կամ աւելի պատրաստ կազմ ունէին եւ հասան «ֆայնըլ 6»:
Իրենց խմբակներուն առաջին երկու դիրքերը գրաւող այլ խումբեր, ինչպէս ՀՄՄ, Շապապ Մաժտել Այնճար, Սալամ Սուր եւ Նահտա Այն Պաալ իրենց կարգին պիտի մասնակցին աւարտական հանգրուանին, որոնց աւարտին 2 խումբեր պիտի բարձրանան Բ. դասակարգ:


