Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրախօսական Մարուշ Երամեանի «Իրաւ Ու Սուտ, Սուտ Ու Իրաւ Զրոյցներ» Գիրքին

July 20, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԻ ՆԵՐԵՏԵԱՆ-ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Մարուշ Երամեանի «Իրաւ ու սուտ, սուտ ու իրաւ զրոյցներ» գիրքը լոյս տեսած է Գահիրէ, 2025 թուականին: Անիկա կը պարփակէ կարգ մը հարցազրոյցներ, որոնք լոյս տեսած են Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ: Ասոնց կողքին կան նաեւ այլ հարցազրոյցներ`, այլ առիթներով կատարուած:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս գիրքին նուիրուած Սօսի Ներետեան-Յակոբեանի գրախօսականը (թոռնուհին` Ալ. Սարուխան հռչակաւոր երգիծանկարիչին):

Երեք կիներ` Սրբուհի Տիւսաբ, Զապէլ Ասատուր եւ Զապէլ Եսայեան հրաւիրուած են Մարուշ Երամեանին տունը: Թէպէտ բոլորն ալ ծնած են 19-րդ դարու տարբեր ժամանակներու եւ մահացած 20-րդ դարու առաջին կիսուն, տանտիրուհիին հրամցուցած սուրճի գաւաթներուն շուրջ խմբուած` անոնք տակաւին կը զրուցեն…

Ի՜նչ յստակ կերպով կը տեսնենք անոնց նիստ ու կացը, հագուածքը, կը լսենք անոնց կարծիքներու փոխանակումը, անոնց մերթ զուարթ, մերթ ցասկոտ արտայայտութիւնները, նոյնիսկ կ՛առնենք հրամցուած սուրճին բոյրը:

Ասիկա տեսարան մըն է բանաստեղծուհի-գրագիտուհի Մարուշ Երամեանի «Իրաւ ու սուտ, սուտ ու իրաւ զրոյցներ» հաւաքածոյէն, որ հրատարակուած է 2025-ին, Գահիրէ:

Դիպուկ հարցումներով հետաքրքրական պատասխաններ քաղելը հարցազրոյցի մը ընթացքին կը կարօտի պրպտող մտքի, բաւարար տեղեկութիւններու ենթակային մասին ու մանաւանդ զայն խօսեցնելու կարողութեան: Սակայն, եթէ երեւակայական են հարցազրոյցները` մահացած 12 կիներու, երկու այրերու եւ տակաւին ապրող երեք կին արուեստագէտ-գրագէտներու հետ, ապա այս տեսակ արտասովոր եւ ինքնուրոյն աշխատանքը կը կարօտի տարբեր մակարդակի պրպտումներու:

Մ. Երամեան իր կատարած երեւակայական հարցազրոյցներուն մէջ թէ՛ հարցնողն է, թէ՛ պատասխանողը: Իր հետաքրքրութիւնը շարժող անձին անկողմնակալ կենսագրութիւնը կարդալէ ետք, հեղինակը պէտք էր կարդար եւ ուսումնասիրէր այդ անձին բոլոր աշխատանքները, ըլլան անոնք վէպեր, պատմուածքներ կամ արուեստի գործեր:

Ապա Երամեան պէտք էր գտած ըլլար ու կարդացած` տուեալ գրագէտին մասին թերթերու, պարբերաթերթերու եւ հանդէսներու մէջ հրատարակուած տեղեկութիւնները: Այս բոլոր տուեալներուն ընդմէջէն Մարուշ Երամեան թափանցած է անոր հոգեբանութեան ու նկարագիրին մութ անկիւնները եւ մեծ վարպետութեամբ յայտնաբերած է իւրայատուկ ծալքերը: Իր պատրաստած հարցումներուն ու պատասխաններուն ընդմէջէն ան ներկայացուցած է անձը այնպէս, ինչպէս որ է, առանց քողարկելու կամ զարդարելու զայն:

