Հայ ֆետայական շարժման առաջին ամէնէն ծաւալուն ձեռնարկը, ինչպէս նաեւ ամէնէն ոգեւորիչ դրուագներէն եղաւ Խանասորի արշաւանքը:
Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ հայերու դէմ հալածանքները սաստկացած էին, իսկ Համիտեան 1895-1896-ի կոտորածները եւ քրտական ցեղերու տեւական ու սանձարձակ յարձակումները յուսալքութեան մատնած էին ժողովուրդը:
Համիտեան համատարած ջարդերու ժամանակ Վանի հայութիւնը, Աւետիսեանի, Մարտիկի եւ Պետոյի գլխաւորութեամբ, 1896 յունիս 3-էն 11 ինքնապաշտպանութեան դիմեց: Անոնք յաջողութեամբ ետ մղեցին թուրքերու բոլոր յարձակումները, բայց յետոյ ընդունեցին բրիտանական հիւպատոսին երաշխաւորութիւնը եւ անզէն ճամբայ ելան դէպի Պարսկաստան: Քրտական Մազրիկ ցեղը սահմանին մօտ պաշարեց վանեցի շուրջ 900 երիտասարդները եւ անխնայ կոտորեց:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Շրջանային ժողովը որոշեց, ժողովուրդի ոգին բարձրացնելու նպատակով, հակահարուած տալ թուրքերուն ձեռքը լծակ դարձած քիւրտ հրոսակներուն:
Նիկոլ Դուման Բիւրոյին առաջարկեց պատժել Մազրիկ ցեղը:
Արշաւանք կազմակերպելու համար անհրաժեշտ էին միջոցներ: Նիկոլ Դուման յաջողեցաւ համոզել Քրիստափորը, ստացաւ Թիֆլիսի ռայոնական ժողովի եւ Թաւրիզի կոմիտէի դրական որոշումները եւ Պաքու մեկնելով ձեռք ձգեց համապատասխան միջոցներ:
Արշաւանքի նպատակայարմարութեան եւ արդիւնաւէտութեան նկատմամբ տարակարծութիւններ կային: Իշխան Յովսէփ Արղութեան, Վարդան, Վազգէն եւ ուրիշներ դէմ էին արշաւանքին:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյին կողմէ Յարութիւն Շահրիկեան Թաւրիզ առաքուեցաւ: Արշաւանք կատարելու գաղափարը հաւանութեան արժանացաւ:
Արշաւախումբը բաղկացած էր 253 ֆետայիէ, որոնց 40 հոգին` հեծեալ: Ընդհանուր հրամանատար նշանակուեցաւ Վարդան, օգնական` իշխան Յովսէփ Արղութեան: Հարիւրապետներ` Փոխիկ եւ Ախպէր, յիսնապետ` Նիկոլ Դուման, հեծելախումբի հրամանատար` Սեւքարեցի Սաքօ: Իւրաքանչիւր յիսնեակ ունէր իր դրօշը, իսկ մայր դրօշակը կը տատանէր յառաջապահ յիսնեակը` Նիկոլ Դումանի հրամանատարութեամբ: Ֆետայիները զինուած էին մոսին հրացաններով եւ մէկ մասն ալ` բերդաններով: Իւրաքանչիւր ֆետայի ունէր 300-էն 400 փամփուշտ, ուտելեք, ջրաման եւ այլ անհրաժեշտ պիտոյքներ:
Ֆետայիները կարդացին եւ ապա երդմնագիր ստորագրեցին: Երդման արարողութենէն ետք ելոյթ ունեցան Վարդան, Նիկոլ Դուման եւ Գրիգոր աւագ քահանայ Տէր Աւագեան ու Յակոբ քահանայ Սառիկեան:
Հայ ֆետայիները Սալմաստի մօտակայ Հաֆթուան գիւղէն ճամբայ ելլելով հատեցին թուրք-պարսկական սահմանը:
Արաուլ լերան արեւելեան լանջերը հասնելէն ետք հրամանատարը եւ անոր օգնականն ու յիսնապետները հեռուէն ուսումնասիրեցին Մազրիկ աշիրէթին բանակատեղին:
Խանասորի դաշտին մէջ սփռուած էին շուրջ 250 այծի մազէ սեւ վրաններ, իսկ երեք սպիտակ մեծ վրաններ ալ կը պատկանէին ցեղապետ Շարաֆ բէկին:
Ֆետայիները յուլիս 25-ի արեւածագէն առաջ շրջապատեցին Խանասորի դաշտը:
Մազրիկցիներու վրայ յարձակումը սկսաւ առաւօտ կանուխ: Ֆետայիներու կանոնաւոր եւ շեշտակի համազարկերէն ետք սկսաւ վրաններուն վրայ գրոհը: Ֆետայիներ անխնայ սուրի քաշեցին տղամարդիկը, բայց խնայեցին կիներն ու երեխաները: Ցեղապետ Շարաֆ բէկ կանացի հագուստով ծպտուած յաջողեցաւ դուրս գալ շրջափակումէ եւ փախուստ տուաւ:
Վրայ հասան շրջակայ քիւրտերը. ֆետայիները, շրջափակման մէջ չյայտնուելու համար սկսան նահանջել, լեռ բարձրանալ ու ամուր դիրքերու վրայ ամրանալ: Վերջին շարքերը կը պաշտպանէր Նիկոլ Դուման:
Խանասորի արշաւանքը աւարտեցաւ կատարեալ յաղթանակով: Մազրիկցիներու վրանաբնակ քոչուոր անասնապահ մեծ ցեղախումբը ցիր ու ցան եղաւ եւ դադրեցաւ իբրեւ աշիրէթական ուժ գոյութիւն ունենալէ:
Ռազմական յաղթանակէն զատ, Խանասորը բարոյական նշանակութիւն ունեցաւ: Հայ շինականը, որ դարերէ ի վեր ինքզինք զոհի կարգավիճակին մէջ կը զգար եւ հաւատք ու յոյս չունէր որ օր մը կրնայ ազատագրուիլ թրքական եւ քրտական կեղեքումներէն, մեծապէս ոգեւորուեցաւ եւ հայրենի հողին, սեփական ինչքին ու պատիւին տէր կանգնելու կամքով, հաւատքով եւ յանդգնութեամբ լեցուեցաւ:
Մազրիկ ցեղի նուաճումով մաքրուեցաւ Սալմաստէն Վան տանող ճանապարհը եւ ֆետայիները, զինակիր խումբերը այնուհետեւ հնարաւորութիւն ունեցան անվտանգ զէնք ու զինամթերք տեղափոխել դէպի Երկիր:
Խանասորի արշաւանքը զգաստացուց քիւրտն ու թուրքը: Քիւրտերը, որոնք ազգային ինքնագիտակցութեան չէին հասած եւ գործիք դարձած էին սուլթանին ձեռքը, սկսան զգուշանալ հայ ֆետայիներուն հետ բախումներէ եւ նոյնիսկ եղան գործակցութեան դէպքեր:
Արշաւանքէն ետք հայութեան ոգեւորութիւնը այնքան մեծ էր, որ Խանասորը Աւարայրի համազօր պայքարի եւ յաղթանակի խորհրդանիշ դարձաւ:



