Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ-Իրան Փոխադարձ Հարուածները Կը Շարունակուին

July 22, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ կնքուած փոխըմբռնումի յուշագիրէն 34 օր եւ պատերազմի սկիզբէն 143 օր ետք, ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ Իրանի դէմ «ճշգրիտ հարուածներ» հասցուցած է` անոր զինուորական կարողութիւնը ջլատելու համար:

Իրանի արեւմտեան Իլամ նահանգի Ապտանան քաղաքի կառավարիչը յայտնեց, որ ամերիկեան հրթիռներ թիրախաւորած են քաղաքէն դուրս գտնուող շրջաններ` առանց մարդկային վնասներ պատճառելու:

Իրանեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, թէ ցամաքէ ցամաք հրթիռներով յարձակում գործած է ամերիկեան բանակի «Հէյմարս» հրթիռային համակարգերու վրայ:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը իր կարգին յայտարարեց, թէ Յորդանանի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանին մէջ քանդած է հակաօդային պաշտպանութեան ռատարային համակարգ մը եւ «Էֆ-15» տիպի հալածիչ մը, իսկ Պահրէյնի մէջ թեւաւոր հրթիռով հարուածած ամերիկեան «Ամազոն» ընկերութեան ենթակառոյցը` հակադարձելով Տարխուին հիւլէական կայանի թիրախաւորման:

Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, թէ Յորդանանի Ռաքպան շրջանին մէջ հաւաքուած ամերիկեան ուժերուն վրայ կեդրոնացած յարձակում գործելով շարք մը ամերիկացի զինուորներ սպաննած է` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար ՓիթՀեկսեթի յայտարարած թիւը իրական թիւէն շատ նուազ է:

Սպիտակ տունէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Էն.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պիտի չարտօնէ, որ Իրանի շղթայազերծած մահաբեր հարուածները անպատիժ մնան, եւ նպատակը իրանցիներուն վրայ կարելի եղածին չափ մեծ ճնշում բանեցնելն է:

Սպիտակ տան մտածելակերպին ծանօթ աղբիւր մըն ալ պատկերասփիւռի կայանին ըսած է, որ հակամարտութեան վերջ տալու փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրութիւնը մեծ հանգստութիւն պատճառեց, եւ անկէ որեւէ ետդարձ կրնայ Միացեալ Նահանգներու մէջ Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններուն վրայ կերդոնացողներուն վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին. «Նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Իրանի դէմ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններուն վերադառնալու որեւէ որոշում զանոնք պիտի դարձնէ աւելի բուռն եւ լայնածաւալ, քան ներկայ յարձակումները»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը աւելցուց. «Միջին Արեւելքի մէջ յաւելեալ պատերազմական օդանաւերու տեղակայումը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերջնական որոշումին սպասող նախապատրաստական քայլերու ծիրին մէջ է»:

Ամերիկացի այլ պաշտօնատար մըն ալ նշեց. «Հաւանական է, որ Իսրայէլ մասնակից դառնայ, եթէ նախագահ Թրամփ որոշէ Իրանի դէմ պատերազմի ծիրը մեծապէս ընդլայնել»:

«Ուաշինկթըն 7 յուլիսէն խուսափեցաւ Թեհրանի մօտ հաստատութիւններ կամ հիւլէական կառոյցներ հարուածելէն, բան մը, որ կրնայ փոխուիլ, եթէ լայնածաւալ գործողութիւններու վերադարձ տեղի ունենայ», ըսաւ ամերիկացի պաշտօնատարը:

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար, ծայրայեղ աջակողմեան «Կրօնական սիոնիզմ» կուսակցութեան ղեկավար Պեցալել Սմոթրիչ յայտնեց, որ Իսրայէլ այս պահուս շահագրգռուած չէ մասնակցելու Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ հակամարտութեան:

Անոր համաձայն, ստեղծուած իրավիճակը ձեռնտու է Իսրայէլին, ուստի ան շահագրգռուած չէ ներքաշուելու հակամարտութեան մէջ:

«Սակայն մենք պատրաստ ենք որեւէ զարգացման», աւելցուց Սմոթրիչ:

Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան` ԱՍԷԱՆ-ի արտաքին գործոց նախարարները յայտարարեցին, թէ չափազանց մտահոգ են Միջին Արեւելքի մէջ արագացող զարգացումներէն, ինչպէս նաեւ մտահոգ են, որ անոնք կրնան ականահարել գլխաւոր միջնորդներու ընթացող ջանքերը:

Անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները մտահոգութիւն յայտնեցին, որ այդ զարգացումները նուազեցնեն երկխօսութեան ու դիւանագիտութեան ճամբով խաղաղ լուծման հասնելու առիթները:

Անոնք կոչ ուղղեցին առաւելագոյն ինքնազսպում ցուցաբերելու եւ խուսափելու արարքներէ, որոնք կացութիւնը կրնան վատթարացնել:

Նախորդը

Պըռնհամ Թրամփին Կը Վստահեցնէ, Որ Լոնտոն Յանձնառու Պիտի Ըլլայ Հորմուզի Նեղուցի Պաշտպանութեան Ու Վերաբացման

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.