Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
«Հայաստան–Սփիւռք Յարաբերութիւններ Եւ Մարտահրաւէրներ» Խորագիրով Դասախօսութիւն
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան, 23 յուլիսին «Ա. Մանուկեան» Ժողովրդային տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններ եւ մարտահրաւէրներ» խորագիրով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ֆրանսահայ քաղաքագէտ, լրագրող եւ միջազգայնագէտ Տիգրան Եկաւեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արմէն վրդ. Գալաճեան: Ան դիտել տուաւ, որ օրուան դասախօսութիւնը նուիրուած է համազգային օրակարգի կենսական, միեւնոյն ատեն զգայուն նիւթերէն մէկուն` Հայաստանի եւ սփիւռքի յարաբերութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն: Արմէն վրդ. Գալաճեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց նաեւ դասախօսին կենսագրականը:
Ազգային վարչութեան անդամ դոկտ. Հուրի Ազեզեան խօսք առնելով նախ անդրադարձաւ` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան, հայերու տեղահանութեան եւ ամբողջ աշխարհի մէջ սփռումին, ապա սփիւռքի ձեւաւորման եւ կազմաւորման փուլերուն` 1920-1930-ական թուականներուն եւ սփիւռքացման գործընթացին, որ կը շարունակուի առ այսօր: Դոկտ. Ազեզեան դիտել տուաւ, որ այսօր ժողովուրդներու ազգային մշակոյթը այլակերպման սպառնալիքի տակ կը գտնուի, ուստի մենք կարիքը ունինք նախ` դէպի արմատներ վերադառնալու եւ Հայաստան-սփիւռք-Արցախ եռամիասնութիւնը ամրապնդելու:
Այնուհետեւ օրուան բանախօս Տիգրան Եկաւեան ներկայացուց «Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններ եւ մարտահրաւէրներ» խորագրով իր նիւթը: Ան դիտել տուաւ, որ մենք կարիքը ունինք խոր քննադատական հայեացքով անդրադառնալու Հայաստանի ներկայ իրականութեան եւ վերամշակելու սփիւռքի օրակարգը, աւելցնելով, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ մեզի կը պակսին հարթակներ, ուր կարելի է բանավէճեր կազմակերպել սփիւռքի ինքնութեան պահպանման հարցին շուրջ, յատկապէս եթէ նկատի ունենանք, որ կը գտնուինք նոր իրականութեան մը դիմաց: Բանախօսը նշեց, որ Հայաստանի քաղաքական նոր խօսոյթին համաձայն, ազգը կարեւոր չէ, կարեւորը պետութիւնն է իր քաղաքացիներով, իսկ հակառակ ուղղութիւնը, որուն կը հաւատայ աւանդական սփիւռքը, այն է, որ Հայաստանը հայրենիք է, եւ անպայման քաղաքացի ըլլալով չէ, որ կարելի է ծառայել հայկական համընդհանուր շահերուն: Այս երկրորդ կարծիքին համաձայն, հայրենի պետութիւն-սփիւռքներ փոխլրացուած, համակարգուած դերերով պէտք է գործեն: Ապա նշեց, որ Հայաստան ցաւօք չէ ունեցած սփիւռքին հետ յարաբերելու յստակ ռազմավարութիւն, նոյնիսկ եթէ քաղաքական որոշ փորձեր եղած են նախկին նախագահներու տարիներուն: Ապա օրինակներ տուաւ այս տեսակէտը պարզելու համար:
Եզրափակելով` ըսաւ, որ սփիւռքը, առաւելաբար` աւանդական սփիւռքը, կարիք ունի քննարկումներու` իր օրակարգին, իր տեսլականին մշակման համար:
Աւարտին սրբազան հայրը Ազգային իշխանութեան եւ Գործադիր վարչութեան անունով գնահատանքի խօսք ուղղեց բանախօսին:
Ֆրանսա
Լիզպոնի Հինգի Ոգեկոչում Փարիզի Մէջ
Փարիզի ՀՅԴ «Արմէն Կարօ» ենթակոմիտէն` իր աւանդութեան հաւատարիմ եւ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ոգեկոչեց Լիզպոնի հինգ մարտիկներուն յիշատակը:
