Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քլոփ Պաշտօնապէս Գերմանիոյ Գլխաւոր Մարզիչ. Կուարտիոլա Մերժեց Իտալիոյ Հաւաքականի Մարզիչ Դառնալու Առաջարկը

July 27, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եուրկըն Քլոփ, որ 2026-ի Մոնտիալէն ետք գլխաւոր թեկնածուն էր փոխարինելու Եուլիան Նակելզմանը իբրեւ Գերմանիոյ ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ, ուրբաթ օր պաշտօնական մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Պեռնտ Նէօնտորֆի եւ փոխնախագահ Հանս-Եոաքիմ Վաթցքէի հետ միասին:

Քլոփ «մեծ պատիւ» նկատեց իր նշանակումը, ան նաեւ ըսաւ, թէ ասիկա պիտի ըլլայ իր մարզիչի ասպարէզի վերջին գործը:

«Եուրկըն Քլոփ այլեւս ասպարէզ չունի ազգային խումբէն ետք: Բնականաբար ասպարէզիս, կեանքիս, գործի կեանքիս գագաթնակէտն է: Պիտի կատարեմ անկարելիս այս պաշտօնին վրայ յաջողելու համար», ըսաւ Քլոփ, որ փոխարինեց Նակելզմանը, որ ճնշումի եւ ծանր քննադատութիւններու ենթարկուելէ ետք իր հրաժարականը ներկայացուցած էր 2026-ի Մոնտիալէն դուրս մնալէ ետք` Փարակուէյի դէմ մրցումին ձախողելէ ետք հասնելու Գ. հանգրուան:

Քլոփի կարծիքով` Նակելզման եւ Անգլիոյ մարզիչ Թոմաս Թուխել արդար ձեւով չէին քննադատուած լրատուամիջոցներուն կողմէ: «Այս գործին գլուխը պիտի անցնիմ, հակառակ անոր որ շատ լաւ գիտեմ, թէ ի՛նչ ձեւով վարուեցաք Նակելզմանի եւ Թուխելի հետ», ըսաւ Քլոփ` առանց յայտնելու ճիշդ հարցը:

«Կ՛ուզեմ բան մը ստեղծել ազգային խումբին մէջ, որպէսզի համակիրները տուն երթալով սկսին տածել, թէ որքա՛ն լաւ բան դիտեցինք: Այդ մէկը կ՛ուզեմ իրականացնել»:

Քլոփ 24 սեպտեմբերին իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Նետերլանտներու ազգային խումբին դէմ, Ազգերու լիկայի գծով, նոյն խմբակին մէջ ունենալով Յունաստանն ու Սերպիան:

Անոր հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ լաւ ձեւով պատրաստուիլ 2028-ի Եուրոյին:

Գերմանիա, որ 2014-ի Մոնտիալի աւարտականէն ետք ոչ մէկ նաք աութի մրցում կրցած է յաղթել Մոնտիալին, իրեն հետ պիտի ունենայ այդ օրերէն հեռու մը` Փեր Մերթեսաքեր: Յետսապահ Մերթեսաքեր պիտի միանայ ազգային խումբի վարչական պաշտօնին յունուարին, 8 տարիներ աշխատելէ ետք Արսենալի ակադեմիային հետ:

Քլոփ պիտի վերամիանայ իր երկու օգնականներուն (Լիվըրփուլի օրերէն)` Փիթըր Քրավիցին եւ Փեփ Լայտերզին: Այս վերջինը Կուարտիոլի օգնականն էր վերջերս Մանչեսթըր Սիթիի հետ: Օգնականի դեր պիտի ստանձնէ նաեւ Գերմանիոյ ազգային խումբի նախկին միջնապահ Ցվեն Պենտեր:

Քլոփի գործակատար Մարք Քոզիքէ իրեն պիտի միանայ վարչական գործերով, բայց Գերմանիոյ ֆետերասիոնին մէջ պաշտօնեայ չէ:

Իտալիա, որ վերջին երեք Մոնտիալներէն բացակայեցաւ, ձախողեցաւ համոզել սպանացի Փեփ Կուարտիոլան:

«Շնորհակալ եմ, ինծի համար ատիկա մեծ պատիւ է, բայց հիմա ես պատրաստ չեմ ատոր: Եթէ որեւէ աշխատանք պիտի ընեմ, պէտք է անոր նուիրուիմ 100 տոկոսով», ըսաւ Կուարտիոլա, որ կ՛ուզէ հանգիստ ընել ընտանիքին հետ:

Կարգ մը աղբիւրներ կը կարծեն, որ Կուարտիոլա պարզապէս պատճառաբանութիւն ընելով մերժած է այդ պաշտօնը, մանաւանդ որ ան 20 միլիոն եւրօ կը պահանջէ, մինչ ազգային խումբեր առաւելագոյնը 10 միլիոն կը վճարեն (տարեկան) գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին:

Փաուլօ Մալտինին, որ վերջերս նշանակուած էր Իտալիոյ ազգային խումբի գլխաւոր վարչական պատասխանատու, թեկնածուներու գլխաւոր անունը Կուարտիոլան նկատի ունեցած էր, ինչպէս նաեւ Պրազիլի այժմու մարզիչ Քարլօ Անչելոթթին եւ Անտրէ Փիրլոն: Անչելոթթին մինչեւ 2030 պայմանագրութիւն ունի, մինչ կարգը եկած է Փերլոյին, որ շատ հաւանաբար քանի մը օրէն պաշտօնապէս գլխաւորէ ազգային խումբը:

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Լըպրոն Ճէյմս Միացաւ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզին

Յաջորդը

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Փոկաչար 5-րդ Անգամ Ըլլալով Կրնայ Շահիլ. Քարափաս Յաղթեց 20-րդ Հանգրուանը

RelatedPosts

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը
Մարզական

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը

October 31, 2026
Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ

October 31, 2026
2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…
Մարզական

2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.