Երամեան իր տրամաբանութեամբ ու լայն երեւակայութեամբ կրցած է տարբեր ժամանակներու ապրած գրագէտներ իրարու մօտ բերել, խօսեցնել, բանավիճելու մղել եւ անոնց տարբեր կարծիքները յայտնաբերել: Կը լսենք ու կը տեսնենք անոնց քրքիջը, բարկութիւնը, տխրութիւնը, կը թափանցենք անոնց բնաւորութեան կարծր կամ նուրբ անկիւնները, կը զգանք անոնց յուսախաբութիւնն ու յուսահատութիւնը, անկատար տենչերը…

Կարդալով այս շատ հետաքրքրական ու բարձր ոճով գրուած 15 հարցազրոյցները` մեր դիմաց կը կենդանանան ենթականեր, որոնցմէ ոմանք ներողամիտ, հեզահամբոյր ու սիրալիր են, իսկ ուրիշներ` անհամբեր, անհանդուրժող ու արհամարհոտ:

Այս պարզ երեւցող, սակայն իր ետին վիթխարի աշխատանք պարփակող հարցազրոյցներէն քաղուած տեղեկութիւնները պարարտ նիւթեր են քանի մը հաստափոր վէպերու:

Հետաքրքրական է նշել, որ մանաւանդ օտար դէմքերու հետ իր հարցազրոյցներուն ընթացքին Մ. Երամեան անպայմա՛ն կ՛անդրադառնայ հայկական նիւթերու կամ հայութիւնը հետաքրքրող երեւոյթներու:

Հեղինակը «զրուցած» է` ժամանակակից նկարչուհի Անի Քիւրքճեանի, բառարանագիր Յովհաննէս Գայայեանի (1864 Տիգրանակերտ – 1934 Գահիրէ), գրագիտուհի Մաննիկ Պէրպէրեանի (1883 Սկիւտար – 1960 Փարիզ), գրագէտ Գրիգոր Մամուր Ֆաթիմիի (1898 Աղեքսանդրիա – 1965 Հայաստան), ամերիկացի լրագրողուհի Սիւզըն Զոնթակի (1933 Նիւ Եորք – 2004 Նիւ Եորք), ժամանակակից թուրք-անգլիացի գրագիտուհի Էլիֆ Շաֆաքի (1971 Պոլիս), երեք գրագիտուհիներու` Սրբուհի Տիւսաբի (1840 – 1901), Սիպիլի (1863 – 1934) եւ Զապէլ Եսայեանի, նկարչուհի Զապէլ Պոյաճեանի (1872 Տիգրանակերտ – 1957 Անգլիա), ժամանակակից պոլսահայ բանաստեղծուհի ու գրագիտուհի Վերճիհան Զիֆլիօղլուի (1975), յեղափոխական Թամարա Ադամեան-Ներսիսեանի (1862 Թիֆլիս – 1889 Մոսկուա), նկարչուհի ու արուեստագիտուհի Սաթենիկ Թոփալեան-Չաքըրի (1889 Մանչեսթըր – 1982 Գահիրէ), քանդակագործուհի Այծեմնիկ Ուրարտուի ( 1899 Կարս – 1974 Երեւան), իրաքցի ճարտարապետուհի Զահա Հատիտի (1950 Պաղտատ – 2016 Միացեալ Նահանգներ) եւ լուսանկարչուհի-արուեստագիտուհի Իտա Քարի (1908 Տամպով- Ռուսիա – 1974 Հայաստան) հետ: Գիրքին մէջ կան 16 դիմանկարներ եւ մէկ մահարձանի լուսանկար:

Գիրքը 16×23 սանթիմեթր է, 142 էջ եւ տպուած է «Նուպար տիճիթըլ» տպարանին մէջ, Գահիրէ, Եգիպտոս:

«Սուտ ու իրաւ, իրաւ ու սուտ զրոյցներ» վերնագիրը ինքնին շատ յաջող ընտրութիւն մըն է իրական տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած երեւակայական զրոյցներու հաւաքածոյին, ուր ընթերցողը պատմական իրականութիւններու վրայ հիմնուած անցեալի կեանքէն խճանկարներ կ՛ըմբոշխնէ:

Ապրիլ, 2026

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( Յուլիս 18 2026)

Յաջորդը

Արցախցի Անգին Տատիկը 102 Տարեկան Է. Մէկ Դարէ Աւելի` Հայրենիքի Կարօտով…

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.