Նախորդ տարիներուն, եկեղեցական արարողութենէն ետք, բոլորը կը համախմբուէին Փարիզի Մշակոյթի տան մէջ կազմակերպուած հոգեճաշին շուրջ: Քառասուներորդ տարելիցը նշուեցաւ Ալֆորվիլի տան մէջ, իսկ անցեալ տարի հոգեհանգիստը եւ հոգեճաշը տեղի ունեցան Իսի-լէ-Մուլինոյի եկեղեցւոյ եւ շրջանի համագործակցութեամբ:
Այս տարի սակայն, տարբեր էր: Հոգեհանգիստի կարգէն ետք` խունկով եւ երգով բոլորը ուղղուեցան դէպի Փարիզի Փէր Լաշէզի գերեզմանատունը, ուր կը հանգչին մեր մեծերէն քանի մը հատը:
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի շիրիմին առջեւ բոլորը վերահաստատեցին Լիզպոնի հինգ հերոսներուն կատարած անձնազոհութեան ու հերոսական արարքին իմաստն ու անոր հաւատարիմ մնալու խոստումը: Ռոմիկ Տաւիթեան իր խօսքին մէջ յիշեց Սեդրակը, Վաչէն, Արան, Սարգիսը եւ Սիմոնը, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին` արդարութեան ձայնը բարձրացնելու նպատակով: Անոնք ըսած էին, թէ մոռացութեան, անտարբերութեան եւ անարդարութեան դէմ ըմբոստանալն էր իրենց միակ ընտրութիւնը: «Անոնց արարքը ճիչ մըն էր ընդդէմ լռութեան:
Աշխարհը մերժած էր լսել, անոնք դիմեցին ուժի` իբրեւ աշխարհը սթափեցնելու միակ միջոց: Երբ չկայ արդարութիւնը, լռութիւնը կրնայ դառնալ պայթումի պատճառ», ըսաւ Տաւիթեան:
Թալին Թաշճեանի գեղեցիկ ձայնը հնչեցուց «Մատաղ ազատութեան խորանին»-ը:
Անկէ ետք ներկաները ուղղուեցան դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Աւետիս Ահարոնեանի շիրիմը: Այս երկու շիրիմները նոյն ճեմուղիին մէջ գրեթէ դէմ առ դէմ կը գտնուին եւ «անընդհատ կը խօսակցին»` ոչ միայն չմոռնալու, այլ մանաւանդ չկորսուելու այս օտարութեան մէջ:
Այս քանի մը քառակուսի մեթրերուն վրայ անոնք վերապրեցան պատմութեան նշանակալի դէպքերը եւ վերյիշեցին նուիրեալ դէմքեր:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ ինչպէ՛ս ճանաչման համար մղուող պայքարը կը շարունակուի: Ան նշեց, որ անցեալին հետ այս կենդանի կապը մեզ բոլորս կը պարտաւորեցնէ շարունակել պայքարը` հետեւելով Լիզպոնի հինգ հերոսներուն պատգամին:
Յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ նաեւ մեր «Նեմեսիս»- ներուն` ընթերցելով Ահարոնեանի «Ազատութեան ճանապարհին» գիրքին սկզբնատողերը. «Նրանց` որոնք խիզախ կեանքով դաժան մահը հեգնեցին, եւ հպարտ մահով մեր սեւ կեանքին փայլ տուին»:
Յունաստան
Կայացաւ ՀԳ Խաչի Խալքիտիքիի Ամարանոցը
Բաւական տարիներու ընդհատումէ ետք, Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ գթութեան խաչի Խալքիտիքիի ամարանոցը այս տարի վերաբացաւ իր դռները` դարձեալ ընդունելու համար երեխաներ եւ պատանիներ, որոնք անմոռանալի օրեր ապրեցան հայաբոյր եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ:
ՀԳ Խաչի Շրջանային վարչութեան եւ պատասխանատուներու բազմամեայ ջանքերուն շնորհիւ` կարելի եղաւ յաղթահարել ամէն տեսակի պետական, դիւանակալական, օրինական եւ վարչական պահանջները, որպէսզի Խալքիտիքիի ամարանոցը դարձեալ հիւրընկալէ մեր հայորդիները եւ անոնց պարգեւէ հայավայել միջավայր մը:
Այս առիթով հրապարակուած լրատուութեան մէջ կը նշուի. «Կրնանք վստահ ըլլալ, որ այս տարիէն սկսեալ ամարանոցը պիտի դառնայ ժամադրավայրը Յունաստանի եւ Եւրոպայի տարածքին վրայ ապրող հայ պատանիներուն, որոնց համար այս համախմբումը իրենց հոգեկան աշխարհը ծաղկեցնելու, նորանոր բարեկամութիւններ կնքելու, հայկական շունչով ապրելու գեղեցկագոյն պահերէն մին կը հանդիսանայ»:
