Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 29, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԻՍՐԱՅԷԼԻ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց. «Կազայի 70 առ հարիւրը քանդեցինք, եւ այդ բնորդը կիրարկեցինք Հարաւային Լիբանանի մէջ»:

. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին. «Շրջագծային համաձայնութիւնը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման միակ ուղին է»:

. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Հատաս»-ին. «Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի նախագահներ Տանըլտ Թրամփի եւ Ժոզեֆ Աունի միջեւ արդիւնաւէտ ժողովը դրական անդրադարձ ունեցաւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի քննարկումներուն վրայ»:

. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին. «Թեքնիք խումբեր պիտի կեդրոնանան Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ շրջագծային համաձայնութեան գործադրութեան յառաջ մղման վրայ»:

. ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատին մօտիկ շրջանակներ «Ախպար» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն Թրամփէն խնդրեց Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել` «փորձնական շրջաններ»-ու երկրորդ փուլին անցնելու համար, եւ խոստում ստացաւ Հըզպալլայի զինաթափման առնչուած քայլերուն արագացման դիմաց այդ առնչութեամբ աշխատելու»:

. ԹՂԹԱԾՐԱՐԻՆ առնչակից շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլացիները չեն ուզեր փորձնական նոր շրջաններու անցնիլ, այլ խօսքով` չեն ուզեր իսկական հեռացում կատարել, ուստի երկու կողմերու յանձնառութիւններուն գործադրութիւնը ստուգելու պարտականութիւնը ունենալիք երրորդ կողմին ինքնութեան ճշդումը կը խոչընդոտեն»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Լիբանան կառչած կը մնայ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն, սակայն իսրայէլեան կողմը կասկածներ ունի` մեկնելով ոչ քաջալերական նախկին փորձառութենէն: Արդեօք պարտականութիւնը կ՛իյնայ ամերիկեան կողմի՞ն վրայ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Տակաւին յստակ չէ, թէ ամերիկացիները ինչո՛ւ կը յետաձգեն փորձնական շրջաններուն մէջ ենթադրեալ հսկողութեան մեքանիզմի որոշումը, եւ թէ ո՛ր կառոյցը պիտի ստանձնէ այս առաջադրանքը` հաշուի առնելով, որ Ամերիկան Լիբանանին տեղեկացուցած է, թէ այս առաքելութիւնը իրականացնելու համար ամերիկեան ուժեր նշանակելու մասին կարելի չէ խօսիլ»:

. ԴԱՇՏԱՅԻՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Քֆարթպնիթի, Զաութար Ղարպիէի եւ այլ շրջաններու մէջ բանակի տեղակայման կէտերուն մօտ կրակոցները այլեւս պարզապէս աննշան խախտումներ չեն, այլ վերածուած են բանակի առաքելութեան գործադրութիւնը խոչընդոտող ուղղակի ազդակներու»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Խնդիրը բանակին իր ծրագիրը գործադրելու կարողութիւնը չէ, այլ ատոր համար գործնական պայմաններու բացակայութիւնը: Բանակը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ իր տեղակայումը շարունակելու եւ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու վերաբերեալ իրմէ պահանջուածը կատարելու»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Բանակի հաղորդագրութենէն ժամեր ետք, շրջագծային համաձայնութեան գործադրութեան նկատմամբ պաշտօնական բողոքներու եւ նախագահ Աունի երէկուան կեցուածքի պատճառը Լիբանանի իր պարտաւորութիւնները յարգելուն եւ իսրայէլեան ուժերու համաձայնութեան կէտերը յարգելուն միջեւ գոյութիւն ունեցող մեծ բացն է»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Լիբանան Ուաշինկթընի ճամբով ստացաւ կոշտ, խիստ ոճի եւ լուրջ ուղերձ մը, թէ Ամերիկայի նոր պատերազմ շղթայազերծելուն պարագային Իրանին աջակցելու Հըզպալլայի միջամտութեան եւ Իսրայէլի վրայ յարձակումներ գործելուն գինը սուղ պիտի ըլլայ»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Եթէ Լիբանանը որոշէր գրաւը Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ Իսլամապատի բանակցային ուղիին վրայ դնել, ի՞նչ դիրքի վրայ պիտի ըլլար այս վերջին օրերուն` Հորմուզի նեղուցին շուրջ տեղի ունեցած բուռն բախումին լոյսին տակ»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանեան-իսրայէլեան լոպի մը Ուաշինկթընի մէջ աշխատանք կը տանի խանգարելու նախագահ Աունի այս շաբաթավերջին Անգարա նախատեսուած այցելութիւնը, որովհետեւ իսրայէլեան կառավարութիւնը դժգոհ է Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հետզհետէ աճող մերձեցումէն»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Պէյրութ կրնայ այս շաբաթ ականատես դառնալ արաբական դիւանագիտական այցելութիւններու: Սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանն ու քաթարցի պատուիրակ Մոհամետ Խլէյֆին կրնան Պէյրութ այցելել, մինչ նախագահը այս ամսուան վերջաւորութեան պիտի այցելէ Թուրքիա` շրջանի կացութիւնը քննարկելու համար»:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 12000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.402.000 լ.ո.-ի եւ 2.420.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 24000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.185.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 30000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.157.000 լ.ո.-ի:

Նախորդը

Փութին-Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութենէն Մէկ Օր Ետք. Փութին-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնը Կը Վերահաստատէ Նախագահ Աունի Դիրքորոշումներուն Եւ Ազգային Ընտրանքներուն Նկատմամբ Զօրակցութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.