Այս տարուան 80 հոգինոց մասնակցութիւնը ինքնին խրախուսիչ եւ յուսատու պատկեր մըն է` երաշխաւորելով ապագայ ընթացքը եւ աւելի ընդլայնուած մասնակցութիւնը: Յայտնենք, որ Խալքիտիքիի ամարանոցը կը գտնուի Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան անմիջական ուշադրութեան ու գուրգուրանքին տակ` իբրեւ Եւրոպայի ցամաքամասի նշանակալից բանակավայր մը հայ պատանի սերունդին համար:
Վերաբացուած ամարանոցը այս տարի ունեցաւ երկու շրջան` առաջինը 8-12 տարեկան մանուկներուն համար, իսկ երկրորդը` 13-17 տարիքի սերունդին համար: Երկու շրջաններուն մասնակցեցան մօտ 80 հայորդիներ, որոնք կու գային Թեսաղոնիկէէն, Աթէնքէն, Թրակիայէն եւ Կիպրոսէն:
Երկու տարբեր համախմբումները, իրենց յայտագիրով եւ լեցուն զբաղումներով, մեծ խանդավառութիւն պատճառեցին մասնակից տղոց: Պէտք է կարեւորութեամբ ընդգծել` Շրջանային վարչութեան ու խաչուհի նուիրեալ կամաւորներու անվերջ հոգածութիւնը, ճաշերու պատրաստութիւնը, մաքրութեան եւ կարգուկանոնի հետեւողական աշխատանքը, դաստիարակչական ծրագիրները, ամէնօրեայ ծովու լոգանքները, ընկերային ժամերը եւ բարեկամական անգին պահերը:
Առօրեայ ջանքերուն շնորհիւ, կարելի եղաւ մասնակցող փոքրիկներուն պարգեւել հոգեկան գոհունակութիւն եւ խանդավառ զգացումներ, որոնք անջնջելի պիտի մնան իրենց յիշողութեան մէջ:
Ամարանոցը ընդունեց նաեւ պաշտօնատար անձերու այցելութիւնը, որոնք խրախուսեցին պատանիները: Յունաստանի հայոց թեմակալ առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան առիթը ունեցաւ հանդիպում ունենալու մասնակիցներուն հետ եւ անոնց հետ զրուցելու տղոց բարեկամութեան եւ իրարու հանդէպ վստահութեան առաքինութիւններուն մասին, որոնք կարեւոր տեղ կը գրաւեն մարդկային եւ քրիստոնէական արժեհամակարգին մէջ:
Նաեւ այցելութիւն կատարեց ու անոնց հետ ժամանակ անցուց Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Եղիա վրդ. Մալխասեան: Յունահայոց Ազգային վարչութեան անունով եւս այցելութիւն կատարեց անդամ Արսէն Գալֆայեան: Նոյնպէս, Յունաստանէն եւ արտասահմանէն ազգայիններ այցելեցին եւ մօտէն իրազեկ դարձան ամարանոցի կեանքին:
Նշենք նաեւ, որ Վարդավառի կիրակին բանակողները զուարճացան աւանդական ջրախաղով` կենդանի պահելով հնամեայ սովորութիւնը: Յատկանշական եղաւ Թեսաղոնիկէի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական մասնաճիւղի խմբապետներու եւ սկաուտներու այցելութիւնը, որոնք հաճելի զբաղումներով եւ սկաուտական գիտելիքներով ճոխացուցին տղոց յայտագիրը:
Մասնակիցները ունեցան` հայերէնի ուսուցման պահեր, դասախօսական շարքեր, մշակութային աշխատանքներ եւ հայկական նիւթերով համեմուած յայտագիրներ:
Իրաք
Այցելութիւն Աւզրուկ Հայաբնակ Գիւղը
25 յուլիսին թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեան, ընկերակցութեամբ Ներսէս վրդ. Խալաթեանի եւ Զախոյի Թաղական խորհուրդի ատենապետ Դաւիթ Մարտիրոսեանի, այցելեց Աւզրուկ հայաբնակ գիւղը:
Հիւրերը դիմաւորեցին` եկեղեցւոյ հովիւ Մասիս քհնյ. Շահինեանը, Թաղական խորհուրդի ատենապետը եւ եկեղեցւոյ «Արմաշ» երգչախումբին անդամները:
Հանդիպումէն ետք, «Արմաշ» երգչախումբը ներկայացուց Սուրբ Պատարագի շարականներէն:
Միացեալ Նահանգներ
Դարաւոր Յիշողութիւն Մը Վերակենդանացաւ
Դար մը առաջ Լոս Անճելըսի հայ համայնքի զաւակները համախմբուած էին նշելու Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնը: 4 յուլիս 1927-ին, այդ տօնակատարութեան ընթացքին ներկաները լուսանկարուեցան իրենց հովիւ Ատոմ քհնյ. Մելիքեանի հետ:
Այդ լուսանկարին մէջ երեւցող հաւատացեալները ընդամէնը քանի մը տարի առաջ անցած էին իրենց կեանքի ամէնէն դժնդակ եւ ամենացաւալի փորձառութենէն: Անոնք բոլորը Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներ էին, որոնք Ամերիկայի մէջ նոր կեանք կառուցելով` մնացած էին հաւատարիմ իրենց հաւատքին, ազգին եւ մայր եկեղեցւոյ:
Հարիւր տարի անց` 4 յուլիս 2026-ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հրաւիրեց Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւորականներն ու աշխարհականները` վերապրելու այդ պատմական պահը եւ վերարտադրելու 1927-ի անմոռանալի լուսանկարը: Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած խումբը լուսանկարուեցաւ հաւաքուած առաջնորդ սրբազան հօր շուրջ` խորհրդանշելով սերունդներու անխզելի շարունակականութիւնը, եկեղեցական միասնականութիւնը եւ հայ ժողովուրդի աննկուն ոգին:
Պատմական այս վերարտադրութեան առանձնայատուկ խորհուրդ մը հաղորդեց այն իրողութիւնը, որ 1927-ի լուսանկարին մէջ երեւցող Ատոմ քհնյ. Մելիքեանի ծոռնուհիները` Տիան Ճեպեճեան եւ Ռոնտա Պերքլի, ներկայ էին նաեւ այս արարողութեան: Ատոմ քհնյ. Մելիքեան, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տնօրինութեամբ ձեռնադրուած էր քահանայ, այդ տարիներուն Լոս Անճելըսի առաջին եւ միակ հայ հոգեւորականն էր: Ան հիմնեց Սուրբ Խաչ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին եւ հիմը դրաւ շրջանի հայ եկեղեցական եւ համայնքային կեանքին: Լուսանկարահանումը աւարտեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու խաղաղութեան, բարօրութեան եւ աստուածապաշտ ապագային համար բարձրացուած գոհաբանական աղօթքով:
Սրբազան հօր տնօրինութեամբ 12 յուլիսին Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցան գոհաբանական աղօթքներ Միացեալ Նահանգներու համար` անկախութեան 250-ամեակին առիթով:
Պատմական այս լուսանկարի վերարտադրութիւնը Արեւմտեան թեմի հարիւրամեակին առիթով կազմակերպուող յոբելենական նախաձեռնութիւններէն մէկն է:
100-ամեակի կազմակերպչական յանձնախումբի ատենապետ Վազգէն Ա. քհնյ. Մովսէսեան անդրադառնալով այս նախաձեռնութեան` ըսաւ, որ 1927-ի այդ լուսանկարին մէջ կ՛արտացոլայ հայ ժողովուրդի աննկուն ոգին, աւելցնելով, որ այսօր իրենց նպատակն էր նոյն այդ ոգին վերակենդանացնել` մեր հոգեւորականներուն շուրջ եւ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ:
Թինա Տեմիրճեան Նշանակուեցաւ Կլենտէյլի Պաշտօնական Բանաստեղծը
Կլենտէյլի Քաղաքապետական խորհուրդին եւ անոր Գրադարաններու, արուեստներու եւ մշակոյթի բաժանմունքին որոշումով Թինա Տեմիրճեան նշանակուեցաւ Կլենտէյլ քաղաքի յաջորդ պաշտօնական բանաստեղծը` բանաստեղծութեան արուեստը տարածելու առաքելութեամբ: Ան պիտի փոխարինէ 2023-ին հաստատուած այս պաշտօնին առաջին անգամ նշանակուած Րաֆֆի Ճօ Վարդանեանը:
Բանաստեղծութեան արուեստը տարածելու նպատակին համար քաղաքին պաշտօնական բանաստեղծը պիտի իրագործէ ծրագիրներ, կազմակերպէ հաւաքներ, աշխատանիստեր եւ ներկայացումներ` քաղաքի տարբեր տարիքի քաղաքացիներ ներգրաւելու յոյսով:
Թինա Տեմիրճեան Կլենտէյլի մէջ արուեստներու ջատագով մըն է եւ իրականացուցած է շարք մը ծրագիրներ ու ներկայացումներ` արժանանալով քանի մը դրամաշնորհներու: Անոր բանաստեղծութիւններու անդրանիկ հաւաքածոն հրատարակուած է «Իմփրինթ» հատորով, իսկ անոր գործերը լոյս տեսած են ամերիկահայ բանաստեղծներու ստեղծագործութեանց երկլեզու (անգլերէն եւ հայերէն)` «Ծննդանշան» (Birthmark) եւ «Remain In Light» հատորներուն մէջ:


